Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Տուպլին։ Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Տուպլին։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Տուպլին եւ այցելութիւն տուաւ երկրին Նախագահին

Նորին Սրբութեան, սոյն 24րդ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին նախատեսուած են 6 պաշտօնական ճառեր

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 25 օգոստոս 2018-ի առաւօտեան, Տուպլինի տեղական ժամով 10.30-ին (Հռոմի ժամանակով 11.30) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ժամանեց Տուպլինի միջազգային օդակայան, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական դիմաւորում որմէ ետք Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը  ուղղուեցան  Տուպլինի նախագահական Պալատ՝ «փրոթոքոլային» այցելութիւն տալու Երկրին նախագահ Տիար Միքայէլ Հիկկինսին։ 

Նշենք թէ Նորին Սրբութիւնը նախագահական Պալատի ոսկեմատեանին մէջ արձանագրեց հետեւեալ գրութիւնը. «Երախտապարտ ըլլալով ընկալած ջերմ ընդունելութեան համար, ձեզի ու բոլոր Իրլանտայի ժողովուրդին կը հաւաստիացնեմ իմ աղօթքս, թող որ Ամենակալ Աստուած ձեզ առաջնորդէ ու պահպանէ բոլորդ» 

Նախագահական պալատին տուած պաշտօնական այցելութենէն ետք Նորին Սրբութիւնը կը փոխադրուի Տուպլինի Դղեակ  ուր հանդիպում կ՛ունենայ Երկրին քաղաքական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններու պատուիրակութիւններուն հետ ինչպէս նաեւ Իրալնատյի մէջ ծառայող դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը որ կը հանդիսանայ առաքելական ճամբորդութեան առաջինը, տրուած ըլլալով որ Նորին Սրբութեան, սոյն 24րդ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին նախատեսուած են 6 պաշտօնական ճառեր, քարոզ ու յորդորներ։ Բացի Տուպլինի Դղեակին մէջ արտասանած ճառին  Ֆրանչիսկոս Պապ այլ ճառ մը պիտի արտասանէ Սէնդ Մէրի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած նորապսակ զոյգերուն հուսկ երեկոյեան՝ Տուպլինի «Croke Park» անուամբ մարզադաշտին մէջ իր յորդորը պիտի ուղղէ այնտեղ համախմբուած ընտանիքներուն։  Քահանայապետին միւս երեք ելոյթները տեղի կ՛ունենան կիրակի 26 օգոստոսին՝ առաւօտեան Հրեշտակ Տեառն  Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը, ապա յետմիջօրէին Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզը որուն կը յաջորդէ եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպում ու Նորին Սրբութեան անոնց ուղղած պատգամը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2018, 11:30