Որոնել

Փակեալ կրօնաւորուհիներ Փակեալ կրօնաւորուհիներ 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ի նպաստ «փակեալ կրօնաւորներուն»։

Այս հասարակութիւններուն թող չպակսի համայն եկեղեցւոյ սէրը, մօտիկութիւնը ու նաեւ նիւթական աջակցութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 21 նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յիշեց թէ այսօր կը յիշատակուի «Տիրամօր Տաճար ընծայման» տօնը, որուն առթիւ կը յիշատակուի նաեւ «Փակեալ կրօնաւորներու» նուիրուած օրը։

«Այս մէկը առիթ է գոհութիւն մատուցելու Տիրոջ՝ նուիրեալ անձերու պարգեւին համար, որոնք իրենց կեանքը ամբողջութեամբ կը նուիրեն Աստուծոյ, աղօթքի, լռութեան ու թաքուն կեանք մը ապրելով։ Այս հասարակութիւններուն թող չպակսի համայն եկեղեցւոյ սէրը, մօտիկութիւնը ու նաեւ նիւթական աջակցութիւնը»  ըսաւ Սրբազան Պապը, որ ապա բոլոր հաւատացեալները ու մասնաւորապէս հիւանդները, երիտասարդներն ու նորապսակները հրաւիրեց իրենց հայեացքը ուղղելու Տիրամօր՝ Անոր որ յղացաւ Քրիստոսը։ «Անորմէ սորվինք ամբողջութեամբ նուիրուիլ Աստուծոյ ծրագրին որ վերապահուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին ու համայն աշխարհին» յարեց Սրբազան Քահանայապետը վերջ տալով հրապարակային ունկնդրութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2018, 10:40