Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Հայր Մեր աղօթքին մէջ կը պակսի այսօր շատ գործածուած բառ մը՝ «ես» բառը»։

«Քրիստոնէական աղօթքին մէջ ոչ մէկը հացը կը խնդրէ միայն իրեն համար՝ այլ զայն կը հայցէ աշխարհի բոլոր աղքատներուն համար»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այդ նոյն ժամուն՝ Յիսուս Հոգիով ցնծաց եւ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլաս, Հա՜յր, Տէր երկինքի ու երկրի, որ այս բաները ծածկեցիր իմաստուններէն եւ գիտուններէն, ու յայտնեցիր մանուկներուն: Այո՛, Հա՜յր, որովհետեւ ա՛յսպէս հաճելի եղաւ քեզի: Ամէն բան յանձնուեցաւ ինծի՝ իմ Հօրմէս, ու ո՛չ մէկը գիտէ թէ ո՛վ է Որդին, բայց միայն՝ Հայրը, եւ թէ ո՛վ է Հայրը, բայց միայն՝ Որդին, եւ ա՛ն՝ որուն Որդին փափաքի յայտնել»:

Ղուկաս Աւետարանիչէն  10-րդ գլուխէն քաղուած սոյն հատուածին վրայ հիմնուելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 13 փետրուար 2019-ին, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորելով չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, այնտեղ համախմբուած հաւատացեալներուն ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը՝ զոր դարձեալ յատկացուց Հայր Մեր աղօթքին։

Յիսուս կը փափաքի որ իր աշակերտները կեղծաւորներու նման չ՛աղօթեն

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս» ըսաւ Սրբազան Պապը, այսօր կը շարունակենք մեր ուղեւորութիւնը լաւապէս սորվելու աղօթել Յիսուսին մեզի սորվեցուցած աղօթքը։ Ան ըսաւ. Երբ աղօթես, գնա քու սենեակդ, հեռացիր աշխարհէն, ամփոփուէ լրութեան մէջ, ու Աստուծոյ դիմէ՝ զայն կոչելով «Հայր»։

Յիսուս կը փափաքի որ իր աշակերտները կեղծաւորներու նման չ՛աղօթեն, «որովհետեւ իսկական աղօթքը կը կատարուի ծածուկ ու կը բխի սրտէն եւ տեսանելի է միայն Աստուծոյ» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ այդ աղօթքը կը կատարուի երկու հոգիներու միջեւ կայացած երկխօսութեամբ՝ երկխօսութիւն Աստուծոյ ու մարդուն միջեւ։  

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ նկատել տուաւ որ Հայր Մեր աղօթքին մէջ կը պակսի այսօր շատ գործածուած բառ մը՝ «ես» բառը։ Յիսուս  աղօթել կը սորվեցնէ օգտագործելով «քու» բառը. «Սուրբ ըլլայ քու անունդ։ Թող ըլլայ քու կամքդ…» ապա կ՛անցնի «մեր-մեզ» բառին. ներէ մեր մեղքերը, մի տանիր մեզի փորձութեան, փրկէ մեզ չարէն։

Քրիստոնէական աղօթքին մէջ ոչ մէկը հացը կը խնդրէ միայն իրեն համար։

«Քրիստոնէական աղօթքին մէջ ոչ մէկը հացը կը խնդրէ միայն իրեն համար՝ այլ զայն կը հայցէ աշխարհի բոլոր աղքատներուն համար» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով թէ Աստուծոյ հետ երկխօսութեան մէջ անհատականութեան համար տեղ չկայ։ Այդ աղօթքը եղբայրներու եւ քոյրերու հասարակութեան աղօթքն է։

«Քրիստոնեային աղօթքը կը կայանայ ոչ միայն իր ցաւերն ու մտահոգութիւնները ներկայացնելու Աստուծոյ այլեւ մտահոգութիւններն անոնց որոնց հանդիպեցաւ ու անոնց հետ կիսեց իր առօրեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով որ «Քրիստոս եւս մխրճուեցաւ աշխարհի թշուառութիւններու ներքոյ եւ ամէն անգամ որ կը հանդիպէր ցաւի մը, կարեկցութիւն կարտայայտէ՛ր ու այդ կարեկցութիւնն է որ կը կազմէ Աւետարանի բանալի բայը, նման բարի սամարացիի կարեկցութեան» յարեց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով աղօթելու ընթացքին մտածելու ոչ թէ «ես» այլ «մենք» բառին վրայ։

Յիսուս չեկաւ առողջ մարդոց համար այլ հիւանդներուն ու մեղաւորներուն համար։

Աշխարհի մէջ կան մարդիկ որոնք զԱստուած չեն փնտռէր, սակայն Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ աղօթելու նաեւ անոնց համար, որովհետեւ Աստուած այդ մարդիկը կը փնտռէ։ Յիսուս չեկաւ առողջ մարդոց համար այլ հիւանդներուն ու մեղաւորներուն համար, «այսինքն բոլորիս համար, որովհետեւ նոյնիսկ ան որ ինքզինք առոջղ կը նկատէ՝ իրականութեան մէջ հիւանդ է» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով որ «Տէրը արեւը կը ծագեցնէ բոլորին գլխուն վրայ, բարիներուն ու չարերուն։

Սուրբեր եւ մեղաւորներ բոլորս ալ եղբայրներ ենք՝ սիրուած միեւնոյն Հօր կողմէ ու կեանքի մայրամուտին պիտի դատուինք միայն սիրոյ հիման վրայ։ Ոչ թէ զգացական սէրը այլ կարեկցող ու շօշափելի սէրը՝ հիմնուած Աւետարանական կանոնին վրայ. «Ամէն անգամ որ նման բարիք մը ըիրք իմ այս փոքրիկ եղբայնրերէս մէկուն, զայն ինծի ըրիք» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2019, 09:59