Որոնել

Կուտալուփի Տիրամօր Սրբապատկերը Կուտալուփի Տիրամօր Սրբապատկերը 

Կուատալուփի Տիրամօր տօնին առթիւ Սուրբ Պետրոսի մէջ պատարագ Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ։

Կուատալուփի Տիրամօր ծիսական առաջին տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ 12 դեկտեմբեր 2011-ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի օրով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

12 դեկտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէի ժամը 6-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին շատ սիրելի ու Լատինամերիկայի պաշտպան սրբուհի` Կուատալուփի Տիրամօր տօնին առթիւ, Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Տիրամօր տօնին նուիրուած հանդիսաւոր սուրբ պատարագը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լատին Ամերիկայի երկիրներու հաւատացեալները։

Պատմութեան մեծերէն Մեքսիքացի Հայր Խօսէ Մարիա Մորելոս Ի Փավոնը այսպէս կը գրէր.«Լատին Ամերիկան իր ուժերէն աւելի կը վստահի Աստուծոյ զօրութեան եւ Անոր ամենասուրբ Մօր բարեխօսութեան՝ որ Կուատալուփի հրաշագործ սրբանկարին միջոցաւ, որ յայտնուեցաւ Թեփեյաքի լեռան վրայ մեր մխիթարութեան ու պաշտպանութեան համար, մեզ կը պահպանէ»։

Կուատալուփի Տիրամօր նուիրուած արարողութիւնը սկիզբ կ՛առնէ  սուրբ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքով ու վերջ կը գտնէ Փանամայի մէջ մօտ օրէն տօնախմբուելիք Երիտասարդներու Համաշխարհային օրուան տաղով։

Յայտնենք որ Կուատալուփի Տիրամօր ծիսական առաջին տօնակատարութիւնը Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ 12 դեկտեմբեր 2011-ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի գլխաւորութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2018, 09:57