Որոնել

Կուատալուփէի Տիրամօր ծիսական տօնին նուիրուած սուրբ պատարագ Կուատալուփէի Տիրամօր ծիսական տօնին նուիրուած սուրբ պատարագ 

Կուատալուփէի Տիրամօր պատարագ։ «Մարիամ Աւետարանի առաջին դաստիարակն է». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Աստուածածնի դպրոցին մէջ կը սորվինք, թէ դերակատարի լաւագոյն արտայայտութիւնը ծառայութիւնն է

Չորեքշաբթի 12 դեկտեմբերին, Կուտալուփէի Աստուածամօր տօնին առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իր մատուցած Սուրբ Պատարագի քարոզին մէջ անդրադարձաւ Աստուածածնի «Մեծացուսցէ» գովերգին (Ղուկ 1, 46-48)։

Սրբազան Հայրը նկատեց թէ Մարիամ «Աւետարանի առաջին դաստիարակն» է։ «Մեծացուսցէ»ի խօսքերը մեզի կը յիշեցնեն այն խոստումները որ Աստուած տուած էր Հայրերուն եւ մեզ կը հրաւիրեն երգելու Աստուծոյ ողորմածութիւնը։ Մարիամ մեզի կը սորվեցնէ թէ առաքելութեան եւ յոյսի արուեստին մէջ կարիք չկայ բազմաթիւ խօսքերու եւ ծրագիրներու. ան պարզապէս կը քալէ եւ կ՚երգէ։

Ապա սրբազան Հայրը անդրադարձաւ այդ երկու բացատրութիւններուն՝ «քալել» եւ «երգել»։

Աստուածածինը կը փութայ այցելել Եղիսաբեթին. ան կը փութայ դէպի Յիսուս երբ Կանայի հարսանիքին ժամանակ կը տեսնէ թէ գինին կը պակսի. ան կը քալէ դէպի Գողգոթայ, դէպի խաւարի եւ ցաւի այդ սեմը։

Սրբազան Հայրը նկատեց թէ Աստուածածինը ընկերացաւ նաեւ Խուան Տիեկոյի եւ կը շարունակէ միշտ քալել հարաւ-ամերիկեան ցամաքամասին վրայ՝ սրբապատկերի մը կամ մոմի ու մետալի մը եւ կամ վարդարանի միջոցաւ. ան մուտք կը գործէ տուներէն, բանտերէն, հիւանդանոցներէն, բուժարաններէն, դպրոցներէն եւ կազդուրման կայաններէն ներս։

Մարիամի դպրոցին մէջ կը սորվինք մնալ ընթացքի մէջ՝ հասնելու համար հոն ուր պէտք է ներկայ ըլլանք, եւ կանգնիլ այն բազմաթիւ կեանքերուն առաջ, որոնք կորսնցուցած են եւ կամ որոնցմէ կորզուած է յոյսը։ Մարիամի դպրոցին մէջ մենք կը սորվինք քալել մեր քաղաքներուն մէջ, տալով լուծումներ խնդիրներու եւ ոչ միայն խոստումներ կատարելով. այնպիսի խոստումներ, որոնք կը կործանեն մշակոյթը եւ ընտանեկան ինքնութիւնը, նպատակ ունենալով հաստատել համաձեւ մտածողութիւն մը։ Ւսկ Մարիամի դպրոցը մեզի կը սորվեցնէ թէ ինչպէս պէտք  է քալենք մեր քաղաքներուն մէջ, սնուցանելով սրտերը այն բազմամշակոյթ հարստութեամբ որ մեզի կ՚ընձեռէ այս ցամաքամասը։

Մարիամ կը քալէ իր մէջ կրելով ուրախութիւնը եւ կը գովերգէ Աստուծոյ կատարած հրաշքները։ Անոր երգը ձայն կու տայ այն բոլոր մարդոց, որոնք կը կարծէին թէ չեն կարող երգել. Յովհաննէս Մկրտիչ կը խայտայ իր մօր որովայնին մէջ, Եղիսաբէթ կը սկսի օրհնել, Սիմէոն Ծերունին կը մարգարէանայ։

Աստուածածնի դպրոցին մէջ կը սորվինք ուրիշնե՛րը դարձնել դերակատար եւ ոչ թէ մեր անձը։ Ան քաջութիւն կը ներշնչէ, կը սորվեցնէ խօսիլ եւ մանաւանդ կը սորվեցնէ ապրիլ հաւատքի եւ յոյսի խիզախութիւնը։ Այսպէսով Աստուածածինը կը վերածուի Տիրոջ դիմագիծի արտայայտութեան, ցոյց կու տայ Անոր զօրութիւնը՝ հրաւիրելով մեզ որ մասնակցինք Անոր կենդանի տաճարի կառուցումին։ Մօր մը սրտով, Աստուածածինը կը բարձրացնէ եւ արժանապատիւ կը դարձնէ անոնք, որոնք զանազան պատճառներով եւ պարագաներու բերմամբ սուզուած կամ լքուած էին մոռացութեան մէջ։

Աստուածածնի դպրոցին մէջ կը սորվինք, թէ ըլլալ դերակատար կը նշանակէ չվախնալ ցուցաբերելէ գորով եւ խանդաղատանք, եւ գիտնալ թէ դերակատարի լաւագոյն արտայայտութիւնը ծառայութիւնն է։ Այդ դպրոցին մէջ կը սորվինք, թէ իսկական դերակատարութիւնը աստուածային սիրոյ զօրութեամբ կ՚արժեւորէ բոլոր անոնք որոնք ինկած են։

Մարիամ, «Աւետարանի դաստիարակը» քալեց եւ երգեց մեր ցամաքամասին վրայ։ Կուատալուբէի Աստուածածին կը մեծարուի բոլորին կողմէ, Ան պարզապէս լատին-ամերիկացի է՝ Մայրը այս պտղաբեր եւ առատաձեռն այս երկրին, ուր բոլորս կրնանք մեզ նկատել իբր կարեւոր դերակատար Աստուծոյ ընտանիքի Սուրբ Տաճարի կառուցումին։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր քարոզը փակեց, կոչ ուղղելով՝ «Լատին-ամերիկեան զաւակ եւ եղբայր, անվա՛խ կերպով երգէ՛ եւ քալէ՛ այնպէս ինչպէս կատարեց քու Մայրդ։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2018, 20:00