Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 2 մայիսին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շնորհաւորական հեռագիր յղեց Ճափոնի Նարհուիթօ նոր կայսրին :
Շնորհաւորական գիրին մէջ Քահանայապետը շնորհաւորած է Նարուհիթօ կայսրը , Ճափոնի կայսրին գահին բարձրանալու առիթով: Ան ապա իր աղօթքը ապահովեցուցած է, որպէսզի նոր կայսրը իմաստութեան եւ զօրութեան պարգեւներով կարենայ նուիրուածութեամբ ծառայել իր ազգին ու ժողովուրդին :
ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական գիրի աւարտին Աստուածային օրհնութիւնները հայցած է կայսերական ընտանիքին բոլոր անդամներուն եւ Ճափոնի համայն ժողովուրդին: