Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Անարատ Յղութեան արձանի ոտքին Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Անարատ Յղութեան արձանի ոտքին 

Պապը Տիրամօրմէ խնդրեց որ թիկունք կանգնի դժուարութեան մէջ ապրող ընտանիքներուն։

Հասարակաց բարիքի խնամքէն մեկնելով Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց նաեւ աղօթել անոնց համար որոնք հանրային պատասխանատու դիրքեր կը գրաւեն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անարատ Յղութեան տօնին առիթով «Փիացցա Տի Սպանիա» հրապարակի Տիրամօր արձանին  կատարած աւանդական ջերմեռանդական այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ աղօթք բարձրացուց Տիրամօր Անորմէ հայցելով յատուկ բարեխօսութիւն՝  բոլոր անոնց որոնք մեծ դժուարութեամբ յառաջ կը տանին իրենց կեանքը, անոնց համար խնդրելով ուժ, «որպէսզի չի վհատին դժուարութիւններու առջեւ, այլ ամէն օր ջանք թափեն աւելին ընելու՝ որպէսզի կեանքը աւելի դիւրին դառնայ» որովհետեւ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Հռոմը աւելի գեղեցիկ եւ ապրուելիք վայր դարձնելու համար կարիքը կայ բոլորին ներդրումին։ 

Ունկնդրէ լուրը

Հասարակաց բարիքի խնամքէն մեկնելով Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց նաեւ աղօթել անոնց համար որոնք հանրային պատասխանատու դիրքեր կը գրաւեն, որպէսզի ունենան իմաստութիւն, հեռատեսութիւն ծառայութեան եւ համագործակցութեան հոգի», հուսկ Հռոմի Թեմին բոլոր քահանաներուն համար, Սրբազան Հայրը հայցեց «աւետարանելու անուշ ուրախութիւնը» ու մարդոց մօտիկ ըլլալու պարգեւը։ Քահանայապետը ապա Տիրամօր յանձնեց բոլոր նուիրեալ անձինքը, անոնց համար եւս հայցելով ուրախութիւնը, «ըլլալու պտղաբեր՝ աղօթքի, եղբայրսիրութեան եւ կարեկցութեան մէջ»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով ապա Սուրբ Ընտանիքին ու անոր մարդահամարի ընթացքին ապրած դժուարութիւններուն երբ Մարիամ եւ Սուրբ Յովսէփը թողուցին Նազարէդ քաղաքը ու մեկնեցան դէպի Բեթղեհէմ, ըսաւ «Դուն գիտես ի՞նչ ըսել է արգանդիդ մէջ կեանք մը գրկել ու շուրջդ տեսնել անտարբերութիւն, մերժում ու յաճախ նախատինք։ Ասոր համար քեզմէ կը խնդրեմ որ մօտիկ ըլլաս ընտանիքներուն, որոնք այսօր Հռոմի, Իտալիոյ ու համայն աշխարհի մէջ կ՛ապրին նման իրականութիւններ, որպէսզի անոնք լքուած չի մնան իրենց ճակատագրին, այլ պաշտպանուին անոնց իրաւունքները, մարդկային իրաւունքները, որոնք առաջնահերթ են որեւէ պահանջէ աւելի»։

Աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Կոյս Մարիամէն խնդրեց որ հովանի կանգնի Հռոմ քաղաքին անոր տուներուն, դպրոցներուն, աշխատանքի վայրերուն, խանութներուն,  հիւանդանոցներուն ու բանտերուն։ «Ոչ մէկ վայրի մէջ պակսի այն ինչ որ Հռոմի համար ամենէ թանկագին արժէքն է եւ որ կը պահպանէ համայն աշխարհին համար՝ Յիսուսին կտակը. «Սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ սիրեցի» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով աղօթքը։ 

Փիացցա Տի Սպանիա կատարած այցելութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը այցելեց նաւ «Իլ Մեսսաճերօ» Հռոմի օրաթերթի գրասենեակները՝ Թերթին 140 ամեակն առթիւ ու հանդիպում ունեցաւ Թերթիս աշխատակազմին հետ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2018, 23:00