Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Լիբանանի նորանշանակուած դեսպանը: Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Լիբանանի նորանշանակուած դեսպանը: 

Ֆրանչիսկոս Պապին 5 նոյեմբերի գործունէութիւնը:

Սրբազան Հայրը ընդունեց կովասեան տարածաշրջանի Րաբունապետերու պատուիրակութիւն մը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 5 նոյեմբեր 2018-ին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց Փարակուայի հանրապետութեան նախագահ՝ տիար Մարիօ Ապտօ Պենիթեզն, անոր կողակիցն ու անոնց ընկերացող պատուիրակութիւնը, Մոնթեմարանօ թեմի տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս, գերապայծառ Սալվաթորէ Փեննաքիօ հուսկ՝ Պրազիլի Օպիտոս թեմի եպիսկոպոսը, գերապայծառ Պերնարտօ Յովհաննէս Պահլմանը:

Նորին Սրբութիւնը ապա «Պապերու» անուան դահլիճէն ներս ընդունեց Կովկասի «Mountain Jews - Լեռներու Հրեաներ» Տաճկիստանէն եւ Ազրպէյճանէն ժամանած Րաբունապետերու պատուիրակութիւն մը:

Ժամը 12,15-ին, Սրբազան Հայրը հաւատարմագիրերու ներկայացումի առիթով ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակուած դեսպան, Տիար Ֆարիտ Էլիաս Էլ Խազենը:

Ունկնդրէ լուրը

«World Congress of Mountain Jews» պատուիրակութեան անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին արտասանած իր խօսքին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց, այն առումով որ առաջին անգամն է որ յիշեալ պատուիրակութեան անդամները, կ՝այցելեն Վատիկան:

Ան ապա անդրադարձաւ անցեալ 23 սեպտեմբերին, Լիթուանիոյ մէջ Հրեայ հասարակութեան հետ ունեցած հանդիպումին, որ կը զուգադիպէր Հրէաներուն ողջակիզման յիշատակի օրուան՝ կազմակերպուած Վինիուս թաղամասի կործանման եւ հազարաւոր հրէաներուն սպանութեան 75 ամեակին առթիւ: Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, որ ինք աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, ողջակիզումի զոհերուն նուիրուած յուշարձանին դիմաց հայցելով Ամենակալէն, որ մխիթարէ իր ժողովուրդը:

Նորին Սրբութիւնը ապա անհրաժեշտ նկատեց ողջակիզումի յիշատակումը, դիտել տալով որ առանց անցեալի կենդանի յիշատակին, չկայ ապագայ եւ եթէ պատմութեան սեւ էջերէն չսորվինք դասեր՝ մարդկային արժանապատուութիւնը պիտի մնայ մեռած գիր մը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մտաբերեց հրէաներուն ողջակիզումը, յիշելով երկու ողբերգական դէպքեր. Հռոմի հրէաներուն թաղամասի կործանման եւ հրէաներու ողջակիզումի 75 ամեակը:  Երկրորդ, 9 նոյեմբեր 2018ին նշուելիք, այսպէս ըսուած «բիւրեղացուած գիշեր» 80 ամեակը այն գիշեր ուր կործամումի ենթարկուեցան հրէաներուն աղօթատեղիները, ի միտ ունենալով արմատախիլ ընել մարդու սիրտին եւ ժողովուրդի մը մէջ Արարչին ներկայութիւնը, ինչ որ բացարձակապէս անձեռնմխելի է ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ , նկատել տալով որ այն ժամանակ երբ՝ Բարի Աստուածը, կ՝ուզենք փոխարինել զօրութեան կռապաշտութիւնով եւ ատելութեան գաղափարապաշտութեամբ կը հասնինք՝ արարածները ոչնչացնելու յիմարութեան:

Երաշխաւորել «Կրօնային ազատութիւնը» գերագոյն բարիք է, մարդկային հիմնական իրաւունք, ըսաւ Սրբազան Հայրը դիտել տալով այսօր եւս դժբախտաբար կան հակասեմական կեցուածներ եւ այս առնչութեամբ նշեց, որ ինք բազմիցս անգամ ըսած է,  թէ քրիստոնեայ մը չի կրնար հակասեմական ըլլալ, որովհետեւ երկու կրօնները ունին հասարակաց արմատներ եւ բոլորը կանչուած են յանձնառու գտնուելու ՝մարդկային հասարակութենէն հակասեմականութիւնը ամբողջութեամբ ջնջելու:

Սրբազան Հայրը ապա նշեց, որ ինք բազմիցս անգամներ ընդգծած է հրէաներու եւ կաթողիկէներու միջեւ բարեկամութեան կարեւորութիւնը, որ հիմնուած է եղբայրութեան վրայ եւ արմատ ունի փրկութեան պատմութեան մէջ եւ առարկայական կը դառնայ փոխադարձ ուշադրութեան մէջ:

Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենակալին հրէաներուն եւ կաթողիկէներուն միջեւ բարեկամութենէ բխած ամէն բարիքի համար հաստատելով թէ «ուրիշներուն հետ երկխօսել եւ բոլորին համար աղօթել միջոցներ են, նիզակները մանգաղներու վերածելու՝  ճառագայթելու համար սէր՝ հոն ուր ատելութիւն կայ, եւ ներում՝ հոն ուր կայ թշնամութիւն»:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ այսօր ժամանակը չէ բռնարար լուծումներու , այլ ժամանակն է համերաշխութեան համբերատար գործընթացներ որդեգրելու,  հուսկ՝ խօսքը աւարտեց Աստուծմէ հայցելով, որ օրհնէ բարեկամութեան եւ վստահութեան ուղին, որպէսզի՝ միշտ եւ ամենուրեք խաղաղութեան մէջ ապրինք եւ դառնանք՝ խաղաղութեան արուեստագէտներ ու շինարարներ։ Շալոմ Ալեհեմ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2018, 12:00