Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հարաւային Սուտանի նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հարաւային Սուտանի նախագահը 

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին Հարաւային Սուտանի նախագահին շնորհած ունկնդրութեան մասին։

Սրբազան Պապը մաղթեց որ ստեղծուին նախապայմաններ որպէսզի Ինք կարենայ այցելել Հարաւային Սուտանը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 16 մարտ 2019-ին. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ունկնդրութիւն շնորհեց Հարաւային Սուտանի Նախագահ՝ Տիար Սալվա Քիիր Մաճարտիթին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ ու անոր ընկերացող Պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէրի հետ։

Սիրալիր զրոյցներու ընթացքին ի յայտ դրուեցան երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սատարը դաստիարակչական ու առողջապահական ծաւալներէն ներս ու ազգային հաշտութեան եւ վերակառուցման գործընթացէն ներս։

Շեշտը դրուեցաւ նաեւ քաղաքական զանազան դերակատարներու կողմէ ձեռք բերուած համաձայնութեան իրականացման հարցերուն վրայ ի տես նաեւ հակամարտութիւններու վերջնական լուծման ու գաղթականներու  եւ տեղահաններու դարձին, ինչպէս նեաւ Երկրին համապարփակ զարգացումին ի նպաստ։

Այս շրջագիծէն ներս Սրբազան Քահանայապետը մղաթքն յայտնեց որ ստեղծուին բոլոր նախապայմանները՝ որպէսզի Ինք կարենայ այցելել Հարաւային Սուտանը, որպէս բնակչութեան մօտիկութեան նշան ու խաղաղութեան գործընթացին քաջալերանք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2019, 12:34