Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Պենետիկտոս ԺԶ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Պենետիկտոս ԺԶ 

Պօղոս Զ.ի սրբադասման նախօրեակին Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ-ին։

Նշենք թէ Ժոզէֆ Ռացինկեր Քահանայապետը կարդինալ նշանակուած էր Պօղոս Զ Պապին կողմէ։

Շաբաթ 14 հոկտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին ուղղուեցաւ Վատիկանի Մաթեր Էկլեզիա վանք ուր այցելութիւն տուաւ վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ-ին, Պօղոս Զ եւ Օսքար Ռոմերոյի ու այլ 5 երանելիներու սրբադասման արարողութեան նախօրեակին։

Նշենք թէ Ժոզէֆ Ռացինկեր Քահանայապետը կարդինալ նշանակուած էր Պօղոս Զ Պապին կողմէ, անոր գումարած կարդինալական վերջին ժողովին ընթացքին՝ 27 յունիս 1977-ին։ Իսկ 27 ապրիլ 2014-ին Պենետիկտոս ԺԶ որպէս վաստակաւոր Քահանայապետ՝ իր մասնակցութիւնը բերած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ պապերու սրբադասման արարողութեան որ պատմական օրէն որակուեցաւ չորս Քահանայապետերու պատարագը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2018, 09:00