Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Խաղաղութիւնը կին է:Ան կը ծնի եւ կը վերածնի մայրերու քնքշութենէն :»

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ կիներու միջազգային տօնին, ըսելով «կինը ան է, որ աշխարհը գեղեցիկ կը դարձնէ, զայն կը պաշտպանէ ու կեսնուսնակ կը պահէ:»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 8 մարտ 2019-ին, Վատիկանի «Քոնչիսդորօ» անուան դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ամերիկեան Հրեայ կոմիտէի պատուիրակութեան աւելի քան 40 ադամներ:
Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայր նկատել տուաւ, որ Ամերիկեան հրէական կոմիտէի  կազմակերպութիւնը, միշտ սերտ կապի մէջ գտնուած է Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ՝ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ հրեայ կրօնքի միջեւ պաշտօնապէս երկխօսութիւն հաստատուելէ ետք ու այս ծիրէն ներս գոհունակութիւն յայտնեց հրէաներուն եւ կաթողիկէներուն միջեւ բարի յարաբերութիւններու ամրապնդման համար։

Ունկնդրէ լուրը

«Սիրելի բարեկամներ կանչուած ենք միասնաբար բնակարան մը,  ընտանիք մը կառուցելու՝ մեր բոլոր ուժերով ու ընտրելով, Աստուածային սէրը, որ յարգանք ու գնահատանք կը ներշնչէ ուրիշին բարեպաշտութեան». ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ, այսօր՝ 8 մարտին, կիներու միջազգային տօնին, բարձր արժեւորելով կնոջ թանկարժէք սատարը «աշխարհը բոլորիս համար տուն մը դարձնելու համար»։

Կինը ան է, որ աշխարհը գեղեցիկ կը դարձնէ,  զայն կը պաշտպանէ ու կենսունակ կը պահէ: Խաղաղութիւնը կին է :Ան կը ծնի եւ կը վերածնի մայրերու քնքշութենէն, հետեւաբար ըսաւ Սրբազան հայրը խաղաղութեան երազը կ՝իրականացուի նայելով կնոջ:

Սրբազան Քահանայապետ ապա անդրադարձաւ աշխարհի զանազան վայրերու մէջ հակասեմական եւ ատելութեան այժմէական հարցերուն,  այս գծով վերահաստեց  այդ երեւոյթները հսկումի տակ առնելու հրամայականը դիտել տալով, որ պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է,  թէ հակասեմական արարքները դիպի ուր կ՝առաջնորդեն՝ «ողջակիզումի մարդկային ողբերգութեան, ուր եւրոպայի երեք քառորդ հրէաները ոչնչացան»:

Ֆրանչիսկոս Պապ հակասեմականութեան եւ ատելութեան դէմ կարեւոր միջոց համարեց միջ-կրօնային երկխօսութիւնը, նպատակ ունենալով խաղաղութեան յանձնարարութեան խթանումը,  փոխադարձ յարգանքը, կեանքի պաշտպանութիւնը, կրօնային ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ ստեղծագործութեան պահպանումը,  դիտել տալով, որ քրիստոնեաներն ու հրէաներն ունին բաժնեկցուած հոգեւոր հարուստ ժառանգութիւն՝ միասնաբար բարի գործեր կատարելու:
Քահանայապետը նկատել տուաւ նաեւ,  թէ աշխարհի մէջ աճած է քիչ ունեցողներու եւ շատ ունեցողներու միջեւ հեռաւորութիւնը,  հրաւիրելով ներկաները խնամք տանելու անպաշտպան, տկար, աղքատ , հիւանդ եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ մանուկներուն ու տարեցներուն:

Ան եզրափակեց իր խօսքը ընդգծելով ապագայ սերունդներու կազմաւորման կարեւորութիւնը՝ հրէայ -քրիստոնեայ երկխօսութեան շրջագիծէն ներս:
«Երիտասարդներուն դաստիարակութեան միասնական յանձնարարութիւնը արդիւնաւոր գործիք է բռնութիւնները հակազդելու եւ բոլորին համար խաղաղութեան նոր ուղիներ բանալու:» ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար, ամենայն բարիք մաղթելով հրէայ կոմիտէի երկխօսութեան խթանման ի սպաս յանձնարարութեան համար,  որ կը նպաստէ մշակոյթներու եւ կրօններու միջեւ արդիւնաբեր փոխանակութիւնը, որ թանկարժէք է ապագայի եւ խաղաղութեան համար: Շալոմ :»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2019, 12:07