Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապի Ռոմանիոյ առաքելական ճամորդութեան խորհդանիշը Ֆրանչիսկոս Պապի Ռոմանիոյ առաքելական ճամորդութեան խորհդանիշը 

Ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Ռոմանիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան մասին յայտարարութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ Ռոմանիա պիտի այցելէ մայիս 31-էն 2 յունիս 2019-ին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի, ուրբաթ, 11 յունուար 2019-ին, հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ նշեց. «Ընդառաջելով Ռոմանիոյ Նախագահին, Պետական իշխանութիւններուն եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հրաւէրին, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ դէպի Ռոմանիա՝ 31 մայիսէն -2 յունիս 2019ին, այցելելու համար Պուղարեսթ, Լասի եւ Պլաժ քաղաքները ինչպէս նաեւ Սումուլէու Չիուք սրբավայրը : Ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութեան յայտագիրը պիտի հրապարակուի յաջորդիւ» :

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապի Ռոմանիոյ առաքելական ճամբորդութեան նշանաբանն է «Քալենք Միասին»: Մինչ Ճամբորդութեան խորհրդանիշին մէջ ներկայացուած է Տիրամօր հովանիին ներքեւ ընթացող Ռոմանիոյ ժողովուրդը:

Արդարեւ Ռոմանիան, յաճախ անուանուած է «Աստուածամօր պարտէզ», եզրով, որ շատ սիրելի է հաւատացեալներուն եւ օգտագործուած Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին կողմէ՝ 1999 թուականին Ռոմանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին:

Ֆրանչիսկոս Պապ եւս Ռոմանիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան համար կ՝որդեգրէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի ճամբորդութեան Մարեմեան շեշտը հրաւիրելով ՝ «միացնելու բոլոր ուժերը Սուրբ Կոյս Մարիամի պահպանիչ վերարկուին ներքեւ», ինչպէս նկարագրուած է «Միասին քալենք» ճամբորդութեան խորհրդանիշին մէջ:

Սուրբ Պետրոսի յաջորդը՝ Ռոմանիա պիտի այցելէ հաւատացեալները հրաւիրելու համար միութեան եւ ամրապնդելու զանոնք հաւատքին մէջ: Ճամբորդութեան Խորհրդանիշին մէջ օգտագործուած են Ռոմանիոյ ազգային դրօշակին գոյները. կապոյտ, դեղին եւ կարմիր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2019, 11:33