Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց «Էմմանուէլ» կեդրոնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց «Էմմանուէլ» կեդրոնը։  

«Ողորմութեան Ուրբաթները» Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց «Էմմանուէլ» կեդրոնը։

Կառոյցը ձեւաւորուած է փոքրիկ գիւղի նման, ուր հիւրերը՝ հիւանդութեան հանդերձ, կարող են ապրիլ բնականոն կեանք մը
Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց «Էմմանուէլ» կեդրոնը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին ողորմութեան տարուայ առթիւ զարկ առած  «ողորմութեան ուրբաթները» կը շարունակուին, որոնց առթիւ Նորին Սրբութիւնը այցելութիւն կը կատարէ մէկ բարեգործական հաստատութեան։

12 ապրիլ 2019ի յետմիջօրէին, ընկերակցութեամբ Գերապայծառ Ֆիզիքելլայի,  ան այցելեց Հռոմի հիւսիսային արուարձանի Պուֆալոթթա շրջանի մէջ գտնուող «Էմմանուէլ» կառոյցը ուր կը խնամուին «Ալզհայմըր» հիւանդութենէ տառապող անձեր։

Կառոյցը ձեւաւորուած է փոքրիկ գիւղի նման, ուր հիւրերը՝  հիւանդութեան հանդերձ, կարող են ապրիլ բնականոն կեանք մը  ու ապահով միջավարի մէջ շարունակել կապ պահել արտաքին աշխարհին հետ։ Կեդրոնը կը կrէ իր հիմնադիրին «Փրոֆ Էմմանուէլէ» անունը։

Կեդրոն ժամանելուն Ֆրանչիսկոս Պապ դիմաւորուեցաւ կեդրոնի բնակիչներու կողմէ,  որոնք անսպասելի հիւրին մօտեցան մեծ զարմանքով, անորմէ ընդունելով մխիթարանքի եւ քաջալերանքի խօսքեր։

Հուսկ կառոյցին հիմնադիրը ու Ռոմա Հիմնարկի այժմու նախագահ Ֆրանքօ Փարասասսին, Սրբազան Քահանայապետը առաջնորդեցին կեդրոնի զանազան բաժանմունքներ Նորին Սրբութեան ներկայացնելով կեդրոնի գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը։

Այցելութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կեդրոնին նուիրեց ձեռագիր մէկ օրհնագիր մը ու Սուրբ Ծնունդը խորհրդանշող կտաւէ մէկ սրբանկար։

Ալզհայմըրը հիւանդութեան նուիրուած Էմմանուէլ կեդրոնը, բացառիկ իրականութիւն մըն է Իտալիոյ մէջ։ Ան կազմուած է 14 տուներէ որմէ ամէն մէկուն մէջ հիւրընկալուած են 6 անձեր։ Կեդրոնին մէջ կը գործէ ապա փոքրիկ խանութ մը, սրճարան մը, ճաշարան ու վարսայարդարի սրահ, զոր Սրբազան Պապը առիթ ունեցաւ այցելել։

Կեդրոնին մէջ հիւրընկալուած հիւանդները որոնք պարզապէս բնակիչներ կը կոչուին, կարելիութիւնը ունին այսպէսով ապրիլ առօրեայի կեանք մը։ Բնակարանները հուսկ ծրագրուած, կահաւորուած ու ձեւաւորուած են ամէն մէկ հիւանդի բնական տան ոճով։ Կեդրոնին մէջ կը մատուցուին նաեւ  բժշկական զանազան ծառայութիւններ։

Նորին Սրբութիւնը իր այս այցելութեամբ ուզեց իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել բացառումի եւ միակութեան մէջ ապրող մարդոց կեանքի պայմաններուն վրայ, որ յառաջ կու գայ ալզհայմըր հիւանդութենէն եւ որ յաճախ բազմաթիւ անձեր կը թողու իրենց ճակատագրին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2019, 17:00