Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալ այցը Հռոմի հարաւային շրջանի արուարձան։

Կեդրոնի աշխատաւորներուն համար Սրբազան Քահանայապետին այդ այցը մեծ անակնկալ մըն էր։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ողորմութեան ուրբաթներ»  ձեռնարկի ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ուրբաթ 7 դեկտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին, այցելեց  Հռոմի հարաւային արուարձանի Լաուրենթինա շրջանին մէջ գտնուող երկու կեդրոնները  «CasAmica Onlus -այսինքն Բարեկամ Տուն» եւ  «Il Ponte e l’Albero - Կամուրջն ու Ծառը»։

Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլայի ընկերակցութեամբ, Նորին Սրբութիւնը նախ այցելեց «CasAmica Onlus» կեդրոնը ուր կ՛ընկալուին իտալիոյ բոլոր քաղաքներէն Հռոմի հիւանդանոցներուն մէջ խնամք ընդունելու համար Հռոմ եկած փոքրիկ հիւանդներն ու անոնց հարազատները եւ ուր անոնց կ՛ ապահովուի  ընտանեկան մթնոլորտ մը  միասնաբար դիմագրաւելու համար  դժուար ապրուած այդ պահերը։

Կեդրոնի աշխատաւորներուն համար Սրբազան Քահանայապետին այդ այցը մեծ անակնկալ մըն էր։ Ֆրանչիսկոս Պապ զրուցեց անոնց հետ ու ժամանակ անցուց այնտեղ խնամուած մանուկներուն հետ, ունկնդրելով անոնց ու անոնց ծնողներուն պատմութիւնները ապա մխիթարական ու քաջալերանքի  խօսքեր ուղղեց բոլոր ներկաներուն։ 

«CasAmica Onlus» կեդրոնը այցելելէ ետք Սրբազան Պապը ուղղուեցաւ «Il Ponte e l’Albero» կերոն որ վերականգնողական բուժական կեդրոն մըն է, ուր հիւրընկալուած են  հոգեկան ու մտային հիւանդութենէ տառապող 12 երիտասարդներ։ Այստեղ եւս Նորին Սրբութեան այցելութիւնը զարմանքի մատնեց կեդրոնի բնակիչները, որոնք երկու ամիսներ առաջ նամակ մը յղած էին Ֆրանչիկսոս Պապին, որուն մէջ անոր կը պատմէին իրենց կեանքի անդրադարձներն ու  դժուարութիւնները։ Սրբազան Քահանայապետ մօտէն ծանօթանալէ ետք կեդրոնի գործունէութեան քաջալերանքի ու գնահատանքի խօսքեր ուղղեց բոլոր ներկաներուն ապա կեդրոնին նուիրեց Սուրբ Ծննդեան իտալական աւանդական անուշեղէնը՝ Փանեթթոնէն։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2018, 22:36