Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Հրապարակային ունկնդրութիւն։ «Աբբա՛, Հայր…» Հօր Աստուծոյ աղօթքը փորձանքի ժամանակ։

Փորձանքի պահուն Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ ողջագուրել Հայրը ու վստահիլ Անոր կամքին, որ մեր իսկական բարիքն է

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եկան վայր մը՝ որուն անունը Գեթսէմանի էր, եւ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Հո՛ս նստեցէք՝ մինչեւ որ ես աղօթեմ»: Իրեն հետ առնելով Պետրոսը, Յակոբոսն ու Յովհաննէսը, սկսաւ սաստիկ այլայլիլ եւ շատ վշտանալ: Հետեւաբար ըսաւ անոնց. «Իմ անձս չափազանց տրտում է՝ մեռնելու աստիճան. հո՛ս մնացէք եւ արթո՛ւն կեցէք»: Քիչ մը առջեւ երթալով՝ ինկաւ գետին, իր երեսին վրայ, եւ աղօթեց, որ եթէ կարելի է՝ այդ ժամը անցնի իրմէ: Ան ըսաւ. «Աբբա՛, Հա՛յր…»

Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած սոյն աւետարանական հատուածին վրայ հիմնուելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի 17 Ապրիլ 2019-ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, այս շաբաթներու ընթացքին կը խորհրդածենք «Հայր Մեր» աղօթքի մասին։ Այժմ Սուրբ Զատկուայ տօնը կանխող տխրութեան երեք օրերու սեմին, կանգ առնենք Յիսուսին չարչարանքներու ընթացքին մի քանի խօսքերուն վրայ, որով Ան աղօթեց Հօր։

Առաջին աղերսը տեղի կ՛ունենայ վերջին ընթրիքէն ետք։ Յիսուս Աստուծմէ կը խնդրէ Փառքը, թէեւ այս մէկը յարակարծային կը թուի, ի տես մօտալուտ չարչարանքին։ Սակայն այդ փառքը Աստուածային Փառքն է որ է  Աստուծոյ մարդկանց միջեւ փրկարար ներկայութեան տարբերակիչ նշանը։ Այսպէսով Յիսուս խաչին վրայ բարձրացած ու փառաւորուած,  վերջնական կերպով կը յայտնուի՝ որպէս Աստուծոյ փրկութիւնը։ Յիսուսին հետ մենք կը բացայայտենք որ Աստուծոյ Փառքը ամբողջութեամբ սէր է։ Խնդրենք ուրեմն Աստուծմէ որ բանայ մեր աչքերը, որպէսզի նայելով Խաչեցեալին կարողանանք ընկալել Աստուած՝ որ է սէր, որովհետեւ իսկական փառքը սիրոյ փառքն է, փառքը որ ուրիշը կը դնէ որպէս ուշադրութեան կեդրոն եւ ոչ թէ «ես» ը, որ կը պատկանի աշխարհիկ փառքին։

Սուրբ Զատկուայ օրը, Աստուած կը փառաւորէ Որդին, եւ Որդին կը փառաւորէ Հայրը, ոչ մին ինքզինք կը փառաւորէ։ Եւ չարչարանքի աւարտին Յիսուս կ՛ըսէ.  «Հայր քու ձեռքերուդ մէջ կը յանձնեմ Հոգիս»։ Այն Հոգին որ Հայրը շնորհած էր Յիսուսին եւ Յիսուս զայն կը վերադարձնէ Հօր։ Ինչ որ իմս էր քուկդ կը դառնայ։ Այսպէս է որ կը գործէ Աստուած, այսպէս կը գործէ սէրը, եւ այսպէս է որ կ՛իրագործուի փրկութիւնը՝ որ սիրոյ նուիրում է։

Վերջին ընթրիքէն ետք Յիսուս կը մտնէ գեթսէմանիի պարտէզը, այստեղ եւս կ՛աղօթէ Հօր։ Յիսուս կը փորձարկէ անձկութեան ու վախի պահեր, տխուր է եւ այդ առանձնութեան անդունդին մէջ Հօր կը դիմէ քնքուշ բառերով «Աբբա, Հայր»։  Փորձանքի պահուն Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ ողջագուրել Հայրը ու վստահիլ Անոր կամքին, որ մեր իսկական բարիքն է։ Յիսուս արդարեւ ամէն ինչ կը վստահի ու կը յանձնէ Հօր։ Մենք եւս երբ մտնենք Գեթսէմանիի պարտէզը, յիշենք այս մէկը եւ աղօթենք «Աբբա՝ Հայր»։

Ի վերջոյ Յիսուս Հօր Աստուծոյ աղօթք կը բարձրացնէ մեզի համար «Հայր ներէ իրենց որովհետեւ չեն գիտէր թէ ինչ կ՛ընեն» ու այս կ՛ընէ խաչելութեան պահուն։ Յիսուս կ՛աղօթէ անոնց համար որոնք զինք սպանեցին ու այդ կ՛ընէ չարչարանքի եւ տառապանքի ամէնէ սուր պահուն, երբ ան Խաչին վրայ քամուած է։ Ու ցաւի գագաթնակէտի պահուն կը հասնի սիրոյ գագաթնակէտը՝ ներումը, որ նուիրումի ամենահզօր ուժն է, որ կը խորտկաէ չարին կապանքները։

Յիսուս Հօր աղօթեց մեզի համար, որովհետեւ Հօրմէ է որ կու գայ ներումը՝ որ կ՛ազատէ մեր սիրտը ու մեզ կը բուժէ ներքնապէս։  Շտապենք ուրեմն, եթէ տակաւին չեն ըրած, ընկալելու Հօր ողջագուրումը խոստովանանքի մէջ։ Այնտեղէն է որ կու գայ մենք մեզ սիրուած զգալու ուրախութիւնը ու նաեւ մեզի չարիք ընողներուն ներելու ուժը։

Այս օրերուն աղօթելով «Հայր մեր»  կարող ենք հայցել սոյն շնորհքները. մեր առօրեան ապրիլ Աստուծոյ փառքին համար. Այսինքն սիրով, փորձանքներու ընթացքին գիտնալ յանձնուիլ Հօր  ապա Հօր հետ հանդիպումին մէջ վերագտնել ներումը եւ ներերու քաջութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2019, 10:00