Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քրաքովիայի թեմի հաւատացեալները:

«Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Պապը երբեբ չի դադրիր իր շատ սիրած եկեղցւոյ եւ Քրաքովիայի վրայ հսկելէ :»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 10-ին՝ առաւօտեան, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց, Հռոմ ուխտագնացութեամբ ժամանած, Լեհաստանի Քրաքովիա թեմի աւելի քան 700 հաւատացեալներ:
Այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը ողջունելով Լեհ ուխտաւորները ըսաւ «Դուք եկած էք որպէս Քրաքովիայի Աստուծոյ սուրբ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ, որ 2016-ին ամառը, զիս հիւրընկալեց բազկատարած»։ Եկած էք գոհութիւն մատուցելու Աստուծոյ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին քահանայապետութեան եւ կեանքին համար, անոր՝ յառաջիկային նշուելիք Սուրբ Պետրոսի յաջորդ ընտրուելուն 40 ամեակին առթիւ» յարեց Նորին Սրբութիւնը եւ ակնարկելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին կեանքին նշեց, թէ Սուրբ Պապը , Տիեզերական եկեղեցին հարստացուց առատ պարգեւներով, որոնց մեծամասնութիւնը ժառանգեց Լեհաստան երկրի հողի եւ եկեղեցւոյ գանձէն ու հաւատքէն:

Ունկնդրէ լուրը

ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս իր սիրտին մէջ կը կրէր Քրաքովիայի սուրբերու վկայութիւնները. Սուրբ Ստանիսլաւը, Սրբուհի Էտվիճ Ռեժինան, Սուրբ Ալպերթոն ինչպէս նաեւ Սրբուհի Ֆաուսթինան»։ Սուրբ ՅՊԲ Պապը յիշեալ այս սուրբերէն սորվեցաւ Քրիստոսի նկատմամբ անսահման նուիրումը եւ իւրաքանչիւր մարդու հանդէպ յոյժ զգայնութիւնը» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ եւ աւելցուց «Սուրբ ՅՊԲ Աստուծմէ ստացաւ, աւետարանի լոյին տակ, ժամանակներուն նշանները կարդալու մեծ պարգեւը եւ զայն բերրի դարձուց ՝ի նպաստ իր ժողովուրդին ուղեւորութեան, որոնք իրենց զանազան ցաւալի իրադարձութիւններուն մէջ, երբեք իրենց յոյսը չկորսնցուցին Աստուծոյ նկատմամբ, ոչ իսկ իրենց հաւատարմութիւնը ՝ քրիստոնեայ հոգիին մէջ արմատացած իրենց մշակոյթին հանդէպ:
Հաւատարիմ այս արմատներուն Սուրբ ՅՊԲ փորձեց այնպէս մը ընել, որ եկեղեցին կանգնի որպէս՝ մարդու, ընտանիքի, ժողովուրդներու անքակտելի իրաւունքներու պահապան, դառնալու համար մարդկային ընտանիքին խաղաղութեան, արդարութեան եւ համապարփակ խթանման նշան: Միաժամանակ ան միշտ ընդգծեց շնորհքի առաջնահերթութիւնը, Աստուծոյ կամքի հնազանդութիւնը՝ մարդկային որեւէ հաշիւներէ առաջ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքին աւարտին նկատել տուաւ, որ Սուրբ ՅՊԲ-ի աւանդած հարուստ ժառանգութիւնը , բոլորին համար, յատուկէն լեհ ազգին համար, մարտահրաւէր կը նկատուի Քրիստոսի հաւատարիմ մնալու, մարտահրաւէր՝ նուիրուածութեամբ պատասխանելու Տիրոջ իւրաքանչիւրիս ուղղած Սրբութեան կոչին՝ անհատական, ընտանեկան եւ ընկերային կացութիւններէն ներս:
«Սուրբ ՅՊԲ, երբեք չի դադրիր իր շատ սիրած եկեղեցւոյ եւ Քրաքովիայի վրայ հսկելէ : Ան երկինքէն կ՝ընկերանայ ընտանիքներուն, երիտասարդներուն, տարեցներուն, քահանաներուն եւ բոլոր կղերականներուն ինչպէս նաեւ շատ տառապողներուն» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հայցելով Սուրբ ՅՊԲ-ի բարեխօսութիւնը ու շնորհակալութիւն յայտնելով լեհ հաւատացեալներուն, անոնց ու համայն Քրաքիովիայի հասարակութեան շնորհեց իր առաքելական օրնհութիւնները, հրաւիրելով միաանաբար աղօթել, Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2018, 09:59