Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Պուլկարիա:

Սովորութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը թռիչքի ընթացքին ուզեց յատուկէն ողջունել իր հետ ճամբորդող լրագրողները
Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Պուլկարիա:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 5 մայիս 2019-ին ժամը 9.50ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Պուլկարիայի մայրաքաղաք Սոֆիայի միջազգային օդակայան ուր Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեցին Պուլկարիոյ Վարչապետը ու քաղաքական ու եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։ Օդակայանի մէջ կայացած Փրոթոքոլաին ընդունելութեան արարողութենէն եւ Վարչապետին հետ ունեցած հակիրճ հանդիպումէն ետք Սրբազան Քահանայապետը կը փոխադրուի փոխադրուեցաւ  Սոֆիայի նախագահական Պալատ։

Նշենք թէ սովորութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը թռիչքի ընթացքին ուզեց յատուկէն ողջունել իր հետ ճամբորդող լրագրողները շնորհակալութիւն յայտներով անոնց իրենց ծանր աշխատանքին համար։ Այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց Աուրա Միկել Փորթուկալացի լրագրողուհիին որ այսօր 100-րդ անգամուան համար բարձրացած էր  Քահանայապետական օդանաւ։

Հակիրճ խօսքէն ետք Նորին Սրբութիւնը մէկիկ մէկիկ ողջունեց լրագրողները որոնք Քահանայապետին ընծայեցին տարբեր նուէրներ որոնց շարքին «անտուն Պուլկարացիներու ոտնագունդի ազգային խումբի» մարզական շապիկը, որուն վրայ գրուած էր «Team of hope Bulgaria. 3. Francesco»։ Նուէրներու շարքին կար նաեւ Չինաստանի մասին գրքոյկ մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2019, 09:00