Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Պենետիկտեան Քոյրերու միաբանութեան անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Պենետիկտեան Քոյրերու միաբանութեան անդամներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Պենետիկտեան Քոյրերու միաբանութեան անդամներուն։

Ձեր աղօթքը, ձեր աշխատանքը, ձեր հիւրընկալութիւնն ու ձեր առատաձեռնութիւնը կը նպաստեն տարբերութիւններու միջեւ հաղորդութեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 8 սեպտեմբեր 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ընդունեց Պենետիկտեան Քոյրերու միջազգային միութեան կազմակերպած ուսումնաժողովի մասնակիցները որոնք աշխարհի զանազան վայրերէն  Հռոմ ժամանած են միասնաբար ապրելու աղօթքի պահեր ու խորհրդածելու այն միջոցներու ու ձեւերու մասին որով Սուրբ Պենետիկտոսի  հոգին կը գործէ՝  հազարհինգհարիւր տարիներէ ի վեր։ 

Ուսումնաժողովին նիւթը քաղուած է Սուրբ Պենետիկտոսի Կանոնէն «Ամէնքը թող ընկալուին Քրիստոսի նման», որ Քահանայապետի խօսքին համաձայն «Պենետիկտեան միաբանութեան մէջ դրոշմեց հիւրընկալութեան կոչումը, հիմնուելով Տիրոջ խօսքերուն վրայ «պանդուխտ էի եւ ընդունեցաք զիս»։

Ունկնդրէ լուրը

Ներկաներուն արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տուաւ թէ ժամանակակից աշխարհի մէջ կան բազմաթիւ մարդիկ որոնք կը փնտռեն քնքշութիւնը, կարեկցութիւնը, ողորմածութիւնն ու Քրիստոսին հիւրընկալութիւնը. «Դուք անոնց կը նուիրէք ձեր վկայութեան թանկագին պարգեւը, երբ ձեր կարգին կը դառնաք Աստուծոյ քնքշութեան գործիք», յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով Պենետիկտեան վանքերուն եւ կեդրոններուն որոնք դարերէ ի վեր ճանչցուած են որպէս հիւրընկալութեան եւ աղօթքի վայրեր, անկախ հիւրին՝ ցեղային, մշակութային կամ կրօնական պատկանելիութենէն։

«Աղօթէ եւ Գործէ» բնաբանը ձեր կեանքին որպէս կեդրոն կը դնէ աղօթքը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դնելով Սուրբ պատարագի, ժամասացութեան արարողութիւններուն եւ աղօթքի կարեւորութեան վրայ, որ սիրտը կը կազմէ միաբանութեան կեանքի առօրեային եւ կը հարստացնէ Եկեղեցին։

«Աստուած արդարեւ միշտ մտիկ կ՛ընէ հեզ ու խոնարհ սրտերու աղօթքներուն» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ ներկաներուն անոնց բնութեան ու երկրին հարստութեան տարած յատուկ հոգատարութեան համար, տրուած ըլլալով որ Պենետիկտեան միաբանութեան վանքերը ընդհանրապէս կը գտնուին գեղեցկութեամբ շրջապատուած վայրերու մէջ, ուր մարդիկ կը գտնեն ամփոփում ու լրութիւն եւ կարելիութիւնն ունին աղօթելու ու խոկալու Աստուծոյ մեզի պարգեւած սքանչելիքներու մասին։

Սրբազան Քահանայապետը ապա քաջալերեց ներկաները յարատեւելու իրենց մատուցած ծառայական առաքելութեան մէջ ու յատկապէս իրենց հասարակական կեանքի վկայութեան մէջ որ հիմնուած է սիրոյ եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ։

«Ամէնքս Աստուծոյ զաւակներ ենք ու ձեր աղօթքը, ձեր աշխատանքը, ձեր հիւրընկալութիւնն ու ձեր առատաձեռնութիւնը կը նպաստեն տարբերութիւններու միջեւ հաղորդութեան մը բացայայտումին որ մեր աշխարհին համար կ՛արտայայտէ Աստուծոյ յոյսը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ճառին աւարտին դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով Պենետիկտեան միաբանութեան քոյրերուն՝ անոնց Եկեղեցւոյ կեանքին նուիրած թանկագին նուէրին համար, հուսկ անոնց վստահեցուց իր աղօթքները խնդրելով որ իրենց կարգին աղօթեն իրեն համար, ապա բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2018, 11:30