Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Պօղոս Զ Քահանայապետը ու հրաւիրեց ձգտիլ յաւիտենական կեանքի Հացին։

Աստուծոյ գործերը կատարելը չի կայանար գործեր կատարելու մէջ այլ հաւատալու Անոր որ Ան ուղարկեց

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Քառասուն տարիներ առաջ Երանելի Պօղոս Զ Պապը կ՛ապրէր այս աշխարհի վրայ  իր կեանքի վերջին ժամերը։ Արդարեւ Ան մահացաւ 6 օգոստոս 1978-ի գիշերը։ Զայն կը յիշենք մեծ պատկառանքով եւ երախտագիտութեամբ, յառաջիկայ 14 հոկտեմբերին անոր սրբադասումի սպասումով։Թող որ Ան երկինքէն բարեխօսէ Եկեղեցւոյ համար որ այնքան սիրեց ու նաեւ աշխարհի խաղաղութեան համար։ Այս արդիականութեան մեծ քահանայապետը ողջունենք մեծ ծափահարութեամբ»։ Ասոնք եղան  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին արտասանած խօսքերը, Կիրակի 5 օգոստոս 2018-ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, յիշելու համար երջանկայիշատակ Երանելի Պօղոս Զ Պապը։

Աղօթքէն առաջ, աւանդութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Պապ ներկայացուց նաեւ խորհրդածութիւն մը, մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը քաղուած Յովհաննէս Աւետարանիչէն (Գլ 6, 24-35)։

Այսօրուայ Աւետարանին մէջ ամբոխը՝ որ յագեցած էր Յիսուսին պարգեւած կերակուրէն, կը փնտռէ Զինք։ Յիսուս սակայն չի գոհանար որ մարդիկը փնտռեն զայն այլ կ՛ուզէ որ մարդիկը ճանչնան զինք։ Յիսուս եկաւ մեզի պարգեւելու համար կերակուրէն աւելի մեծ բան մը։ Կ՛ուզէ որ մարդիկ ճանչնան հրաշքին իմաստը եւ ոչ թէ գոհանան այդ հրաշքի իրականացումով։

Արդարեւ հացի եւ ձուկերու բազմացումը նշան է այդ մեծ պարգեւին որ Հայրը շնորհեց մարդկութեան, որ է նոյնինքն Յիսուս։ Ան կեանքի իսկական հացն է եւ կ՛ուզէ յագեցնել ոչ միայն մարմինը այլեւ հոգին եւ ասոր համար մարդիկը կը հրաւիրէ չի մտահոգուելու միայն ժամանակաւոր կերակուրով այլ յաւիտենական հացով. Այդ առօրեայ կերակուրը որ Յիսուս մեզի կը պարգեւէ ամէն օր՝ Իր Խօսքը, Իր մարմինն ու արիւնը։

Երբ ամբոխը Յիսուսին հարց կու տայ թէ ի՞նչ ընելու են Աստուծոյ գործերը կատարելու համար Յիսուս կը պատասխանէ. հաւատացէք Անոր որ Ան ուղարկեց։ Այս խօսքերը ուղղուած են նաեւ մեզի։ Աստուծոյ գործերը կատարելը չի կայանար գործեր կատարելու մէջ այլ հաւատալու Անոր որ Ան ուղարկեց։ Երբ մենք թոյլ տանք ներգրաւուիլ Յիսուսի սիրոյ ու վստահութեան կապի մէջ կարող պիտի ըլլանք Աւետարանի բոյրով բարի գործեր կատարել ի նպաստ մեր եղբայրներու բարիքին ու անոնց պահանջներուն։

Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը, որուն այսօր կը յիշատակենք Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքային տօնը, թիկունք կանգնի մեզի՝ մեր այս հաւատքի ուղեւորութեան մէջ ու մեզ օգնէ մենք մեզ ուրախութեամբ յանձնելու Աստուծոյ մեր կեանքին վերապահած ծրագիրն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2018, 13:00