Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթեց Ինտոնեզիայի  համար Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթեց Ինտոնեզիայի համար 

Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթեց Ինտոնեզիայի համար ու յիշեց աշխարհի ընտանիքները։

Քրիստոնեայ հասարակութեան դռները բաց են. Յիսուս կը ծնի բոլորին համար եւ բոլորին կը պարգեւէ Աստուծոյ սէրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 23 դեկտեմբեր 2018-ի կէսօրին քահանայապետական  գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջոյնի խօսք ուղղելով հրապարակը համախմբուած  հաւատացեալներուն, յիշեց Ինտոնեզիայի բնակչութիւնը, որ վերջին ժամերուն թիրախ դարձաւ բնական աղէտի մը, որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր ու ծանր վնասներ։  Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւէր ուղղեց հաւատացեալներուն միանալու իրեն աղօթքներուն ի սպաս զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն, մօտիկութիւն յայտնելով բոլոր տնանկներուն ու տառապողներուն ու անոնց համար մխիթարութիւն եւ սփոփանք հայցելով Աստուծմէ։ Ան ապա կոչ ուղղեց որպէսզի այդ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն չի պակսի Միջազգային հասարակութեան զօրակցութիւնը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը

Սրբազան Պապը հուսկ նշեց թէ միւս օրը պիտի տօնենք Ծնունդը։  «Կը մտաբերեմ յատկապէս ընտանիքները, որոնք այս օրերուն դարձեալ կը համախմբուին։ Ծնունդի ընթացքին գեղեցիկ ու կարեւոր է միասին ըլլալ ընտանեկան յարկին տակ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով այն բոլոր անձերուն որոնք զանազան պատճառներով կարողութիւնը չունին իրենց ընտանիքներուն մօտ գտնուելու ու անոնց ուղղելով իր խօսքը ըսաւ. «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր մեր երկնային Հայրը ձեզ չի մոռնար ու ձեզ երբեք չի լքեր։ Եթէ Քրիստոնեայ էք, կը մաղթեմ որ Եկեղեցւոյ մէջ գտնէք իսկական ընտանիք մը, ուր փորձարկել եղբայրական սէրը»։ Ապա բոլորին կ՛ըսեմ քրիստոնեայ հասարակութեան դռները բաց են. Յիսուս կը ծնի բոլորին համար եւ բոլորին կը պարգեւէ Աստուծոյ սէրը» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով Բարի Կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2018, 12:26