Որոնել

Լատին Ամերիկայի Երիտասարդաց Հովուական խնամակալութիւն Լատին Ամերիկայի Երիտասարդաց Հովուական խնամակալութիւն 

Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան կղզիներու երիտասարդներուն պատգամը Ֆրանչիսկոս Պապին։

«Գիտակից ենք թէ միայնակ չենք, այլ Քրիստոսի հետ ենք» կը հաստատեն երիտասարդները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան կղզիներու երիտասարդները լսատեսողական պատգամ մը յղած են Ֆրանչիսկոս Պապին որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնած են Անոր՝ քաջութեան ու հեզութեան համար, որով յառաջ կը տանի Պետրոսեան առաքելութիւնը, Անոր ապահովեցնելով նաեւ իրենց միութիւնը՝ անոր սրտին, մտածումներուն, ինչպէս նաեւ ցաւերուն ու մտահոգութիւններուն։

Երիտասարդները լսատեսողական պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետին կը վստահեցնեն թէ իրենք յառաջ կը տանին 2013-ի երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքին առթիւ Քահանայապետին անոնց տուած առաքելութիւնը՝ այն է Քրիստոսը տանիլ ամենուրէք, առանց վախի։

«Զայն կը տանինք ամենուրէք որովհետեւ գիտակից ենք թէ միայնակ չենք, այլ Քրիստոսի հետ ենք» կը հաստատեն երիտասարդները, գիտակից ըլլալով որ իրենց այս առաքելութեան նպատակը՝   նոր աշխարհ մը կառուցել է, ուր կիսել Քրիստոսի հետ հանդիպումին պարգեւը, որ փոխակերպեց անոնց կեանքը։

«Յանուն Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան կղզիներու երիտասարդներուն, յանձնառու ենք ըլլալու միսիոնարներ՝  նշան յոյսի, ու յանձնառու ենք քաջութեամբ ստանձնել այդ առաքելութիւնը, ըլլալու համար խաղաղութեան ու միութեան նշան մեր ընտանիքներուն ու մեր ընկերութիւններու ներքոյ։ Կենդանի վկաները՝ սիրոյ պատուիրանին, Աւետարանը հռչակելով առանց վախի, զօրացած աղօթքով ու սուրբ խորհուրդներով» հաստատեցին Երիտասարդները Քահանայապետին ուղղած պատգամին մէջ որուն աւարտին Նորին Սրութեան վստահեցուցին իրենց մօտիկութիւնը։

«Դուն մինակ չես, մենք Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան կղզիներու երիտասարդներս քու հետդ կը քալենք, ու Կուատալուփի Սուրբ Կոյսէն կը խնդրենք որ Քեզի ընկերանայ Փանամայի Երիտասարդներու Համաշխարհային հաւաքին առթիւ կատարելիք  առաքելական ճամբորդութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2018, 14:32