Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Իտալական գործակցական ընկերութիւններու համադաշնութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։

«Գործակցական ընկերութեան ակնյայտ ու կարեւորագոյն առաւելութիւնն այն է յաղթահարել առանձնութիւնը որ կեանքը կը դարձնէ դժոխք»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 16 մարտ 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական Գործակցական ընկերութիւններու համադաշնութեան 7 հազարէ աւելի անդամներուն, դաշնութեան հիմնադրութեան 100 ամեակին առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

Ներկաներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձ կատարեց 100 տարուայ պատմութեան որ ներշնչում քաղած է «Լեւոն ԺԳ քահանայապետի՝ Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան հայող «Ռերում Նովարում» հովուական նամակէն, եւ որուն հիման վրայ գործակցական ընկերութիւնները յառաջ տարին իրենց գործունէութիւնը։

Լեւոն ԺԳ Պապին  հովուական նամակը  եղաւ մարգարէական. Ան ուզեց շեշտը դնել ոչ միայն մարդու կամ ընկերութեան մէկ հատուածին վրայ, այլ մարդ անհատի ամբողջականութեան վրայ» յարեց Նորին Սրբութիւնը գնահատելով ներկաներուն գործունէութիւնը, որոնք իրենց բարի կամքով  կեանք պարգեւեցին Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան, զայն վերածելով անձնական եւ ընկերային շօշափելի արարքներու։

«Այսօր եւս Եկեղեցին կարիքն ունի բարձրաձայն հնչեցնելու ճշմարտութիւնը։ Ան միշտ կարիքն ունի մարդոց ու կիներու որոնք հովիւներու քարոզներն ու աստուածաբաններու ուսուցումները դարձնելու շօշափելի եւ գործնական բարիք, եւ ասոր համար այսօր ձեր 100 տարուայ պատմութեան ու յանձնառումին համար շնորհակալութիւն յայտնելը  կը նշանակէ մերօրեայ մարդոց ներկայացնել օրինակ մը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով որ մինչ դրամատիրական ձեռնարկութիւնը հիմնականին մէջ կը ձգտի շահոյթին, գործակցական ընկերութիւններուն առաջնահերթ նպատակն է ընկերային պահանջներուն հաւասարակշիռ ու  համաչափ գոհացումը։ Թէեւ գործակցական ընկերութիւնն ալ կը մտի շահ արտադրել ու իր տնտեսական գործունէութեան ծիրէն ներս ըլլալ արդիւնաւէտ, ան սակայն այս մէկը կ՛ընէ առանց մոռնալու փոխադարձ զօրակցութիւնը՝ որ կը կատարուի Աւետարանի լոյսին ներքոյ։

Այս տեսակ աշխատանքի տեսլականը, որ հիմնուած է յարաբերութիւններու ու ոչ թէ շահի վրայ, այսօրուայ աշխարհին մտայնութեան հակառակ է։ Սակայն միայն երբ մենք ըմբռնենք որ իսկական հարստութիւնը յարաբերութիւններն են ու ոչ թէ նիւթական բարիքները այն ժամանակ կրնանք վերագտնել ընկերութեան ապրումի այլընտրական ուղիներ որոնք չեն հիմնուած ցնորքային դրամ աստուածի վրայ։

«Գործակցական ընկերութեան ակնյայտ ու կարեւորագոյն առաւելութիւնն այն է յաղթահարել առանձնութիւնը որ կեանքը կը դարձնէ դժոխք» յարեց ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով նաեւ որ «այսօրուայ աշխարհը կը տառապի առանձնութեան հիւանդութենէն» ու ասոր համար կարիքը ունի նախաձեռնութիւններու որոնք թոյլ կու տան միասնաբար դիմագրաւել հարցերը, որպէսզի մարդոց կեանքին մէջ  փորձարկուի յոյսին հրաշքը։ «Արդարեւ ուրիշին մօտիկ ըլլալը կը նշանակէ արգելք հանդիսանալ որ ուրիշը պատանդ դառնայ մենակութեան» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով այսօրուայ աշխարհի իրականութեան ու բազմաթիւ այն անհատներուն որոնք կը փորձարկեն առանձնութեան դառնութիւնը ու ասկէ մեկնելով ներկաներուն առաջարկեց Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած մէկ հատուածը, ուր կը պատմուի այն անդամալոյծ մարդուն մասին որուն ընկերները ամէն բան կ՛ընեն ու տունի մը առաստաղէն զայն վար կ՛իջեցնեն որպէսզի Յիսուս զայն բուժէ։ Անոնք՝ ըսաւ նորին Սրբութիւնը  անտարբեր չի մնացին իրենց ընկերոջ ցաւին դիմաց, ու առիթ հանդիսացան հրաշալի արարքի մը։

«Ան որ այսօր կը հիմնէ գործակցական ընկերութիւն մը նման է այդ անդամալոյծի բարեկամներուն որոնք ստեղծագործ եւ արի աշխատանքով իրականացուցին հրաշք մը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու նշեց թէ «Կարելի չէ արդարեւ գործել երբ զոհ ենք անտարբերութեան եւ անձնասիրութեան» աւելցնելով որ  «անհատականութիւնը արգելք է երջանկութեան՝ որովհետեւ կը բացառէ միւսը»։

Սրբազան Պապը մատնանշեց ապա գործակցական ընկերութիւններուն «արուարձաններուն» վերապահած ուշադրութեան ու քաջալերեց զանոնք քալելու այդ ուղիին վրայ, յատկապէս ի միտ ունենալով մարդ անհատի կեդրոնականութիւնը ու այս ծիրէն ներս նաեւ կիներու կարեւոր դերակատարութիւնը։ «Կինը, ըսաւ Սրբազան Պապը, աւելի լաւ գիտէ գործնական դարձնել այն ինչ որ մենք այր մարդիկս կը համարենք «բարձրագոյն համակարգ»։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց ներկաներուն թելադրելով երբեք իրենց աչքերուն առջեւէն չի կորսնցնելու Աւետարանը ու Յիսուսին գործերը «որոնք իրենց աշխատանքին համար են ու կը մնան ներշնչումի աղբիւր», Ան ապա յայտնեց թէ ինք մեզ յոյսեր ունի անոնց վրայ, ապա բոլորին շնորհեց իր օրհնութիւնները խնդրելով որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2019, 12:30