Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Իսկ դո՛ւն՝ երբ աղօթես՝ մտի՛ր սենեակդ, եւ աղօթէ՛ Հօրդ ծածուկ». Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն։

«Հայր մեր աղօթքը կարող է ըլլալ լռելեան աղօթք. Բաւ է որ մենք մեզ դնենք Աստուծոյ հայեացքին տակ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երբ աղօթես՝ նման մի՛ ըլլար կեղծաւորներուն, որոնք կը սիրեն աղօթել՝ կայնելով ժողովարաններուն մէջ ու հրապարակներուն անկիւնները, որպէսզի երեւնան մարդոց: Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Անոնք ունեցած կ՚ըլլան իրենց վարձատրութիւնը”:Իսկ դո՛ւն՝ երբ աղօթես՝ մտի՛ր ներքին սենեակդ, գոցէ՛ դուռդ, եւ աղօթէ՛ Հօրդ՝ որ գաղտնի տեղ կը գտնուի. ու Հայրդ՝ որ կը տեսնէ գաղտնիքը, բացայայտօրէն պիտի հատուցանէ քեզի»։

Ունկնդրէ լուրը

Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած սոյն հատուածէն մեկնելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց 2019 տարուայ առաջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը՝ չորեքշաբթի 2 յունուար 2019-ի առաւօտեան, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմահազար հաւատացեալներ։

Աւետարանը յեղափոխութիւն է

«Շնորհաւոր նոր տարի» արտայայտութեամբ ողջունելով ներկաները Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց աւետարանական հատուածին նկատել տալով թէ Մատթէոս Աւետարանիչը Հայր Մեր Աղօթքը կը զետեղէ «լեռան քարոզի»ն կեդրոնը։ Այդ քարոզին մէջ Յիսուս կը խտացնէ իր պատգամին հիմնական կէտերը՝ Երանութիւնները.Երանի աղքատներուն, հեզերուն, ողորմածներուն, սրտով խոնարհներուն…ասոնք կը ներկայացնեն Աւետարանի յեղափոխութիւնը։ Այնտեղ ուր Աւետարանը կայ՝կայ նաեւ յեղափոխութիւն - ըսաւ Քահանայապետը այս ուղղութեամբ նկատել տալով որ «բոլոր այն անձերը որոնք կարող են սիրել, խաղաղութեան ի նպաստ գործող անձինք, որոնք անտեսուած էին ու դրուած պատմութեան եզրին, դարձան Աստուծոյ թագաւորութիւնը կառուցողները»։

Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները

Այս է Աւետարանի նորութիւնը։ Օրէնքը պէտք չէ ջնջուի այլ կարիքը ունի նոր մեկնաբանութեան որ զայն վերադարձնէ իրեն ծագումին։

Եթէ անձ մը բարի սիրտ ունի, ու հակում ունի սիրելու, ան կը հասկնայ թէ Աստուծոյ ամէն մէկ խօսք պէտք է մարմնանայ։ Սէրը արդարեւ անսահման է՝ կարելի է սիրել նոյնիսկ թշնամին ինչպէս կը հաստատէ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս «Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարի՛ք ըրէք անոնց՝ որ կ՚ատեն ձեզ, եւ աղօթեցէ՛ք անոնց համար՝ որ կը պախարակեն ու կը հալածեն ձեզ,որպէսզի ըլլաք ձեր երկնաւոր Հօր որդիները. որովհետեւ իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ բարիներուն վրայ, եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ անարդարներուն վրայ»:

Հայր մեր աղօթքով Երկայնին Հօր զաւակները կը դառնանք 

Ահա այս է մեծ գաղտնիքը. «դառնալ Երկնքի մէջ գտնուող Հօր զաւակները»։ Քրիստոնեան արդարեւ մէկ մը չէ որ յանձնառու է ուրիշներէ աւելի բարի ըլլալու. Ան գիտակից է թէ մեղաւոր է, նման բոլորին։ Քրիստոնեան պարզապէս այն անձն է որ կանգ կ՛առնէ բոցավառ փուշին դիմաց, այդ Աստուծոյ յայտնութեան առջեւ որ իր զաւակներէն կը խնդրէ որ զինք կոչեն Հայր ու վերանորոգուին իր զօրութեամբ, ապա անոր բարութեան շողը ցոլացնեն աշխարհի մը մէջ որ ծարաւն ունի բարիին ու բարի լուրերուն։

Յիսուս ապա կը զգուշացնէ կեղծաւորներէն ու անոնց ձեւով կատարուած աղօթքէն։ «Երբ աղօթէք, շատախօս մի՛ ըլլաք հեթանոսներուն պէս, որովհետեւ կը կարծեն թէ պիտի ընդունուին՝ իրենց շատ խօսելուն համար:Ուրեմն մի՛ նմանիք անոնց, որովհետեւ ձեր Հայրը գիտէ ձեր պէտքերը՝ դեռ դուք չխնդրած իրմէ:Ուստի դուք սա՛պէս աղօթեցէք. “Հա՛յր մեր՝ որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ»։

Աստուած պարզապէս կ՛ուզէ որ բաց պահենք իր հետ հաղորդակցութիւնը

«Հայր մեր աղօթքը կարող է ըլլալ լռելեան աղօթք. Բաւ է որ մենք մեզ դնենք Աստուծոյ հայեացքին տակ, յիշել անոր Հօրենական սէրը ու մեր աղօթքը լսելի կը դառնայ» հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ յանձնարարելով աղօթքը կատարել ոչ թէ թութակի նման այլ ի սրտէ, անկեղծութեամբ։

Մեր Աստուածը ոչ մէկ բանի պէտք ունի՝ ան պարզապէս կ՛ուզէ որ աղօթքի միջոցաւ իր հետ բաց պահենք հաղորդակցութեան խողովակ մը, որպէսզի միշտ աւելիով մենք մեզ վերագտնենք որպէս անոր սիրեցեալ զաւակներ, որովհետեւ Ան մեզ կը սիրէ անհուն կերպով։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/01/2019, 10:06