Որոնել

Եզրափակիչ Սուրբ Պատարագ Եզրափակիչ Սուրբ Պատարագ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Ընտանիքներու Հաւաքի եզրափակիչ պատարագին։

«Տէր, ու՞ր երթանք, Դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիսʼ(Յովհ Զ. 68)»

Հայր Ներսէս վրդ. Սագայեան

Օգոստոսի 26ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տապլին կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ընտանիքներու Միջազգային Հաւաքի եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը մատուցանեց Տապլինի «Ֆէնիքս Փարք» հանրային պարտէզին մէջ եւ այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Ան անդրադարձաւ օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն՝ քաղուած Պօղոս Առաքեալի Եփեսացիներու ուղղած նամակէն եւ Յովհաննէսի Աւետարանէն։

Սրբազան Հայրը մատնանշելով ընտանիքներու հանդիպումին՝ իբր «հաղորդութեան թանկագին պահ», նկատեց թէ Սուրբ Պատարագի խորհրդակատարումով իբր ընտանիք հաւաքուած են Տիրոջ սեղանին շուրջ։ Սրբազան Պապը ըսաւ՝ «Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Տիրոջ, այն օրհնութիւններուն համար որոնք ստացած ենք։ Ճիգ թափենք ամբողջապէս ապրելու մեր կոչումը՝ ըլլալու «Սէրը՝ Եկեղեցւոյ սրտին մէջ», ինչպէս կʼըսէր Սրբուհի Թերեզա Մանկան Յիսուսի։» Ան յորդորեց պահ մը կանգ առնել եւ նկատի առնել մեր ստացած բոլոր բարիքներուն աղբիւրը։

Ունկնդրէ լուրը

Օրուան Սուրբ Աւետարանի ընթերցումին մէջ կը կարդանք թէ Յիսուս իր աշակերտներուն կը յայտնէ այդ օրհնութիւններուն աղբիւրը, երբ կը խօսի իր մարմնի եւ արեան մասին (Յովհ Զ. 60-69)։ Աշակերտներէն շատեր շփոթած եւ բարկացած էին անոր «խիստ խօսքերուն» վրայ, որոնք հակոտնեայ էին այս աշխարհի իմաստութեան։ Յիսուս կը պատասխանէ՝ «Այն խօսքերը որոնք ձեզի ըսի՝ հոգի են եւ կեանք» (Յովհ Զ. 63)։ Յիսուսի այս խօսքերը «մատնանիշ կʼընեն գերագոյն աղբիւրը բոլոր բարիքներուն, որոնք փորձարկեցինք եւ տօնախմբեցինք այս օրերուն» Այդ աղբիւրը Սուրբ Հոգին է, «որ միշտ նոր կեանք կը փչէ աշխարհի վրայ, եւ սրտերուն, ընտանիքներուն, բնակարաններուն եւ ժողովրդապետութիւններուն մէջ։

Իւրաքանչիւր նոր օրը մեր ընտանեկան կեանքէն ներս, իւրաքանչիւր նոր սերունդ, իր մէջ կը կրէ նոր Պենտեկոստէի մը, առտնին Պենտեկոստէի մը խոստումը, Սուրբ Հոգիին՝ Մխիթարիչին նոր հեղում մը, որ Յիսուս մեզի կʼուղարկէ իբր մեր Փաստաբանը, մեր Մխիթարիչը, Ան, որ մեզ իրապէս կը զօրացնէ։»

Սրբազան Հայրը նկատեց որ աշխարհ կարիքն ունի այդ քաջալերանքին՝ որ Աստուծոյ պարգեւն ու խոստումն է։ Ընտանիքները պէտք է դառնան իրենց տուները եւ ըլլան աղբիւր քաջալերանքի, բաժնեկցելով ուրիշներուն հետ Յիսուսի «յաւիտենական կեանքի խօսքերը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ օրուան Եփեսացիներուն ուղղուած նամակի ընթերցուածին (Եփես Ե. 21-32), ուր Պօղոս Առաքեալ կը խօսի ամուսնութեան մասին, զայն նկատելով մասնակցութիւն Քրիստոսի հաւատարմութեան որ ունի իր հարսին, եկեղեցւոյ հանդէպ։ Ան նկատեց, թէ սիրոյ մէջ մնալ եւ ապրիլ կը նշանակէ նմանիլ Քրիստոսի՝ զոհուելով, մեռնելով իր անձին համար՝ որպէսզի ծնունդ առնենք աւելի մեծ եւ մնայուն սիրոյ մը։ Միայն այն սէրը կրնայ աշխարհ ազատել մեղքի ստրկութենէն, եսակենդրոնութենէ, ագահութենէ եւ կարիքաւորներու հանդէպ անտարբերութենէ։

Սրբազան Հայրը աւելցուց սակայն, թէ «Այս Աւետիսին համար վկայութիւն տալը դիւրին չէ։ Մարտահրաւէրները որոնք քրիստոնեաները այսօր ունին իրենց առջեւ, ոչ սակաւ դժուար են քան անոնք որոնք իռլանտացի առաջին միսսիոնարները կը դիմագրաւէին։ Սակայն անոնց առօրեայ վկայութիւնը եւ հաւատարմութիւնը Քրիստոսի հանդէպ եւ իրարու միջեւ, գրաւեց սրտերը, որոնք ջերմօրէն կը ցանկային շնորհքի խօսքի մը, եւ նպաստեց ծնունդ տալու եւրոպական մշակոյթին։»

Նորին Սրբութիւնը յորդորեց, որ խոնարհաբար ճանչնանք թէ մենք ալ կրնանք Յիսուսի ուսուցումը խիստ գտնել, դժուար նկատելով ներելը, ընդունիլ օտարը, կրել յուսախաբութիւն, մերժում եւ դաւաճանութիւն։ Ան յարեց՝ թէ ո՜րքան դժուար կը թուի պաշտպանել ամենէն դիւրաբեկ անձերուն իրաւունքները, տակաւին աշխարհի լոյսը չտեսած մանուկներու եւ ծերերու իրաւունքները, որոնք կը թուին խանգարել մեր ազատութիւնը։ Այսպիսի պարագաներու Տէրը հարց կու տայ մեզի՝ «Դու՞ք ալ կʼուզէք հեռանալ» (Յովհ Զ. 67)։ Սրբազան Հայրը յորդորեց, որ քաջալերուած Սուրբ Հոգիէն, պատասխանենք՝ «մենք հաւատացինք եւ ճանչցանք, թէ դուն ես Աստուծոյ Սուրբը» (Յովհ Զ. 69)։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը, նկատեց, թէ Մկրտութեան եւ Դրոշմի Սուրբ Խորհուրդներով, իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ կոչուած է ըլլալու առաքեալ։ Եկեղեցին իր ամբողջութեամբ կոչուած է ընթանալ դէպի աշխարհի ծայրամասերը՝ տանելու անոնց յաւիտենական կեանքի խօսքերը։ Ան յորդորեց՝ «Նորոգենք մեր հաւատարմութիւնը Տիրոջ հանդէպ եւ այն կոչումին հանդէպ որուն կոչուած է մեզմէ իւրաքանչիւրը։ Իւրացնենք Սուրբ Պատրիկի աղօթքը՝ «Քրիստոս իմ մէջս, Քրիստոս իմ ետիս, Քրիստոս իմ կողքս, Քրիստոս իմ ներքեւ, Քրիստոս իմ վերեւ»։

Ա՛յն ուրախութեամբ եւ զօրութեամբ որ ընդունեցանք Սուրբ Հոգիէն, վստահութեամբ ըսենք Քրիստոսի՝ «Տէր, ու՞ր երթանք, Դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիսʼ(Յովհ Զ. 68)»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2018, 17:17