Որոնել

Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը Քերալայի բնակչութեան։

Մօտիկ եմ Քերալայի եկեղեցւոյ որ առաջին գիծի վրայ է օգնութիւն մատուցելու բնակչութեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 19 օգոստոս 2018-ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալները, յատուկէն յիշեց Հնդկաստանի Քերալա քաղաքին բնակիչները, որոնք այս վերջին օրերուն թիրախ են, ըսաւ Քահանայապետը, տեղատարափ անձրեւին, որ պատճառեց նաեւ մարդկային զոհեր, տեղահաններ ու մեծ վնասներ։

«Այս մեր  եղբայրներուն թող չի պակսի մեր զօրակցութիւնը ու միջազգային հասարակութեան աջակցութիւնը։ Մօտիկ եմ Քերալայի եկեղեցւոյ որ առաջին գիծի վրայ է օգնութիւն մատուցելու բնակչութեան։ Միասին աղօթենք անոնց համար որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին ու բոլոր անոնց համար որոնք կը տառապին այս բնական աղէտին պատճառաւ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաւատացեալները հրաւիրեց միասին արտասանելու «Ողջոյն քեզ մարիամ» աղօթքը, որմէ ետք ողջունեց հրապարակը գտնուող ու զանազան վայրերէն ժամանած ուխտաւորները, հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2018, 12:37