Որոնել

Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին 22 ապրիլի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

«Ի՞նչու ողջը կը փնտռէք մեռելներուն մէջ։ Հոս չէ Ան. Յարութիւն առաւ» (Ղուկաս 24, 5-6)։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 22 ապրիլ 2019-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ Յարութեան տօնի յաջորդող երկուշաբթին, Լատինաց մօտ կը կոչուի Հրեշտակի Երկուշաբթի յիշատակելու համար Յիսուսին Յարութենէն ետք գերեզման այցելող կիներուն հրեշտակին աւետիսը «Ի՞նչու ողջը կը փնտռէք մեռելներուն մէջ։ Հոս չէ Ան. Յարութիւն առաւ» (Ղուկաս 24, 5-6)։

Ունկնդրէ լուրը

«Քրիստոսի Յարութիւնը կը ներկայացնէ մարդկային պատմութեան ամենահրաշալի իրադարձութիւնը որ կը հաստատէ Աստուծոյ սիրոյ յաղթանակը մահուան ու մեդքին վրայ, եւ որ կը պարգեւէ կեանքի յոյս» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Ան ապա ակնարկեց օրուան ծիսական Աւետարանին որ կը պատմէ Յիսուսին կիներուն երեւումին դէպքը, (Մատթէոս 28, 8-15) դիտել տալով որ անոնց երեւնալով Յիսուս անոնց սրտերէն կը փառատէ վախը ու զանոնք կը քաջալերէ եղբայրներուն հաղորդելու պատահածը։

Աւետարանիչները արդարեւ ի յայտ կը դնեն կիներուն կարեւոր դերակատարութիւնը մինչ մարդիկը վախեցած համախմբուած էին վերնատան մէջ։

Կիները եղան առաջինները որոնք հանդիպեցան Յարուցեալին եւ տարածեցին աւետիսը թ՝է «ան ողջ է», ըսաւ Սրբազան Պապը ապա հաստատեց թէ այսօր եւս կը հնչեն Յիսուսին կիներուն ուղղած խօսքերը «մի վախնաք գացէք եւ աւետեցէք »։

«Աւագ շաբաթուայ արարողութիւններէն ետք որով վերապրեցանք մեր Տիրոջ մահուան ու յարութեան խորհուրդը,  մենք եւս այսօր կանչուած ենք Անոր հանդիպելու ու դառնալու Անոր վկաները» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով թոյլ տալ որ Զատկուան մխիթարիչ պատգամը մեզի ալ հասանելի ըլլայ։ Յարուցեալ Յիսուսը կը քալէ մեր կողքին։ Ան կը յայտնուի բոլոր անոնց որ Անոր կը դիմեն ու զինք կը սիրեն։ Նախ եւ առաջ աղօթքի մէջ, ու նաեւ հաւատքով ապրուած առօրեայի փոքր ուրախութիւններուն մէջ» յարեց Սրբազան Պապը ու հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ օգնէ աւելիով ըմբռնելու եւ իւրացնելու Յարուցեալին պարգեւները՝ անդորրութիւնն ու խաղաղութիւնը ու զանոնք բաժնեկցելու կարիքի, մխիթարանքի ու յոյսի կարօտող  եղբայրներուն հետ։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2019, 08:00