Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին մեկնումը Ֆրանչիսկոս Պապին մեկնումը 

Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Փանամայի առաքելական ճամբորդութիւնը։

Փանամայի առաքելական ճամբորդութեան հիմնական նպատակն է երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն տօնախմբութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 22 Յունուար 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ առնելով Վատիկանէն ուղղուեցաւ Հռոմի Ֆիումիչինօ միջազգային օդակայան, որտեղէն իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներու ու 70 աւելի լրագրողներու հետ, մեկնեցաւ առաւօտեան 9.51 ին դէպի Փանամա, ուր զինք կը սպասեն 100 հազարէ աւելի երիտասարդներ, միասին տօնախմբելու համար Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերու 34-րդ հաւաքը, որ սկիզբ առաւ 22 Յունուարին ու վերջ կը գնտէ կիրակի 27 Յունուար 2019-ին։

Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող Ալիթալիա օդանաւային ընկերութեան օդանաւը, սաւառնելէ ետք 10 երկիներու օդային տարածքներու վրայէն, Փանամայի միջազգային օդակայան վայրէջք կը կատարէ, 12 ժամ 55 վայրկեան տեւող  թռիչքէ մը ետք, տեղական ժամով  16.30-ին որ  Հռոմի ժամանակով կը համապատասխանէ 22.30-ին։

Առաքելական միջազգային 26րդ ճամբորդութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապին սոյն ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ Քահանայապետութեան առաքելական միջազգային 26րդ ճամբորդութիւնը, մինչ Փանաման կը հանդիսանայ Քահանայապետին այցելած 40-րդ երկիրը։ Ֆրանչիսկոս Պապէն առաջ Փանաման այցելած է նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը՝ 5 մարտ 1983-ին, միօրեայ այցելութեամբ։

Փանամայի առաքելական ճամբորդութեան հիմնական նպատակն է երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն տօնախմբութիւնը։

Փանամայի Եկեղեցին

Փանաման փոքրիկ երկիր մըն է ու անոր գրեթէ 4  միլիոն բնակչութեան 93 առ հարիւրը քրիստոնեայ են, որոնցմէ 89 առ հարիւրը կաթողիկէ։ Կաթողիկէ եկեղեցին կազմուած է ութը եկեղեցական գաւառներէ եւ 196 ժողովրդապետութիւններէ ու այլ 164 հովուական կեդրոններէ ուր կը գործեն 15 եպիսկոպոսներ, 420 կուսակրօն քահանաներ, 81 սարկաւագներ եւ 450 կրօնաւորուհիներ ու աւելի քան 4200 աշխարհական միսիոնարներ եւ 1960 կրօնուսոյցներ։

Քրիստոնէութեան ծագումը

Փանամայի մէջ քրիստոնէութեան տարածումը սկիզբ առած է ԺԶ դարու սկիզբը՝ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան միսիոնարներու շնորհիւ, որոնց կը յաջորդեն Տոմինիքեան, Յիսուսեան, Քափուչին եւ Օգոստինեան միաբանութիւններու անդամ միսիոնարները։

2012-2013 տարեշրջանին Փանաման նշեց ԼԱ ԱՆԹԻԿՈԻԱ Տիրամօր նուիրուած՝ Ամերիկայի առաջին թեմին 5րդ դարադարձի յոբելեանը։  Լա Անթիկուայի Տիրամայրը 2001-ին հռչակուեցաւ Փանամայի պաշտպան սրբուհի, անոր տօնը կը յիշատակուի ամէն տարուայ 9 սեպտեմբերին.

Ֆրանչիսկոս Պապին ԵՀՕ երրորդ հաւաք

Փանամայի ԵՀՕ հաւաքը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած Երիտասարդութեան համաշխարհային երրորդ հաւաքը՝ 2013-ին Պրազիլի Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ, ապա 2016-ին Լեհաստանի Քրաքովիա քաղաքին մէջ կայացած Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերէն ետք։

Առաջին օրուայ յայտագիրը

Փանամա Ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը պիտի դիմաւորուի տեղական քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններու կողմէ, Երկիրն Նախագահի առաջնորդութեամբ, ինչպէս նաեւ 2000 աւելի հաւատացեալներու կողմէ։

Առաջին օրուայ յայտագիրին մէջ, բացի բարի գալուստի «փրոթոքոլային» արարողութենէն, նախատեսուած չեն պաշտօնական այլ գործունէութիւններ, առ այդ Սրբազան Պապը օդակայանէն կ՛ուղղուի Փանամայի Առաքելական  Դեսպանութիւն, որ այս օրերուն կը հանդիսանայ անոր նստավայրը։

Նորին Սրբութիւնը Փանամայի քաղաք մուտք կը գործէ Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժ՝ «Փափամոպիլէ» ով, առիթ ունենալով ողջունելու ճամբաներու եզերքին զինք սպասող եւ ծափողջոյններով զինք դիմաւորող Փանամայի հաւատացեալ ժողովուրդը։

Այս առթիւ յայտնենք թէ Փանամայի հանրապետութիւնը իր անկախութիւնը ընդունած է 3 նոյեմբեր 1903-ին, երբ Միացեալ Նահանգներու օգնութեամբ կը բաժնուի Քոլոմպիայէն։  Մինչ Վատիկանի հետ դիւանագիտական կապերը հաստատուած են 1904-ին։

Պաշտօնական հանդիպումները

Փանամա կեցութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում կ՛ունենայ Երկիրն Նախագահին ու քաղաքական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ, ապա կը հանդիպի կեդրոնական ամերիկայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին հետ մինչ 24 յունուարի երեկոյեան պաշտօնական բացումը կը կատարէ ԵՀՕ հաւաքին։

Փանամայի երիտասարդներու բանտը եւ երիտասարդական հաւաքները

Քահանայապետը ապա պիտի այցելէ Փանամայի երիտասարդներու բանտը ուր նաեւ պիտի մատակարարէ խոստովանանքի ու ապաշխարութեան խորհուրդը։ Ան պիտի հանդիսապետէ  երիտասարդներու Ճանապարհ Խաչիի արարողութիւնը, ապա օծումը պիտի կատարէ Սանթա Մարիա Լա Անթիկուա աթոռանիստ եկեղեցւոյ, հուսկ կէսօրուան ճաշը պիտի բաժնեկցի խումբ մը երիտասարդներու հետ, մինչ ԵՀՕ հաւաքին փակման արարողութեան նախօրեակին՝ 26 յունուարի երեկոյեան, պիտի գլխաւորէ երիտասարդներու հսկումի արարողութիւնը, ապա 27 յունուարի առաւօտեան, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոսի անուան այգիին մէջ մատուցած սուրբ պատարագով կ՛եզրափակէ ԵՀՕ 34 հաւաքը ու նոյն վայրէն կը յայտարարէ ԵՀՕ  յաջորդ հաւաքին վայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառերը

Ֆրանչիսկոս Պապ Փանամայի մէջ պիտի ունենայ 10 ելոյթներ, որոնցմէ երեքը քարոզներ են, վեցը ճառեր ու մէկը Մարեմեան Աղօթք։  Նորին Սրբութեան Հռոմ վերադարձը նախատեսուած է 28 Յունուարի առաւօտեան 11.50-ին

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2019, 09:00