Որոնել

Կրօնաւորուհիներ Կրօնաւորուհիներ 

Սպանիայի Կրօնաւորներու համահաւաք դասի ընդհանուր ժողովին ուղղուած Քահանայապետական պատգամ։

«Որպէս կրօնաւորներ պարտականութիւնն ունինք ոչ թէ հերոսական կեանք մը ապրելու այլ խոնարհութեամբ մօտիկ ըլլալու տառապողներուն, մեր յոյսն ու վստահութիւնը դնելով միշտ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի վրայ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

 

13-15 նոյեմբեր 2018-ին, Մատրիտի մէջ տեղի կ՛ունենայ Սպանիայի կրօնաւորներու համահաւաք դասի տարեկան 25-րդ լիագումար նիստը՝ որուն առիթով Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց ժողովականներուն շնորհաւորելով  25 տարիներու պտղաբեր ու բեղուն աշխատանքը «որոնց ընթացքին եղբայրութեան կապեր հաստատուեցան կրօնաւորներու միջեւ» գրեց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով զանոնք վստահութեամբ նայելու Սպանիայի մէջ կրօնաւորական կեանքի ապագային հիմնուելով լիագումար նիստի բնաբանին վրայ «ձեզի պիտի տամ յոյսով լի ապագայ մը»։

«Տէրը մեզի յոյս կը պարգեւէ իր սիրոյ պատգամներով եւ իր անակնկալներով որոնք յաճախ մեզ կը  շփոթեն , սակայն մեզ կ՛օգնեն դուրս գալու մեր հոգեկան եւ մտային փակումներէն» գրեց ապա Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց կրօնաւորները զանց չընելու ջանքերը՝ ծառայելու եւ ոգեւորելու Սպանիայի կրօնաւորական կեանքը «Եկեղեցին մեզ կ՛ուզէ մարգարէներ՝ այսինքն յոյսի մարդիկ եւ կիներ» գրեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով նաեւ կրօնաւորական կեանքի դժուարութիւններուն, կոչումներու նուազումին, տնտեսական հարցերուն ու համաշխարհայնացումի մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ  յարաբերականութեան սպառնալիքներուն, դիտել տալով թէ այս պարագաներուն միայն Տէրն է որ կարող է մեզի յոյս ներշնչել ու մեր օգնութեան հասնիլ։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հուսկ մօտիկ ըլլալ ու գործել երիտասարդներուն աւետարանութեան ի խնդիր, զանոնք վարակելով Աւետարանի ուրախութեամբ ու Քրիստոսի պատկանելիութեամբ։

Կարիքը կայ արի կրօնաւորներու որոնք նոր ճանապարհներ կը հարթեն եւ կոչումի հարցը կը դնեն որպէս հիմք քրիստոնէական կեանքին –գրեց ապա Սրբազան Քահանայապետը հայցելով Մարիամին՝ մեր Մօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի օգնէ մեզի շարունակելու կրօնաւորական պտղաբեր կեանք մը ունենալ։

Կրօնաւորական կեանքը կը քալէ սրբութեան մէջ։ «Որպէս կրօնաւորներ պարտականութիւնն ունինք ոչ թէ հերոսական կեանք մը ապրելու այլ խոնարհութեամբ մօտիկ ըլլալու տառապողներուն, մեր յոյսն ու վստահութիւնը դնելով միշտ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի վրայ։ Ասոր համար կանչուած ենք ապրելու եկեղեցւոյ մէջ եւ եկեղեցւոյ համար» գրեց Սրբազան Պապը յանձնարարելով այս մէկը ապրիլ դուրս ելլելով մեր հանգստաւէտութիւններէն ու մօտիկ ըլլալով մարդկութեան՝ տառապանգի ու յուսալքումի մէջ ապրողներուն, որոնք կը սպասեն Աւետարանին լոյսը։

Այսօրուայ իրականութիւնը կը պահանջէ պատշաճ պատասխաններ։ Ժամանակները փոխուած են ու հարկաւոր է որ մեր պատասխաններն ալ ըլլան տարբեր։ «Կը քաջալերեմ ձեզ համապատասխանելու մարտահրաւէրներուն նորանոր միջոցներով եւ ծրագիրներով միշտ հաւատարիմ մնալով Աւետարանին եւ Աստուծոյ սիրոյ ուղիին, աղօթքի կեանքով ու հասարակական զատորոշումի միջոցաւ ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսին հետ երկխօսութեան միջոցաւ ու յատկապէս ունկնդրելով Սուրբ Հոգիին ձայնին որուն հետ կարող ենք արդարեւ դառնալ յոյսի մարգարէներ» գրեց ապա Սրբազան Քահանայապետը պատգամին աւարտին հայցելով Տիրոջ օրհնութիւններն ու Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը ապա խնդրեց որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2018, 13:23