Որոնել

Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Սուրբ Պետրոս եւ Ս Պօղոս առաքելապետերու տօնին Մարեմեան Աղօթքը։

Ս. Պետրոս ու Ս. Պօղոս՝ հաւատքի մէջ այդ եղբայրները մեզ կը հրաւիրեն վերագտնելու Եկեղեցւոյ մէջ եղբայրներ եւ քոյրեր ըլլալու ուրախութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 29 Յունիս 2019-ին, Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալներու տօնին առթիւ,  Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ գլխաւորելէ ետք տօնին նուիրուած սուրբ պատարագը, Սրբազան Պապը, ժամը 12ին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը, աղօթքէն առաջ  ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացնելով օրուան աւետարանական ընթերցումին վրայ, ուր Յիսուս Սուրբ Պետրոսի կ՛ըսէ «դու ես վէմ եւ այդ վէմին վրայ պիտի կառուցեմ եկեղեցիս» (Մատթ 16, 18)։

Ունկնդրէ լուրը

«Այդ առաջին անգամն է որ Յիսուս կը գործածէ Եկեղեցի բառը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով որ Յիսուս չի խօսիր արտաքին իրողութեան մը մասին այլ կ՛արտայայտէ այն մեծ սէրը որ ունի եկեղեցւոյ նկատմամբ, զայն կոչելով «Իմ եկեղեցիս»։

Սուրբ Պօղոս կը գրէ «Քրիստոս սիրեց Եկեղեցին ու իր կեանքը տուաւ անոր համար։ Ան արդարեւ քնքշութեամբ կը նայի իր եկեղեցւոյ, ու զայն կը սիրէ ամենայն հաւատարմութեամբ, մեր սխալներուն եւ դաւաճանութիւններուն հանդերձ։

Խճանկարներու մէջ Պետրոսն ու Պօղոսը յաճախ կը ներկայացուին զիրար ողջագուրած. Անոնք իրարմէ տարբեր անձեր էին, մէկը ձկնորս, միւսը փարիսեցի։ Կեանքի տարբեր փորձառութիւններոը, ու անոնց միջեւ նաեւ չի պակսեցան տարբեր տեսութիւնները ու գաղափարներու անկեղծ փոխանակում, սակայն զանոնք միացնողը շատ աւելի մեծ էր քան որեւէ տարբերութիւն՝ Յիսուս, որ Տէրն է երկուքին, ու անոնք միասին «Տէր իմ» կ՛ըսէին Անոր որ կ՛ըսէր «Իմ եկեղեցիս»։

Հաւատքի մէջ այդ եղբայրները մեզ կը հրաւիրեն վերագտնելու Եկեղեցւոյ մէջ եղբայրներ եւ քոյրեր ըլլալու ուրախութիւնը։ Այս տօնակատարութեան առթիւ որ կը միացնէ իրարմէ տարբեր երկու առաքեալները,  գեղեցիկ երեւոյթ պիտի ըլլար ըսել. «Շնորհակալ ենք Տէր ինձմէ  տարբեր անձին համար, ան պարգեւ մըն է  իմ եկեղեցւոյս» յորդորեց Սրբազան Պապը ու ակնարկեց Աւետարանական հատուածի աւարտին ուր Յիսուս Պետրոսին կ՛ըսէ «արածէ իմ ոչխարներս»։

Յիսուս կ՛ըսէ իմ ոչխարներս., ան կը խօսի մեր մասին։ Ահա սէրը որ կը կառուցէ եկեղեցին։ Առաքեալներու բարեխօսութեամբ հայցենք շնորհքը սիրելու մեր եկեղեցին։ Հայցենք աչքեր՝ որ գիտնան տեսնել անոր մէջ եղբայրներ եւ քոյրեր, սիրտ մը՝ որ կարող ըլլայ հիւրընկալելու ուրիշները այն նոյն քնքուշ սիրով զոր Յիսուս ունի մեզի հանդէպ ու հայցենք նաեւ ուժը աղօթելու անոնց համար որոնք մեզմէ տարբեր կը մտածեն։  Աղօթել եւ սիրել, ոչ չէ չարախօսել ուրիշներու ետեւէն։ Սուրբ Կոյսը որ առաքեալներու միջեւ հաշտութիւն կը սերմանէր ու կ՛աղօթէր անոնց հետ մեզ բոլորս պահպանէ որպէս Եկեղեցւոյ մէջ եղբայրներ ու քոյրեր։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, Հռոմէացիներուն մաղթելով ամէն բարիք ու հրաւիրելով զանոնք քաղաքացիական հոգիով արձագանգելու ընկրեային հարցերուն։  

Նորին Սրբութիւնը ապա ողջոյնի խօսք ուղղեց Կ Պոլսոյ պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամներուն ու շնորհաւորեց Մետրոպոլիտ Արքեպիսկոպոսները որոնք առաւօտեան ընդունեցան Պալիումը, հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք գործակցեցան հրապարակի զարդարանքով։

Ողջունելէ ետք տարբեր երկիներէ ժամանած ուխտաւորները Ֆրանչիսկոս Պապ  բոլորին մաղթեց բարի տօն ու խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար՝ բարեխօսութեամբն Սուրբ Պետրոսի եւ Ս Պօղոսի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2019, 12:30