Որոնել

Կամաւորներու հետ հանդիպում Կամաւորներու հետ հանդիպում 

ԵՀՕ կամաւորներուն հետ ունեցած հանդիպումով Քահանայապետը եզրափակեց Փանամայի առաքելական ճամբորդութիւնը։

Չկայ աւելի մեծ սէր քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 27 Յունուար 2019-ին, Փանամայի ժամանակացոյցով 16.30-ին (Հռոմի ժամով 22.30-ին) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը «Ռոմել Ֆենանտէս Խուան Տիազ» մարզադաշտին մէջ հանդիպում ունեցաւ ԵՀՕ հաւաքին կամաւորներուն հետ որոնց յանձնառու աշխատանքին շնորհիւ ԵՀՕ հաւաքը ընթացաւ յաջողութեամբ ու հասաւ իր աւարտին։

Հանդիպման սկիզբը ողջոյնի խօսք արտասանեց ԵՀՕ ընդհանուր պատասխանատուն որուն յաջորդեցին երեք երիտասարդներու վկայութիւնները՝ առաջինը Լեհաստանէն՝ ուր տեղի ունեցած էր անցեալ ԵՀՕ հաւաքը, երկրորդը Փանամացի ուր տեղի ունեցաւ 2019-ի հաւաքը մինչ երրորդը Փորթուկալցի՝ տրուած ըլլալով որ ԵՀՕ յառաջիկայ հաւաքը պիտի կազմակերպուի Լիզպոնի մէջ՝ 2022 թուականին։

Վկայութիւններէն ետք ելոյթ ունեցաւ  նաեւ Փանամայի Արքեպիսկոպոսը, հուսկ Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամը, որուն մէջ յայտնեց թէ նախ քան ԵՀՕ հաւաքը աւարտելը ուզեց այս հանդիպումը ունենալ շնորհակալութիւն յայտնելու իւրաքանչիւրին՝ այս օրերուն ու անցեալ ամիսներուն մատուցած ծառայութեան համար։

 «Չկայ աւելի մեծ սէր քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար»

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ երեք երիտասարդներու ներկայացուցած վկայութիւններուն համար որոնց ունկնդրութիւնը, ըսաւ Ան, մեզի նկատել կու տայ թէ հաղորդութիւնը որ կը ստեղծուի երբ կը միանանք՝ ուրիշներուն ծառայելու համար»։

Մէջբերելով Յիսուսին խօսքերը «Չկայ աւելի մեծ սէր քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար» (Յովհ 15, 13) Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց դժուար  պահերուն ու զոհողութիւններուն որոնք յատկանշեցին երիտասարդներուն ծառայութեան այդ ընթացքը, «որոնք սակայն արգելք չի հանդիսացան առաջնահերթ տեղ տալու առաքելութեան ու ծառայութեան» դիտել տուաւ Քահանայապետը ու բոլորին նորոգեց իր գնահատանքը, նոյնիսկ ամենայետին ծառայութեան համար, ինչպէս ուխտաւորին գաւաթ մը ջուր նուիրելը»  յարեց Սրբազան Պապը այդ ծառայութեան հետ միասին շեշտը դնելով աղօթի կարեւորութեան վրայ ու հաստատելով թէ «Աղօթքը միշտ աւելի արժէք ու կենսունակութիւն կը շնորհէ մեր բոլոր արարքներուն» ու նաեւ «աղօթքի միջոցաւ կը բացայայտենք թէ մաս կը կազմենք մէկ ընտանիքի»։

«Դուք ձեր ժամանակը, ձեր կարողութիւնները ու կենսամիջոցները նուիրեցիք երազի ու այս հաւաքի կառուցումին համար» ըսաւ ապա Քահանայապետը այդ յանձնառումը նկատելով հրաշքը մը։  «Հրաշք յոյսի» ըսաւ Ան ակնարկելով Սթելլա Մարիս անունով Փանամացի երիտասարդուհիի վկայութեան որ ուզենալով մասնակցիլ Քրաքովիայի ԵՀՕ հաւաքին ամիսներու ընթացքին հաւաքած էր ճամբորդութեան ծախսի գումարը, սակայն ետքը ստիպուած եղած էր հրաժարիլ ու այդ գումարը յատկացնել իր մեծ հայրիկին ու մեծ մայրիկին օգնութեան համար։

«Դուն հրաժարեցար այդ ճամբորդութիւնը իրականացնելէ օգնելու համար քու հարազատներդ առանց գիտնալու որ Տէրը քեզի  վերապահած էր այլ նուէր մը՝ ԵՀՕ քու երկիրիդ մէջ» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով որ «բազմաթիւ երիտասարդներ Սթելլա Մարիսի նման հրաժարեցան իրենց հաճոյք պատճառող բազմաթիւ բաներէ»։

Տէրը  մեզի կը հատուցէ մէկին տեղ հարիւր

«Ամէն անգամ որ կը հրաժարինք մեզի հաճելի բանէ մը ի նպաստ ուրիշներու բարիքին, յատկապէս դիւրաբեկներուն կամ մեր արմատները հանդիսացող հարազատներուն, Տէրը զայն մեզի կը հատուցէ մէկին տեղ հարիւր» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ «որովհետեւ վեհանձնութեան մէջ ոչ մէկը կարող է մրցակցիլ Տիրոջ հետ ու սիրոյ մէջ ոչ մէկը կարող է զայն գերադասել» աւելցուց Ան հրաւիրելով երիտասարդները վեհանձնութեան։

«Տուէք եւ պիտի տրուի ձեզի» բացագանչեց Սրբազան Պապը ու ակնարկելով կամաւորներու ապրած փորձառութեան նշեց թէ այժմ ժամն է առաքելութեան. Գացէք ու պատմեցէք. Գացէք ու վկայեցէք. Գացէք ու փոխանցեցէք այն ինչ որ տեսաք եւ լսեցիք։ Այս բոլոր բաները ճանչցուցէք ուրիշներուն, խօսքով այո, սակայն նաեւ առօրեայի փոքրիկ արարքներով» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով բոլոր ներկաները հայցելու Տիրոջ օրհնութիւնը ու իրենց զիրենք դնելու Տիրամօր հովանիին տակ։

«Այնպէս ինչպէս ըսած էի Քրաքովիայի մէջ, չեմ գիտէր եթէ յառաջիկայ ԵՀՕ հաւաքին ես ներկայ պիտի ըլլամ. Սակայն Պետրոսը վստահաբար ներկայ կ՛ըլլայ ու ձեզ կը վերահաստատէ հաւատքին մէջ։ Յառաջ ընթացէք, քաջութեամբ ու արիութեամբ ու բարեհաճեցէք չմոռնալ աղօթելու ինծի համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով իր խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2019, 23:30