Որոնել

Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապին նուիրուած եկեղեցին Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապին նուիրուած եկեղեցին 

Ֆրանչիսկոս Պապի բարեմաղթանքը Լիբանանի մէջ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ-ի նուիրուած եկեղեցւոյ բացման արարողութեան առթիւ:

ֆրանչիսկոս Պապ իր բարեմաղթանքները կը յայտնէ արարողութեան բոլոր մասնակիցներուն, գնահատելով այդ իմաստալից ծրագիրի իրականցումը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լիբանանի Շամա զօրամասին մէջ, Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ եւ Մարիա Տեքոր Քարմելի նուիրուած եկեղեցւոյ ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ կից գտնուող հովուական կեդրոնի բացման արարողութեան առթիւ, երկուշաբթի, 18 մարտին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ֆրանչիսկոս Պապին անունով շնորհաւորկան գիր յղեց վերոնշեալ եկեղեցւոյ բացման արարողութիւնը գլխաւորած, Իտալիոյ զինուորական մատրանապետ Գերապայծառ Սանթօ Մարչանիոյին:

Շնորհաւորական գիրին մէջ կարդինալը նշած է. «Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ-ի նուիրուած եկեղեցւոյ բացման արարողութեան առթիւ, ֆրանչիսկոս Պապ իր բարեմաղթանքները կը յայտնէ արարողութեան բոլոր մասնակիցներուն, գնահատելով այդ իմաստալից ծրագիրի իրականցումը: Սրբազան Հայրը կը մաղթէ , որ նոր պաշտամունքի վայրը յարատեւ հրաւէր հանդիսանայ Տիրոջ հանդիպելու՝ աղօթքի մտերմութեան մէջ եւ Զայն վկայելու առօրեայ կեանքին մէջ դառնալով եղբայրութեան եւ խաղաղութեան վկայութիւն: Սրբազան Քահանայապետվ մեծ ուրախութեամբ իր առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ ձերդ վսեմութեան, Ապանարա զօրամասի ընդհանուր զօրաւարին մատրանապետին եւ արարողութեան ներկայ գտնուող բոլոր զինուորականներուն»:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2019, 10:28