Որոնել

Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին 13 Յունուարի Մարեմեան Աղօթքը։

Յիսուսի Մկրտութեան տօնը առիթ է վերանորոգելու մեր մկրտութեան խոստումները, յանձնառու ըլլալով ամէն օր պահպանելու զանոնք։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր Սուրբ Ծննդեան ծիսական ժամանակի աւարտին, կը տօնախմբենք Յիսուսի Քրիստոսի մկրտութեան տօնը։ Ծիսակատարութիւնը մեզ կը հրաւիրէ լաւապէս ճանչնալու Յիսուսը որուն սուրբ Ծնուդնը տօնեցինք մի քանի օրեր առաջ։ Ասոր համար օրուան Աւետարանը, որ քաղուած է Ղուկաս Աւետարանիչէն, մեզի կը բացայայտէ երկու կարեւոր իրականութիւններ. Յիսուսի յարաբերութիւնը մարդոց հետ ու Անոր յարաբերութիւնը իր Հօր հետ»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութեան զոր արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն, կիրակի 13 Յունուար 2019-ի կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

«Այսօրուայ տօնը նաեւ Տիրոջ յայտնութեան տօնն է»  ըսաւ Սրբազան Պապը, Յիսուս նախ քան ջուրին մէջ մխրճուիլը մկրտութիւնը ընդունելու համար Յովհաննէս Կարապետէն, մխրճուեցաւ մարդոց միջեւ, առաւ մեր կերպարանքը, կիսեց մարդկային փորձառութիւնը, բացի մեղքէն։ Աստուծոյ Որդին մարդեղացաւ իր վրայ առնելու ու աշխարհը ազատելու մեղքէն։ Ան Յովհաննէսին մօտ երթալով մեզի ցոյց կու տայ իր առաքելութեան տրամաբանութիւնը եւ Սուրբ Հոգին որ աղաւնաձեւ կ՛իջնէ Անոր վրայ նշանն է թէ Յիսուս սկիզբ կու տայ նոր աշխարհի մը, նոր ստեղծագործութեան մը, որուն մաս կը կազմեն բոլոր անոնք որոնք իրենց կեանքի մէջ կ՛ընկալեն Քրիստոսը։ Արդարեւ մեզմէ իւրաքանչիւրիս եւս ուղղուած են Հօր Աստուծոյ խօսքերը «դու ես իմ սիրելի որդիս որուն ես հաճեցայ»։ «Հօր Աստուծոյ այդ սէրը որ ընդունեցանք մեր մկրտութեան օրը, մեր սրտերուն մէջ վարուած ճրագ մըն է, որ կարիքը ունի սնանուելու աղօթքով ու եղբայրսիրութեամբ» ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը ակնարկելով Յիսուսին մկրտութենէն ետք կատարած արարքին, այն է մխրճուիլ աղօթքին մէջ, այսինքն հօր հետ յարաբերութեան ու հաղորդութեան մէջ։

«Եկեղեցւոյ ու մեր կեանքն ալ պէտք է խարսխուած ըլլայ Յիսուսին մէջ, ու հարկաւոր է որ ան վերածնի յարատեւ աղօթքի, աւետարանութեան եւ առաքելութեան մէջ, քրիստոնէական յստակ վկայութիւն մը շնորհելու համար ոչ թէ մարդկային ծրագիրներու այլ Աստուծոյ ծրագրին ու անոր ձեւերուն համաձայն» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու խորհրդածութիւնը աւարտեց ըսելով «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Յիսուսի Մկրտութեան տօնը առիթ է վերանորոգելու մեր երախտագիտութիւնը ու մեր մկրտութեան խոստումները,  յանձնառու ըլլալով ամէն օր այդ խոստումները պահպանելու։

«Յիսուս մեզ ազատեց ոչ թէ մեր արժանիքներու համար այլ իրագործելու հօր Աստուծոյ մեծվայելչութիւնը որ մեզ ողորմած կը դարձնէ բոլորին նկատմամբ։ Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը՝ ողորմութեան Մայրը, ըլլայ մեր առաջնորդը ու մեր օրինակը» - ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը ապա  հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը որուն աւարտին ողջոյնի խօսք ուղղելով  հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն, յիշեց առաւօտեան Սիքստինեան մատրան մէջ նախագահած Մկրտութեան Խորհուրդի արարողութիւնը, խնդրելով ներկաներէն աղօթել այդ մանուկներուն ու անոնց ընտանիքներուն համար, հուսկ հրաւիրեց բոլոր ներկաները միշտ ի միտ ունենալու իրենց մկրտութեան յիշողութիւնը։ «Այնտեղ արդարեւ կը գտնուին մեր Աստուծոյ մէջ կեանքի արմատները, արմատները մեր յաւիտենական կեանքին, զոր Յիսուս Քրիստոս շնորհեց  մեզի իր մարդեղութեամբ, չարչարանքով, մահով եւ Յարութեամբ» ըսաւ Քահանայապետը ու խօսքը աւարտեց հրաւիրելով հաւատացեալները թոյլ տալու առաջնորդուիլ Սուրբ Հոգիէն, ու օրուան ընթացքին միշտ հայցել Անոր օգնութիւնը, «որպէսզի սիրով ապրինք սովորական իրադարձութիւնները ու զանոնք դարձնենք արտասովոր» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա բարի կիրակի մաղթեց բոլորին ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2019, 12:15