Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին զրոյցը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ։

Պալթեան երկիրներ չորս օր տեւող առաքելական ճամբորդութիւնը յատկանշական եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պալթեան երկիներ Լիթուա, Լաթուիա եւ Էսթոնիա 22-25 սեպտեմբեր 2018-ին կատարած առաքելական ճամբորդութիւնէն վերադարձի թռիչքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սովորութեան համաձայն զրոյց ունեցաւ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ, պատասխանելով անոնց ուղղած հարցումներուն եւ անդրադառնալով ճամբորդութեան ընթացքին շօշափուած նիւթերու մասին՝ ինչպէս ինքնութեան կարեւորութիւնը, սպառազինութեան դատապարտումը, կղերականներու  կողմէ գործադրուած մանակպղծութիւնը, որոնք Սրբազան Հայրը որակեց հրէշային, ապա՝ անցեալ 22 սեպտեմբերին Վատիկանի եւ Չինաստանի միջեւ ստորագրուած ժամանակաւոր պայմանագիրը։ 

Պալթեան երկիրներ չորս օր տեւող առաքելական ճամբորդութիւնը յատկանշական եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին համար ուր Ան անդրադառնալով այդ երկիրներու անցեալի տառապալից շրջանին անոնց մաղթեց յոյսի ապագայ մը եւ իսկական հաշտութեան գործընթաց մը։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Քահանայապետին շօշափած ամենակարեւոր նիւթերէն մին եղաւ «ինքնութեան պահպանումը»։ Ինքնութիւնը որ յաճախ ոտնակոխուած է  դաժան արշաւողներու կողմէ ու պահպանուած այն անձերու կողմէ որոնք անցեալի մէջ եղան վահաններ՝ բռնատիրութեան դիմաց, մինչ այսօր ան կը պահպանումի տարեցներու կողմէ որոնք պարտականութիւնն ունին զայն փոխանցելու երիտասարդներուն իր ամբողջութեամբ՝ մշակոյթ, հաւատք եւ արուեստ։ 

Խօսելով ապա բռնատիրութեան թանգարանին տուած այցելութեան մասին  Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ դատապարտեց բռնութիւնները ինչպէս նաեւ օրինաւոր եւ անօրէն զէնքի վաճառքը։ 

«Օրինական եւ պատուաւոր է պաշտպանել հայրենիքը, Պետութիւն մը սակայն պէտք է օժտուի պաշտպանութեան  ողջամիտ եւ ոչ նախայարձակ բանակով մը» ըսաւ Սրբազան Պապը ու դարձեալ շեշտը դրաւ «գաղթականութեան» հարցին վրայ ու այդ երեւոյթի դիմաց կառավարութիւններու «խոհեմութեան» սկզբունքին վրայ, դիտել տալով թէ Պալթեան երկիրներուն մէջ գաղթականութիւնը երկկողմանի է՝ ըլլայ դէպի ներս, ըլլայ դէպի դուրս, ու այս ծիրէն ներս ընդգծեց թէ այդ երկիներու Նախագահներուն հետ զրոյցներու ընթացքին անոնք ճանչցան ու շեշտեցին «հիւրընկալութեան» արժէքը։ 

Հարցումներու շարքին էր ինչպէս նշեցինք Չինաստանի հետ ստորագրուած Վատիկանի ժամանակաւոր պայմանագիրը, որուն մասին արտայայտուելով Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ ինք անձամբ ստորագրած է պայմանագիրը ու թէ անոր պատասխանատուն ինքն է, ապա խնդրեց աղօթել Չինաստանի կաթողիկէներուն համար ու յատկապէս անոնց համար որոնք տարիներ ամբողջ ստիպուցան իրենց հաւատքը  ապրիլ «թաքուն» կերպով եւ որ այսօր կը կարծեն թէ Սուրբ Աթոռը «աժան գինով» վաճառեց Փեքինի Եկեղեցին։ 

«Ամէն մէկ խաղաղութեան պայմանագիրի մէջ երկու կողմերը կորսնցնելիք բաներ ունին» ըսաւ Քահանայապետը ու դիտել տուաւ որ պայմանագիրը կը նախատեսէ որ ասկէ ետք չինացի եպիսկոպոսները անուանումին քահանայապետի կողմէ, մինչ անցեալին՝ Չինաստանը չէր ընդունիր այդ մէկը եւ Քահանայապետի կողմէ նշանակուած եպիսկոպոսները անվաւեր կը նկատուէին կառավարութեան կողմէ ու կ՛ենթարկուէին հալածանքի ու բռնութիւններու, ստիպուած ըլլալով ապրիլ «թաքուն» կեանք մը։  

Նորին Սրբութիւնը այս առումով գնահատեց նաեւ Վատիկանի դիւանագէտներու աշխատանքը որ յատկանշուեցաւ «համբերութեամբ» եւ «իմաստութեամբ», սկսեալ Պետքարտուղար՝ Կարդինալ Փարոլինէն, ինչպէս նաեւ գերապայծառ Մարիօ Չելլին եւ Հայր Ռոթա Կրացիոզին։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ուզեց մեծարել Չինացի կաթողիկէներու տառապանքի ենթարկուած  «մեծ հաւատքը», մատնանշելով թէ ամէն մէկ համաձայնութեան մէջ կայ նաեւ «տառապանք», ու ակնարկեց վերջին ժամանակներուն նախկին առաքելական նուիրակի մը իր դէմ հրապարակած հաղորդագրութեան ու այդ հաղորդագրութեան բերումով աշխարհի եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու Քահանայապետին արտայայտած զօրակցութեան, «որոնց շարքին, ըսաւ Սրբազան Պապը, կային նաեւ Չինացի եպիսկոպոսներ ու հաւատացեալներ, ըլլայ «աւանդական կաթողիկէ եկեղեցիէն» եւ ըլլայ կառավարական եկեղեցիէն»։ Անոնք միասնաբար ստորագրեցին այդ զօրակցական ուղերձը ու այս մէկը ինծի համար եղաւ «նշանը», ըսաւ Սրբազան Պապը ապա պատասխանեց մանկամոլութեան դէմ ուղղուած հարցումին, հաստատելով թէ  «հրէշային արարք է այդ մէկը ու աւելի հրէշային կը դառնայ երբ գործուած ըլլայ կղերականի մը կողմէ» որուն պարտապանութիւնն է մանուկները առաջնորդել Աստուծոյ։ «Այս հարցին շուրջ բանակցութիւններ չկան» ըսաւ Սրբազան Պապը ու խոստովանեցաւ թէ ինք ոչ մէկ «ներումի» խնդրանք ընդունած ու ստորագրած է ի տես Հաւատոյ Ժողովի կողմէ այս նիւթին շուրջ առաջադրած դատապարտումներուն։ 

Նորին Սրբութիւնը ապա դիտել տուաւ թէ պէտք չէ իյնալ այն սխալին մէջ՝ անցեալի իրականութիւնները մեկնաբանելու այսօրուայ մեկնողական դատումով, օրինակ բերելով Փենսիլվանայի դէպքերը ուր՝ ըսաւ Ան, ժամանակին այդ ոճիրները կը ծածկուէին մինչ այն պահէն երբ եկեղեցին սկսաւ աւելի գիտակից դառնալ իրականութեան, ամէն ջանք դափեց պայքարելու համար այդ ոճիրին դէմ։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2018, 08:00