Որոնել

Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ 

Վատիկանի մէջ Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագը եւ Զատկուայ Յարութեան տօնի արարողութիւնը։

Ճրագալոյսի պատարագի ընթացքին Քահանայապետը կը մատակարարէ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր շաբաթ 20 Ապրիլ 2019-ին, Եկեղեցին կը նշէ աւագ շաբաթ օրը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը կանխող օրը որուն առթիւ եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի Զատկական հսկումը ու ճրագալոյցի պատարագը։

Երեկոյեան ժամը 8,30ին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ նախատեսուած է  Սուրբ Գիշերուայ Զատկական հսկումը՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորութեամբ,  որուն առթիւ Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի գաւիթին մէջ կ՛օրհնէ նոր հուրը, ապա Զատկական Մոմով մուտք կը գործէ Պազիլիքա  ուր կը նախագահէ Խօսքի, Սուրբ Մկրտութեան ու Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդները, որուն առթիւ ութ «երախաներու – մկրտութեան թեկնածուներու» կը մատակարարէ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը։ Սրբազան Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 70 կարդինալներ եւ եպիսկոպոսներ եւ 350 աւելի քահանաներ։

Մինչ վաղը Կիրակի 21 ապրիլ 2019-ին Տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշաբար Յարութեան։  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 10.00ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն աւարտին  Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն, համայն աշխարհին կ՛ ուղղէ ''Urbi et Orbi – Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին'' աւանդական պատգամն ու առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2019, 11:45