Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին մամլոյ ասուլիսը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ:

Փաստաթուղթը կը բխի Աստուծոյ վրայ հաւատքէն՝ Աստուած որ Հայր է բոլորին ու Հայր է խաղաղութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Շատ կարճ ճամբորդութիւն մըն էր ինծի համար սակայն մեծ փորձառութիւն մը հանդիսացաւ։ Իմ կարծիքս այն է թէ ամէն մէկ ճամբորդութիւն պատմական է, ու թէ մեր ամէն մէկ օրը եղած է գրելու համար առօրեայ պատմութիւն մը։ Ոչ մէկ պատմութիւն փոքր է, ամէն մէկ պատմութիւն մեծ ու արժէքաւոր է»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն Հռոմ ուղղուած թռիչքի ընթացքին իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ մամլոյ ասուլիսին, լայնօրէն անդրադառնալով իսլամներու հետ  երկխօսութեան  նիւթին։

Խօսելով Արաբական Էմիրութիւններու մասին Սրբազան Հայրը ըսաւ թէ հիացած մնացած է Ապու Տապիին գեղեցկութեան, մաքրութեան ու հիւրընկալ քաղաք ըլլալուն համար։ «Ժամանակակից երկիր մը որ դէպի ապագայ կը նայի» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով մանուկներուն վերապահուած յատուկ դաստիարակութեան։

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց նաեւ ջուրի հարցին ու հարցը լուծելու իշխանութիւններու ձեռնարկներուն։ «Ինծի թուեցաւ բաց երկիր մը, նոյնիսկ հոգեւոր գետնի վրայ» ըսաւ Քահանայապետը խօսելով՝ եղբայրական իսլամութեան, խաղաղութեան իսլամութեան ու երկխօսութեան իսլամութեան» մասին։ Ան ապա ակնարկեց Իսլամական Խորհուրդի Երէցներուն հետ ունեցած հանդիպումին զայն որակելով «յուզիչ» հանդիպում։

Խօսելով ապա ստորագրուած «եղբայրութեան»  յայտարարութեան  ապագայի մէջ գործածութեան մասին Սրբազան Պապը նշեց թէ ըլլայ Ինք ըլլայ Իմամը շատ աղօթեցին այդ փաստաթուղթին համար «որովհետեւ այսօր մեծ սպառնալիքի առջեւ կը գտնուինք» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով  կործանարար պատերազմին ու ատելութեան։

«Եթէ մենք հաւատացեալներս կարող չենք իրարու ձեռք երկարել, զիրար ողջագուրել, ու նաեւ միասին աղօթել, մեր հաւաքը պարտութեան կը մատնուի» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ այդ փաստաթուղթը կը բխի Աստուծոյ վրայ հաւատքէն՝ Աստուած  որ Հայր է բոլորին ու Հայր է խաղաղութեան։

«Փաստաթուղթը կը դատապարտէ բոլոր ահաբեկչութիւնները՝ պատմութեան  առաջին ահաբեկչական արարքէն սկսեալ որ Կայէնի ահաբեկչութիւնն էր» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը ու նշեց թէ «Փաստաթուղթը կազմուեցաւ մէկ տարուայ ընթացքին, աղօթքներով, հանդիպումներով, ճամբորդութիւններով ապա սպասեցինք որ հասուննայ» յարեց Ան։

Խօսելով իրենց վերապահուած փառաւոր հիւրընկալութեան մասին ուղղուած մէկ հարցումին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ թէ ինք այդ մէկը կը նկատէ հիւրընկալութեան նշան։ «Անոնք կ՛ուզէին ամէն ինչ ընել  որովհետեւ այս այցը կը նկատէին որպէս օրհնութիւն ու կ՛ուզէին ինծի զգալ տալ թէ բարի եկած եմ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ որ ապա անդրադարձաւ Եմենի  տագնապի մասին նշելով որ ինք զրոյցներու ընթացքին խօսած է այդ նիւթին շուրջ ու թէ իր խօսակիցներուն մէջ տեսած է բարի կամք, յոյս յայտնելով որ սկիզբ տրուի խաղաղութեան գործընթացին։

Լրագրողներէն մէկը հարց տուաւ թէ ինչ է Քահանայապետին կարծիքը այն քննադատութիւններու մասին որոնք զինք կը մեղադրեն թէ թոյլ կու տայ շահագործուիլ իսլամներէն ու Ֆրանիսկոս Պապ ըսաւ «Ես մէկ բան կ՛ուզեմ ընդգծել, այդ փաստաթուղթը ոչ մի կերպով կը շեղի Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի որոշումներէն։ Ան շարադրուեցաւ Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի հոգիով ու նախ քան վերջնական շարադրումը զայն կարդալ տուի մի քանի աստուածաբաններուն որոնք իրենց հաւանութիւնը տուին։

«Գալով իսլամական աշխարհին  այնտեղ կան տարբեր մեկնաբանութիւններ, ոմանք աւելի արմատական են, իսկ ուրիշներ աւելի մեղմ» ըսաւ Սրբազան Պապը ենթադրելով նաեւ թէ մի գուցէ անոնց միջեւ տարաձայնութիւններ ծագին, «սակայն այս մէկը գործընթաց մըն է ու գործընթացները կարիք ունին հասունութեան, ծաղիկներու նման» ըսաւ Քահանայապետը որ ակնարկելով յաջորդ ճամբորդութեան դէպի Մարոք՝ նշեց թէ այդ մէկը պիտի կատարուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ հետքերով։

Պատասխանելով ապա Նիքոլա Մատուրոյի Վատիկան ուղարկած մէկ նամակին, որով կը խնդրէ Վատիկանի դիւանագիտութեան միջամտութիւնը, Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ դիւանագիտութեան աշխատանքը կը կայանայ փոքր քայլեր կատարելու մէջ։ «Ես տակաւին չի կարդացի նամակը։ Նայինք ինչ կարող ենք ընել։ Միջնորդութիւն կատարելու համար հարկաւոր է որ երկու կողմերը խնդրեն այդ մէկը։ Մենք սակայն պատրաստակամ ենք» ըսաւ Սրբազան Պապը հուսկ դարձեալ ակնարկեց Իսլամական Երէցներու խորհուրդին հետ ունեցած հանդիպումի մասին, նշելով թէ խորհուրդի անդամները «իմաստուններ» են ու այդ մէկը իր վրայ մեծ ազդեցութիւն թողուց, ըսաւ Քահանայապետը։

Վերջին հարցումներէն մին կը հայէր կղերականներու կողմէ մայրապետներու դէմ գործադրուած պղծութիւններուն. որոնց մասին արտայայտուելով Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ այդ մէկը մեծ հարց է, մատնանշելով թէ մարդկութիւնը տակաւին հասուն չէ ու թէ կինը շատ անգամ կը նկատուի երկրորդ դասակարգի անհատ։

Նորին Սրբութիւնը  անդրադառնալով եկեղեցիէն ներս չարաշահումներու մասին նշեց թէ կամք կայ այդ բոլոր հարցերը լուծելու, ընդունելով հանդերձ որ դժուար ուղեւորութիւն մըն է ըսաւ Ան լրագրողէն խնդրելով որ աղօթէ այդ դիտաւորութեամբ, որովհետեւ, ըսաւ Սրբազան Պապը, ես կ՛ուզեմ յառաջ ընթանալ այդ հարցի լուծման  համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2019, 19:26