Որոնել

Ինտոնեզիոյ մէջ ուժգին երկրաշարժ Ինտոնեզիոյ մէջ ուժգին երկրաշարժ 

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աղօթէ Ինտոնեզիոյ մէջ երկրաշարժի զոհերուն համար

Վատիկանի Պետական քարտուղարը ֆրանչիսկոս Պապին ցաւն ու տխրութիւնը յայտնեց Ինտոնեզիան հարուածող ուժգին երկրաշարժին ի լուր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 5 օգոստոս 2018-ին, 7,0 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Ինտոնեզեան, պատճառ դառնալով հարիւրաւոր մեռաեալներու ու վիրաւորներու, աւերակի վերածելով հազարաւոր բնակարաններ ու զբօսաշրջութեան վայրեր:

Վերջին տուեալներուն համաձայն առ այժմէ արձանագրուած են աւելի քան 140 զոհեր:

Ինտոնեզիոյ մէջ պատահած երկրաշարժի տխուր լուրին առիթով, երկուշաբթի, օգոստոս 6-ին, Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլին, յանուն ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Ինտոնեզիոյ եկեղեցական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն, որուն մէջ Սրբազան Հօր տխրութիւնը ու ցաւն յայտնեց Լոմբոք կղզին հարուածող երկրաշարժի պատճառած մարդկային կորուստներուն ի լուր:

Ծիրանաւորը հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի մօտիկութիւնը յայտնելով կը գրէ, թէ Սրբազան Հայրը բոլորին համար իր աղօթքը կ՝ապահովէ, յատուկէն զոհերուն հոգիներուն հանգստեան համար,  Ան  շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն , ապա սփոխանք  բոլոր անոնց որոնք կը ողբան իրենց սիրելիներուն մահուան լուրը :

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ հայցելով Աստուծմէ մխիթարութիւն ու կարողութիւն Ինտոնեզիոյ բնակչութեան համար, Ան Աստուածային օրհնութիւնները կը շնորհէ բոլորին: Գրած է Վատիկանի Պետական քարտուղարը ցաւակցական հեռագիրին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2018, 16:14