Որոնել

Ռումանիա ճամբորդութեան նախօրեակին Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը Ռումանիացիներուն։

Ուրբաթ օր Ֆրանչիսկոս Պապ երեք օր տեւող առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Ռումանիա

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 31 մայիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Ռումանիա ու սովորութեան համաձայն ճամբորդութեան նախօրեակին ան պատգամ մը յղեց Ռումանիայի բնակչութեան որուն մէջ ըսաւ.

Ունկնդրէ լուրը

Ռումանիայի սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, քիչ օրեր կը պակսին այն ճամբորդութեան որ զիս պիտի առաջնորդէ ձեր մօտ. Այս մտածումը ինծի մեծ ուրախութիւն կու տայ եւ կ՛ուզեմ այժմէն իսկ իմ ամենաբարի ողջոյնս ուղղել ձեզի բոլորիդ։

Կու գամ Ռումանիա ՝ գեղեցիկ եւ հիւրընկալ երկիր մը, որպէս ուխտաւոր ու եղբայր մը. Եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նախագահին եւ երկրի իշխանութիւններուն իրենց հրաւէրին եւ լիարժէք  համագործակցութեան համար։

Արդէն կը համտեսեմ ուրախութիւնը հանդիպելու Ռումանիոյ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պատրիարքին  ու մնայուն սիւնհոդոսին ինչպէս նաեւ կաթողիկէ հաւատացեալներուն ու Հովիւներուն հետ։

Հաւատքի կապերը որ մեզ կը միացնեն ծագում ունին առաքեալներուն օրերէն. Յատկապէս կապը որ կը միացներ Պետրոսը Անդրէասին, որ աւանդութեան համաձայն հաւատքը տարածեց ձեր հողերուն վրայ։

Արեան եղբայրներ, այդպէս ալ եղան իրենց արիւնը դափելով Տիրոջ համար. Ձեր միջեւ ալ կան բազմաթիւ մարտիրոսներ, նոյնիսկ վերջին ժամանակներուն, ինչպէս Յոյն Կաթողիկէ եօթը եպիսկոպոսները, զոր ուրախութիւնը պիտի ունենամ Երանելի հռչակելու։

Այն բանը որուն համար տառապեցան մինչեւ կեանքի նուիրում՝ անմոռանալի  թանկարժէք ժառանգութիւն մըն է եւ է նաեւ միասնական ժառանգութիւն՝ որ մեզ կը կոչէ հեռու չի մնալու այն եղբօրմէ որ զայն կը բաժնեկցի։

Ձեր մօտ կու գամ միասին քալելու համար։ Միասին կը քալենք երբ կը սորվինք պահպանել մեր արմատներն ու ընտանիքը, երբ հոգ կը տանինք մեր զաւակներուն ու մեր մօտ գտնուող եղբօր ապագային, երբ կը շրջանցենք վախն ու կասկածները, երբ վար կ՛առնենք պատնէշները որոնք մեզ կը բաժնեն միւսներէն։

Գիտեմ թէ շատեր խորապէս կը պատրաստուին այցելութեանս համար եւ շնորհակալ եմ ի սրտէ. Ձեզի բոլորիդ կ՛ապահովեցնեմ մօտիկութիւն աղօթքի մէջ ու կը շնորհեմ Օրհնութիւնս։ Եւ կը խնդրեմ բարեհաճեցէք աղօթել ինծի համար։ Ցտեսութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2019, 21:00