Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին լրագրողներուն հետ զրոյցը Ռումանիայէն դէպի Հռոմ ճանապարհորդութեան ընթացքին։

«Ի սրտէ մաղթանք որ Եւրոպան դարձեալ ըլլայ իր հիմնադիր հայրերու երազը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 2 Յունիս 2019-ի երեկոյեան վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ռումանիա կատարած երրօրեայ առաքելական այցելութիւնը եւ սովորութեան համաձայն Ռումանիայէն Հռոմ փոխադրող թռիչքի ընթացքին, Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ ու զրուցեց իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ անոնց հետ պատասխանելով նաեւ իրեն ուղղուած մի քանի հարցումներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային 53-րդ օր

Նախ քան հարցումներուն պատասխանելը Սրբազան Քահանայապետը յիշեց թէ 2 յունիսին կը նշուի ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային 53-րդ օրը ըսելով «Այս օրը մեզ կը մղէ մտածելու ձեզի. կ՛աշխատիք լրագրութեան աշխարհին մէջ, դուք լրագրութեան գործիչներ էք եւ էք ու պէտք էք ըլլալ հաղորդակցութեան վկաները։ Այսօր հաղորդակցութիւնը ընդհանրապէս ետ քայլի մէջ է, կը կատարէ մինչ յառաջ կը մղուի «շփումը», կապեր հաստատելը, չկարենալով հաղորդել։ Դուք հաղորդութեան վկայութեան կոչումը ունիք, պէտք էք կապեր հաստատել, սակայն պէտք էք  նաեւ հաղորդել։ «Նուազեցուցէք շփումներն ու կապերը եւ աճեցուցէք հաղորդակցութիւնը» թելադրեց Սրբազան Քահանայապետը։ 

Գաղթականութիւնը տխուր երեւոյթ

Պատասխանելով առաջին հարցումի մը՝ հայող գաղթականութեան երեւոյթին ու յատկապէս այն ընտանիքներուն որոնք աշխատանքի փնտռտուքի պատճառաւ արտերկիր կը ճամբորդեն, տունը թողելով իրենց զաւակները, Սրբազան Հայրը  նշեց թէ այդ մէկը տխուր երեւոյթ է, որ արդիւնքն է համաշխարհային քաղաքականութեան մը, որ մեծապէս կ՛ազդէ տնտեսական համակարգին վրայ որուն բերումով շատ մը գործառնութիւններ կը փակեն իրենց գործարաններուն դռները այլուր փոխադրելու համար զանոնք՝  աւելի մեծ շահեր ձեռք բերելու նպատակով. Այս մէկը սակայն զօրակցութեան հոգիի պակաս է, համաշխարհային անարդարութիւն է որ կը յառաջացնէ տառապանք։ «Անարդարութիւն է որ երիտասարդները աշխատանքէ զուրկ ըլլան, եւ ասոր համար կը մաղթեմ որ այս հարցը լուծում գտնէ, որուն համար հարկաւոր է համաշխարհային զօրակցութիւն», հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։ 

 «Երկարած ձեռքի» յարաբերութիւնը

Անդրադառնալով զանազան կրօններու ու յատկապէս կաթողիկէ-օրթոտոքս միջ յարաբերութիւններու մասին ուղղուած հարցումին, Սրբազան Հայրը նշեց թէ բարի յարաբերութիւններ ունենալու համար հարկաւոր է «երկարած ձեռքի» յարաբերութիւնը, յատկապէս այնտեղ ուր հակամարտութիւններ կան։ Ու մատնանշելով Ռումանիային հաստատեց թէ զանազան ցեղերը, կրօնական դաւանանքները, պէտք է ձգտին այդ յարաբերութեան։ Հուսկ յատուկէն ակնարկեց Ռումանիայի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք Դանիէլին հետ հանդիպումին ու այս ծիրէն ներս շեշտեց «միասին քալելու» կարեւորութիւնը, մինչ համամիութենական ընթացքի ծիրէն ներս յիշեց վկայութեան՝ արեան համամիութիւնը, ինչպէս նաեւ աղքատներուն, հիւանդներուն, ու անկարներուն ի նպաստ միասին գործելու համամիութիւնը։ «Համամիութիւնը կը կատարուի միասին՝ սիրոյ ներգործութիւններով, միութեան եւ եղբայրութեան մէջ ու իրարու ձեռք երկարելով» յարեց Սրբազան Պապը որ ապա մատնանշեց ճամբորդութեան առաջին օրուան, երբ Դանիէլ Պատրիարքին հետ միատեղ սակայն ոչ միասին՝ աղօթեցին «Հայր մերը»,  այս ուղղութեամբ դիտել տալով որ շատ անգամ մարդիկը՝ հաւատացեալները աւելի անդին կը մղուին իրենց Հոգեւոր Ղեկավարներէն, որոնք յաճախ ստիպուած են դիմել հաւասարակշռութեան դիւանագիտութեան, որպէսզի կարողանան միասին քալել։

«Ձեզի կ՛ուզեմ գաղտնիք մը փոխանցել, երբ միատեղ կ՛աղօթէինք Դանիէլ Պատրիարքին հետ, ես լռութեան մէջ չի մնացի,  սրտիս մէջ ես ալ Հայր մերը աղօթեցի իտալերէն լեզուով ու անդրադարձայ  որ հաւատացեալներն ալ նոյնը կ՛ընէին Ռումաներէն ու Լատիներէն լեզուներով։ Ես աղօթեցի բոլորիս համար ու վստահ եմ որ Դանիէլ պատրիարքն ալ նոյնը ըրաւ»։

Իտալական ներքին քաղաքականութեան հարցը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը ապա Իտալական ներքին քաղաքականութեան մասին Իտալացի մէկ լրագրողուհիի հարցումին պատասխանելով  նշեց թէ ինք մինչեւ օրս ունկնդրութիւն տուած է միայն Վարչապետ Քոնդէին, «որ խելացի ու պատրաստուած անձ մըն է» ըսաւ Սրբազան Պապը, ընդգծելով որ Սալվինի փոխ վարչապետէն ոչ մէկ հանդիպումի խնդրանք ներկայացուած է իրեն։ Քահանայապետը ապա խոստովանեցաւ թէ ինք ներքին քաղաքականութեամբ չի զբաղիր  եւ ասոր համար չի կրնար իր գաղափարը արտայայտել անոր մասին։

«Ես, ըսաւ Սրբազան Պապը, կ՛աղօթեմ բոլորին համար, որպէսզի Իտալիան յառաջ ընթանայ ու իտալացիները միանան իրարու, որովհետեւ ես ալ իտալացի եմ ծագումով»։

Քաղաքական մարդը պէտք է յոյս սերմանէ 

Քահանայապետը ապա ուզեց անկախ իտալական քաղաքականութենէն զգուշացնել «կաշառակերութեան» երեւոյթէն, հրաւէր ուղղելով օգնել քաղաքական գործիչներուն խուսափելու անազնիւ ու կաշառակեր քաղաքականութիւնէն ու յատկապէս խուսափելու ատելութիւն եւ վախ սերմանելէ։ « Քաղաքական մարդը պէտք է յոյս սերմանէ ու առաջնորդէ երկիրը ոչ թէ վախեր յարուցէ անոր մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Տարեցներուն երազը ու երիտասարդներու մարգարէութիւնը

Իսկ՝ երիտասարդներու ու տարեցներու միջեւ յարաբերութեան մասին ուղղուած հարցումին պատասխանելով Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց իր ու Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեան, հաստատելով որ իրենց միջեւ հանդիպումները կը շարունակուին ու թէ ինք ամէն անգամ որ զրոյց կ՛ունենայ վաստակաւոր Քահանայապետին հետ ուժ կը քաղէ, որովհետեւ կը զգայ արմատներու հիւթը, կը զգայ Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը, որովհետեւ աւանդութիւնը նման է արմատներուն, որ հիւթ կու տայ աճելու համար, ծաղկելու  համար ու պտղաբերելու համար՝ այնպիսի պտուղներ եւ սերմեր, որոնք իրենց կարգին արմատներ կը դառնան ուրիշներուն։

«Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը միշտ շարժումի մէջ է» ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը  մէջբերելով Կիւսթաւ Մահլէրի խօսքը. «աւանդութիւնը՝ մոխիրներու պահապան չէ, այլ  ապագայի երաշխիք է» ։ Աւանդութիւնը  թանգարան չէ։ Ան արմատն է որ կ՛երաշխաւորէ ծառին աճը, անոր պտղաբերութիւնը։ Արդարեւ այն ինչ որ կը ծաղկի ծառի մը վրայ յառաջ կու գայ գետնի տակ թաղուած բաներէն։

Քահանայապետը հուսկ ակնարկեց տատիկներու ու մամիկներու իրենց թոռնիկներուն հետ ունեցած յարաբերութեան։ Երբ տատիկներն ու պապիկները իմանան թէ ունին անձինք, թոռնիկներ, որոնք յառաջ պիտի տանին իրենց պատմութիւնը կը սկսին երազել, երազել ապագան ու երիտասարդները քաջալերուած այդ երազներէն կը կարողանան մարգարէանալ ու կերտել պատմութիւնը։

Աղօթել Եւրոպային համար

Վերջին հարցումը Եւրոպայի իրականութեան հայող հարցում մըն էր, որուն ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց թէ Եւրոպան պէտք է վերադառնայ իր  հիմնադիր հայրերու երազին։ Պէտք է ըլլայ Մայր՝ ոչ թէ պառաւ։ Ան պէտք է մնայ միացած, հակառակ որ ամէն մէկ երկիր ունի իր իւրայատուկ ինքնութիւնը զոր պէտք պահպանէ, սակայն Եւրոպան պէտք է վերագտնէ ինքզինք ու յաղթահարէ սահմաններու բաժանումները։ Պատմութենէն դաս քաղենք ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու խնդրեց նաեւ աղօթել Եւրոպայի համար, որպէսզի  Տէրը անոր պարգեւէ իր շնորհքները։

«Ի սրտէ մաղթանք՝ իղձ, որպէսզի Եւրոպան դարձեալ ըլլայ իր հիմնադիր հայրերուն երազը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2019, 08:15