Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Հռոմի Սան Ճուլիօ ժողովրդապետութեան։ Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Հռոմի Սան Ճուլիօ ժողովրդապետութեան։  

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Հռոմի Սան Ճուլիօ ժողովրդապետութեան։

Ժողովրդապետութեան զանազան խումբերու հետ ունեցած հանդիպումներու աւարտին, Նորին Սրբութիւնը նախագահեz նաեւ եկեղեցւոյ խորանի վերաօծման արարողութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 7 ապրիլի կէսօրէն լտք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  հովուական այցելութիւն կատարեց Հռոմի Սան Ճուլիօ Ժողովրդավարութեան, որ հանդիսացաւ Նորին Սրբութեան Հռոմի Թեմէն ներս այցելած 19-րդ ժողովրդապետութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Այցելութեան վայր ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը  նախ ողջունեց ժողովրդապետութեան  կից գտնուող «Չիթթա Տի Ռոմա» հիւանդանոցի մի քանի հիւանդները, որոնք հիւանդանոցի մուտքին կանգնած կը սապէսին անոր ժամանումը, հուսկ Ժողովրդապետութեան մուտքին դիմաւորուեցաւ Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսի կողմէ ու ժողովրդապետութեան Հովիւ՝ Հայր Տարիօ Ֆրաթթինիի կողմէ։

Այցելութեան  ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպումներ ունեցաւ հիւանդներուն, նորապսակներուն, երիտասարդներուն, կրօնուսոյցներուն ու քրիստոնէականի դասընթացքներու մասնակցող մանուկներուն ու ընտանիքներուն, ապա Քարիթասի կամաւորներուն ու աղքատներուն հետ։

Քահանայապետը հանդիպեցաւ նաեւ անոնց հետ որոնք վերջին երկու տարիներուն, «շարժուն մսուր» մը իրականացուցին, որուն եկամուտը տրամադրեցին եկեղեցւոյն վերաշինութեան աշխատանքներուն։ Անոնց հետ զրուցելով Քահանայապետը յիշեցուց թէ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը իր առաքելութիւնը կը կատարէր «Սուրբ Ծննդեան» մսուրով եւս, ու քաջալերեց ներկաները յարատեւելու իրենց այդ գործունէութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ ապա նորապսակներուն հետ, անոնց թելադրելով ամուսնական կեանքի յաջողութեան համար յիշել միշտ երեք բառեր «կարելի՞ է, ներողութիւն, եւ շնորհակալութիւն», հուսկ օրը երբեք չ՛աւարտել առանց հաշտութեան։

Քարիթասի կամաւորներուն ու հիւրերուն հետ հանդիպման ընթացքին, Սրբազան Հայրը նշեց թէ ժողովրդապետութեան մը առողջ կեանքի չափանիշը ի յայտ կու գայ աղօթքէն ու եղբայրսիրական գործունէութիւնէն, «եղբայրսիրութիւն մը որ կը կատարուի սիրով եւ ոչ թէ շատախօսութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ որ ապա հիւանդներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին խրախուսեց զանոնք միշտ ի միտ ունենալու Յիսուսը ու զայն ընտրելու որպէս ամէն ինչի կեդրոն։ «Առանց Յիսուսին ոչ մէկ բան արժէք ունի» ըսաւ Քահանայապետը որ ապա հանդիպում ունեցաւ ժողովրդապետութեան երիտասարդներուն հետ, պատասխանելով անոնցմէ ոմանց իրեն ուղղած հարցումներուն։

«Դուք անձնապէս կերակուր տուա՞ծ էք աղքատի մը» հարց տուաւ Էլէոնորա անունով երիտասարդուհի մը, ու քահանայապետը պատասխանեց.  «այո բազմաթիւ անգամներ», հուսկ հաստատեց թէ «բոլորս պէտք է այդ մէկը կատարենք, պէտք է որ ուրիշներուն կերակուր տանք, այնպէս ինչպէս Աստուած մեզի կը շնորհէ առօրեայի հացը»։

«ԹԷ արդեօք ինք տարակոյսներ ունեցած է հաւատքի մասին» հարցումին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատասխանեց.  «Բոլորս ալ կարող ենք տարակոյսներ ունենալ, սակայն այդ պահերուն պէտք է դիմել Յիսուսին հաւատարմութեան։ Հաւատարմութիւն մը որ երբեք յուսալքումի չի մատներ։ Պէտք չէ վախնանք տարակուսելէ»  ըսաւ Սրբազան Հայրը, հրաւիրելով սակայն այդ տարակոյսները կիսելու ուրիշներուն հետ, «որովհետեւ կարելի չէ միայնակ դիմագրաւել այդ հարցը» նշեց Ան, ու հրաւիրեց երիտասարդները հետեւողականութեամբ խօսելու Յիսուսին հետ, նոյնիսկ անոր հետ վիճելու։ «Ան կը սիրէ  մեր սրտին ճշմարտութիւնը։ Անհուն համբերութիւն ունի ու մեզ կը սպասէ» ըսաւ Սրբազան ՊԱպը ու յորդորեց երիտասարդներուն «միշտ ձեռք տալ անոնց որոնք դժուարութեան մէջ են», հաստատելով որ «միակ պահը որ թոյլատրելի է անձի մը նայիլ բարձրէն ցած, երբ անոր կ՛երկարենք մեր ձեռքը, որպէսզի օգնենք որ վերականգնի»։

Ժողովրդապետութեան զանազան խումբերու հետ ունեցած հանդիպումներու աւարտին, Նորին Սրբութիւնը մատակարարեց ապաշխարութեան՝ խոստովանանքի խորհուրդը ու ժողովրդապետութեան վերանորոգուած ծիսական սրահին մէջ  մատոյց սուրբ պատարագը   նախագահելով նաեւ  եկեղեցւոյ խորանի վերաօծման արարողութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետին այցելութեան առթիւ Սան Ճուլիօ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Տարիօ Ֆրաթթինի յայտնեց թէ եկեղեցին երեք տարիներու աշխատանքէ ետք, այսօր ամբողջութեամբ նորոգուած է ու եկեղեցւոյ հետ վերանորոգուած է նաեւ հաւատացեալներու հաւատքը։ Արդարեւ Սան Ճուլիօ ժողովրդապետութեան հասարակութիւնը յանձնառու է որոնելու հոգեւոր հիւանդութիւնները որոնք արգելք են քրիստոնեայի աճումին ու յանձնառու է նաեւ յիշողութեան ուղեւորութեան մէջ, գոհութիւն մատուցելու Տիրոջ բոլոր այն բարիքներուն համար զոր մեզի կը պարգեւէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2019, 09:00