Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 2019-ի առաջին քարոզը. «Մենք կ՛ապաւինինք Քու պաշտպանութեանդ ով Մայր»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 1 Յունուար 2019-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Զարմանքը՝ ասոր հրաւիրուած ենք այսօր, Սուրբ Ծննդեան տօնին ութօրէքի աւարտին, մեր հայեացքը ուղղած մեզի համար ծնած Մանուկին վրայ, ամէն ինչէ զուրկ սակայն հարուստ սիրով։ Զարմանքը՝ տարուայ սկիզբի վարուելակերպն է որովհետեւ կեանքը պարգեւ մըն է ու մեզի միշտ առիթ կու տայ վերսկսելու»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ 1 Յունուար 2019-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր տօնին  նուիրուած տարւոյս այս առաջին օրը։

Քահանայապետը մատնանշեց Մայր Աստուծոյ տօնին ու խորանին վրայ զետեղուած սրբապատկերին «որուն առջեւ եւս պէտք է զարմանանք» ըսաւ Ան յայտնելով որ Անոր միջոցաւ Աստուած կապուեցաւ մարդկութեան առ յաւէտ։

«Աստուած ու մարդը միշտ իրար հետ, ահա այս է տարուայ սկիզբի բարի լուրը» յարեց Նորին Սրբութիւնը  ապա հրաւիրեց Աստուածամօր դիմել ու Անորմէ հայցել շնորհքը՝ անակնկալներու Աստուծոյ դիմաց զարմանքի։

«Կեանքը առանց զարմանքի տժգոյն կը դառնայ, միապաղաղ, այսպէս է նաեւ հաւատքը» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով որ Եկեղեցին եւս պէտք ունի զարմանքի նորոգումին, որպէսզի չի դառնայ լոկ թանգարան մը։

«Ընկալենք ուրեմն Աստուածամօր խորհուրդը ու զայն հռչակենք Եփեսոսի բնակիչներուն նման «Սուրբ Մայր Աստուծոյ», թոյլ տալով որ ան մեզի նայի, մեզ ողջագուրէ, ու մեր ձեռքէն բռնած մեզ առաջնորդէ» հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապ  շեշտը դնելով վերոնշեալ  երեք արարքներուն վրայ։

Թոյլ տալ որ Տիրամայրը մեզի նայի, յատկապէս երբ կարիքի մէջ ենք, որովհետեւ ան մեր մէջ կը տեսնէ միայն զաւակներ, ան մեզ կը խարսխէ Եկեղեցւոյ մէջ ուր միութիւնը աւելի արժէք ունի քան տարբերութիւնները ու մեզ կը խրախուսէ մէկը միւսին հոգ տանելու։ Հայեացքէն ետք կու գայ սիրտը. Տիրամայրը արդարեւ ամէն ինչ կը պահպանէր իր սրտին մէջ։ «Այսօրուայ յօշոտուած աշխարհին մէջ կարիքը ունինք Տիրամօր վստահելու ու վայելելու անոր ողջագուրումը» յարեց Սրբազան Պապը նշելով թէ Տիրամայրը անձկութիւններու դարման է, Մայր է մխիթարութեան։ Ան ներկայ է ամէն տեղ ուր կարիքը կայ անոր, այնպէս ինչպէս երբ փութաց իր ազգականին ՝Եղիսաբեթին մօտ։

Մայրերն են որոնք իրենց զաւակներուն ձեռքէն բռնած զանոնք կ՛առաջնորդեն դէպի կեանք։ Թէեւ բազմաթիւ են այսօր այն զաւակները որոնք մոլորած են,  հեռացած իրենց մայրերէն ու մոռցած մայրական սէրը… մինչ մենք պէտք է  մայրերէն սորվինք թէ հերոսութիւնը կը կայանայ անձնանուիրումի մէջ, զօրութիւնը գթութեան մէջ ու իմաստութիւնը հեզութեան մէջ։

Տիրամայրը աւելորդ ընտրութիւնն մը չէ, Ան պէտք է միշտ ընկալուի մեր կեանքին մէջ։ Ան խաղաղութեան թագուհին է որ կը յաղթէ չարին ու կ՛առաջնորդէ բարիի ուղիներուն վրայ,  Ան միութիւնը կը հաստատէ զաւակներուն միջեւ ու կը դաստիարակէ զանոնք ողորմութեան ու գթասիրութեան։

Քահանայապետը քարոզը եզրափակեց հետեւեալ աղօթքով. «Մեր ձեռքէն բռնէ մեզ Մարիամ։ Քեզի կառչած պատմութեան ամենէ դժուար  խաչմերուկները պիտի յաղթահարենք։ Մեր ձեռքէն բռնած մեզ մղէ վերագտնելու մեզ միաւորող կապերը։ Մեզ համախմբէ միասին քու հովանիիդ տակ, իսկական սիրոյ քնքշութեան մէջ, այնտեղ ուր կը վերակենդանանայ  մարդկային ընտանիքը «Քու պաշտպանութեան տակ մենք ապաստան կը փնտռենք Սուրբ Մայր Աստուծոյ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2019, 11:10