Որոնել

Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին եւ Սուլթան Ալ Քամիլը -  1219 Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին եւ Սուլթան Ալ Քամիլը - 1219 

Քահանայապետին նամակը՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի եւ Սուլթան Ալ Քամիլի միջեւ հանդիպման 800 ամեակի առթիւ։

8 դարերէ ետք Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսը մարգարէական կը մնայ համայն մարդկութեան համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի այս օրերուն կը գտնուի Եգիպտոսի մէջ, ուր որպէս Քահանայապետի Յատուկ պատուիրակ պիտի հանդիսապետէ Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի եւ Սուլթան Ալ Մալիք Ալ Քամիլի միջեւ կայացած հանդիպումին 800 ամեակի տօնակատարութիւնները որոնք տեղի պիտի ունենան Եգիպտոսի մէջ՝ 1 - 3 մարտ 2019-ին։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Լատիներէն լեզուով  նամակ մը յղած է Կարդինալ Սանտրիին որուն մէջ Ասսիզացիի աղքատիկ սուրբը որակած է «խաղաղութեան մարդ» որ իր եղբայրակիցները կը խրախուսէր զիրար ողջունել Յիսուսին ուսուցումին հիման վրայ «Տէրը քեզի խաղաղութիւն շնորհէ» խօսքերով։

Աստուած Հայր բոլոր մարդկութեան

Սուրբ Ֆրանչիսկոսը, կը գրէ Քահանայապետը, լաւապէս ըմբռնած էր որ ամէն ինչ ստեղծուած էր միակ մէկ Արարիչէն, միակը որ բարի է, որուն մէջ բոլոր մարդիկը կը գտնեն միասնական Հայր մը։ Ասոր համար է որ Ասսիզիի սուրբը բոլոր մարդոց կ՛ուզէր տանիլ «Ողորմած եւ Ամենակալ Աստուծոյ անհուն սիրոյ պատգամը։ Այն Աստուածը որ կ՛ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին ու հասնին ճշմարտութեան ճանաչողութեան»։

Աւետարանը՝ քրիստոնեային զէնքը

Սուրբը 1219-ին իր եղբայրակիցներուն հետ միասին մեկնեցաւ Եգիպտոս եւ Տամիեթթա քաղաքին մէջ հանդիպեցաւ Սուլթանին հետ, անոր տեղեկացնելով թէ ինք ուղարկուած չէ մարդոցմէ այլ Բարձրեալն Աստուծմէ, Սուլթանին ու ժողովուրդին ցոյց տալու համար փրկութիւնը ու քարոզելու ճշմարտութեան Աւետարանը։ Սուլթանը ի տես սուրբին հիասքանչ տենդին ու հոգեկան եռանդին ինչպէս նաեւ անոր «Աստուծոյ մարդու» առաքինութիւններուն, յօժարակամ ընդունեց եւ ունկնդրեց անոր խօսքերը։

Ոչ մէկ ժողովուրդ այլ ժողովուրդի վրայ սուրը  բարձրացնէ

Այս իրողութենէն մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը Կարդինալ Սանտրէին կը խնդրէ որ իր «եղբայրական ողջոյնը տանի բոլոր քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն»։ Ան ապա մաղթանք կը յայտնէ որ ոչ մէկը իյնայ բռնութեան փորձութեան մէջ, այլ «իրականացուին երկխօսութեան, հաշտութեան ու համագործակցութեան ծրագիրներ» որ մարդիկը մղեն եղբայրական հաղորդութեան, տարածելով խաղաղութիւնն ու բարին, Եսայի Մարգարէի խօսքերուն համաձայն. «Ոչ մէկ ժողովուրդ այլ ժողովուրդի վրայ սուրը պիտի բարձրացնէ…»

Քահանայապետը Կարդինալ Սանտրիին յղած նամակը կ՛եզրափակէ իր օրհնութիւնը շնորհելով բոլոր անոնց որոնք պիտի մասնակցին 800 ամեակի յոբելենական տօնախմբութեան ու բոլոր անոնց որոնք կը գործեն ի նպաստ միջ կրօնական երկխօսութեան ու խաղաղութեան խթանումին։

 Սուրբ Ֆրանչիսկոսին արարքը մարգարէական 

8 դարերէ ետք Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսը մարգարէական կը մնայ համայն մարդկութեան համար. Ան Քրիստոնէական արշաւներու ամենասուր ժամանակաշրջանին մէջ Եգիպտոս մեկնացաւ՝ քրիստոնեաներու այդ ժամանակուայ թշնամիներուն մօտ, ոչ թէ սուրով ու զրահով, այլ իր ձեռքին մէջ կրելով  միայն Աւետարանը՝ իր հաւատքը, հեզութիւնն ու իր գործնական սէրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2019, 10:19