Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին ընդունեց «Քրիստոնեայ դպրոցներու եղբայրներ» միաբանութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապին ընդունեց «Քրիստոնեայ դպրոցներու եղբայրներ» միաբանութեան անդամները 

Ֆրանչիսկոս Պապին «Քրիստոնեայ դպրոցներու եղբայրներ» միաբանութեան անդամներուն ուղղած ճառը։

Սիրելի Սուրբ Ժան Պաբթիսթի հոգեւոր զաւակներ կը խրախուսեմ ձեզ օրինակ առնելու անոր՝ յետիններուն ու բացառուածներուն նկատմամբ ունեցած գորովէն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 16 մայիս 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթին ու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ Հռոմ ժամանած   Արժանթինի Եպիսկոպոսներու  խումբ մը ընդունելէ ետք, ժամը 12-ին, առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց  «Քրիստոնեայ դպրոցներու եղբայրներ» միաբանութեան 300 անդամներուն՝ անոնց հիմնադիր Սուրբ  Ժան Պաբթիսթ Տը Լա Սալի մահուան 3-րդ հարիւրամեակին առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Նշենք թէ Սուրբ  Ժան Պաբթիսթ Տը Լա Սալը եղած է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութեան աշխարհական առաջին միաբանութեան հիմնադիրը ու սատարած է Ֆրանսայի մէջ դաստիարակչական գործելակերպի ձեւաւորման ներդրումներ կատարելով մանկավարժութեան ասպարէզէն ներս։

Ողջունելով ներկաները Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ միաբանութեան հիմնադիրի այս կարեւոր տարեդարձը առիթ է աւելիով ցոլացնելու անոր դաստիարակչական մարզէն ներս, ռահվիրայի դիմագիծը, որ եղաւ «ստեղծագործ ու հանճարեղ նորարար մը՝ դպրոցի տեսլականի, ուսուցիչի հայեցակարգի ու դասաւանդման մեթոտներու ծիրէն ներս» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, հաստատելով որ անոր դպրոցի տեսլականը զինք մղեց միշտ աւելիով  հասունցնելու այն համոզումը թէ՝ կրթութիւնը բոլորին վերապահուած իրաւունք է ու նաեւ աղքատներու իրաւունք։ Ասոր համար Ան չի զլացաւ իր ընտանեկան հարստութենէն հրաժարիլ եւ ինքզինք ամբողջութեամբ նուիրել ընկերութեան յետին դասակարգի կրթութեան։

Ֆրանչիկսոս Պապ նշեց ապա թէ «Ան ծնունդ տուաւ աշխարհականներէ կազմուած հասարակութեան մը, յառաջ տանելու համար իր իտէալները, այն համոզումով որ «Եկեղեցին չի կարող անջատուած ապրիլ ժամանակներու ընկերային հակազդեցութիւններուն դիմաց»։ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա  Սուրբ Ժան Պաբթիսթ Տը լա Սալի ուսուցիչի հայեցակարգի տեսութեան, որով ան համոզուած էր որ դպրոցը լուրջ իրականութիւն մըն է, ու կարիքն ունի կազմաւորուած անհատներու, եւ ասկէ մեկնելով հասկցաւ թէ դաստիարակութիւնը պարզապէս աշխատանք չէր կրնար համարուիլ միայն, այլ նաեւ առաքելութիւն։ Ան իր բոլոր ջանքերն ու ուժերը դրաւ ի սպաս ուսուցիչներու պատշաճ կազմաւորումին, ինք անձամբ դառնալով անոնց տիպարը, ցոյց տալով թէ մատուցուած ծառայութիւնը ըլլալու էր՝ ըլլայ եկեղեցական, ըլլայ ընկերային։

Դպրոցական ասպարէզէն ներս իր ժամանակաշրջանի իրականութեան շօշափելի պատասխաններ մատուցելու միտումով, Ժան Պաբթիսթ Տը լա Սալը, զարկ տուաւ ուսուցումի մեթոտներու բարեփոխումներու, որոնց շարքին Լատին լեզուի տեղ օգտագործել Ֆրանսերէնը, աշակերտները բաժնել ուսուցման հաւասար ունակութիւն ունեցող խումբերու, գիւղերու ուսուցիչներուն համար կազմակերպել ուսումնաժողովներ, տարեցներուն, ինչպէս նաեւ բանտարկեալ կամ անբախտ երիտասարդներուն վերապահուած  կիրակնօրեայ դպրոցներ բանալ…։

Անոր երազն էր բոլորին բաց դպրոց մը, եւ ասոր համար սկիզբ տուաւ ուղղիչ մանկավարժութեան մը երիտասարդներուն թոյլ տալով ուղղել իրենց համոզումները ու կեանքի ընթացքը։

«Սիրելի Սուրբ Ժան Պաբթիսթի հոգեւոր զաւակներ, կը խրախուսեմ ձեզ խորացնելու ու օրինակ առնելու անոր՝ յետիններուն ու բացառուածներուն նկատմամբ ունեցած գորովէն, ու անոր առաքելական վկայութեան հետքերուն վրայ դառնալու՝ «յարութեան մշակոյթի» մը վկաները, յատկապէս այնտեղ ուր ընդհանրապէս կը տիրէ մահուան մշակոյթը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, մաղթելով որ սուրբ հիմնադիրին սլացքը այսօր եւս շարունակէ ըլլալ նոր ծրագիրներու սնունդ։

Սրբազան Պապը նշեց ապա թէ Սուրբ Ժան Պաբթիսթ Տը լա Սալին տիպարը պարգեւ մըն է Եկեղեցւոյ համար ու հրաւիրեց ներկաները իրենց հայեացքը ուղղելու Քրիստոսին՝ աստուածային վարդապետին, ու աւելի մեծ վեհանձնութեամբ գործելու ի նպաստ նոր աւետարանութեան ծառայութեան։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը մաղթեց որ անոնք իրենց առաքելութիւնը կատարեն նոր սերունդներուն միջեւ իրենց հիմնադիրի նորարար հոգիով, բոլորին հռչակելով յոյսի եւ սիրոյ Աւետարանը։

«Թող որ Սուրբ Կոյսը թիկունք կանգնի ձեզի ու ձեզի համար ընդունի առաքելական առատ պտուղներ» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը բոլորին ապահովեցնելով իր աղօթքները ու անոնց  շնորհելով իր օրհնութիւնը։

«Կը խնդրեմ ապա մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտելով իր ճառը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2019, 12:30