Որոնել

Գերապայծառ Լէոն Քալենկա Պատիքեպելէի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը Գերապայծառ Լէոն Քալենկա Պատիքեպելէի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը 

Գերապայծառ Լէոն Քալենկա Պատիքեպելէի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը Վատիկանի մէջ։

Հովիւը հրաժեշտ կ՛առնէ նաեւ այլ վկայութեամբ մը որովհետեւ ան վարժ է չի կաշկանդուիլ այս աշխարհի բարիքներուն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 15 Յունիսի առաւօտեան ժամը 7.30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց՝ Արժանթինի մօտ Պապական Նուիրակ՝ անցեալ 12 Յունիսին անակնկալ հիւանդութեան մը պատճառաւ մահացած  Գերապայծառ Լէոն Քալենկա Պատիքեպելէի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Քահանայապետական ներկայացուցիչները, որոնք այս օրերուն Վատիկանի մէջ  մասնակցեցան Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ գումարուած մէկ վեհաժողովին։

Ունկնդրէ լուրը

Արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշելով որ սոյն արարողութիւնը հրաժեշտի արարողութիւն է, որով ցտեսութիւն կ՛ըսենք մեր եղբօր, մատնանշեց որ Սուրբ Գիրգին մէջ նշուած է «արդարներու հոգին Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ է», հաստատելով որ «Աստուծոյ ձեռքերը ամենագեղեցիկ ձեռքերն են, որոնք լի են սիրով» ու «մենք մեր եղբայրը կը յանձնենք Աստուծոյ այդ ձեռքերուն» յարեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով որ այս հրաժեշտը հրաժեշտն է նաեւ Հովիւին որ կը հեռանայ իր ժողովուրդէն։ Ան հրաժեշտ կ՛առնէ իր սեփական վկայութեամբ. «Դուք գիտէք ինչպէս ապրեցայ. Այս է իմ կեանքս. Դուք դատեցէք» կ՛ըսէ ան իր հօտին ցոյց տալով որ իր կեանքը եղաւ Աստուծոյ կամքին հնազանդութեամբ կեանք մը։

Հովիւը հրաժեշտ կ՛առնէ նաեւ այլ վկայութեամբ մը որովհետեւ ան վարժ է չի կաշկանդուիլ այս աշխարհի բարիքներուն ապա չի մեկնած իրենիններուն կը թելադրէ արթուն մնալ ու հսկել որովհետեւ մի գուցէ իր երթէն ետք գայլեր գան յափշտակելու ոչխարները։ Ան ապա բոլորը կը յանձնէ Աստուծոյ ինչպէս  ըրած էր Սուրբ Պօղոսը Միլետոնի մէջ։

Խորհրդածենք  այս բոլորի մասին ու մտածենք թէ մի գուցէ մեր եղբայրը Լէոնը մեզի ու իր ժողովուրդին պիտի ըսէ «Ձեզ կը յանձնեմ Աստուծոյ»։

Այս հրաժեշտը ժամանակաւոր է. Յիսուս եւս ըսած էր «կ՛երթամ ձեզի տեղ պատրաստելու» այսինքն կ՛երթամ այնտեղ ուր կը փափաքիմ որ բոլորդ օր մը համախմբուիք – ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ։  

«Նորընծայութեան շրջանին մեզի կ՛ըսէին որ կեանքը ճանապարհն է մեռնիլ սորվելու համար» աւելցուց Քահանայապետը, «բայց ինծի աւելի հաճելի է ըսել որ «կեանքը մեզի կը սորվեցնէ հրաժեշտ առնել» ու նայիլ թէ ինչպէս հրաժեշտ կ՛առնեն հովիւները, Յիսուսի, Սուրբ Պօղոսի ու Լէոնի պէս շատերուն նման։ Մի գուցէ մենք եւս պէտք է սորվինք հրաժեշտ առնել. Փոքր  հրաժեշտներ, առաքելավայրի փոփոխութենէն մինչեւ վերջին հրաժեշտը։ «Թող որ Տէրը մեզի բոլորիս շնորհէ այս շնորհքը. Սորվիլ հրաժեշտ առնել որ Տիրոջ շնորհքն է» ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2019, 08:42