Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը  Իրլանտայի եպիսկոպոսներուն հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապը Իրլանտայի եպիսկոպոսներուն հետ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Իրլանտայի եպիսկոպոսներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց միշտ վառ պահել հաւատքի լոյսը որ ցոյց պիտի տայ քրիստոնէական կեանքի վերանորոգումի ուղին Իրլանտայի մէջ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տուպլին կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին, կիրակի 26 օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, նախ քան Հռոմ վերադառնալը, հանդիպում ունեցաւ Իրլանտայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամներուն հետ ու հանդիպման ընթացքին, Ընտանիքներու Համաշխարհային հաւաքի լոյսին տակ, անոնց ուղղեց իր պատգմը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով  հաստատեց թէ «բոլորս որպէս եպիսկոպոսներ գիտակից ենք մեզի յանձնուած պատասխանատուութեան՝ որպէս Աստուծոյ Հաւատացեալ Ժողովուրդին հայրեր, որոնք պարտականութիւնը ունին քաջալերելու, ներշնչելու, հաշտեցնելու ու միացնելու ապա պահպանելու բոլոր այն բարիքները՝ որոնք սերունդէ սերունդ փոխանցուեցան Իրլանտայի այդ մեծ ընտանիքի ներքոյ՝  որ է Եկեղեցին։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը քաջալերեց եպիսկոպոսները յարատեւելու Քրիստոսի հօտին Հովիւներու իրենց ջանքերուն մէջ ու յատկապէս աղքատներուն, բացառուածներուն ու կարիքաւորներուն նկատմամբ իրենց հոգատարութեան մէջ։ Ան ապա մատնանշեց Իրլանտայի Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած մանկապղծութեան հարցերուն եւ այդ ոճիրները ճանչնալու հարկաւորութեան, ու շեշտեց անոնց «Աւետարանական ազնուութեամբ» հատուցում գտնելու կարեւրութիւնը։

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ հաւատքի փոխանցումի առաքելութեան մասին դիտել տալով թէ Ընտանիքներու Համաշխարհային հաւաքը մեծ յոյս ու քաջալերանք  ներշնչեց այն իրողութեան դիմաց թէ ընտանիքները միշտ աւելիով գիտակից կը դառնան իրենց հաւատքը փոխանցելու անփոխարինելի դերի նկատմամբ, ու միեւնոյն ատեն կաթողիկէ դաստիարակչական հաստատութիւնները կը շարունակեն անհրաժեշտ դեր մը ունենալ հաւատքի մշակոյթի ստեղծման ուղղութեամբ։

Այս ծիրէն ներս Քահանայապետը կարեւորեց «կազմաւորումի» ծրագիրները որոնք «անհրաժեշտ են քրիստոնեայ հասարակութեան ապագային համար» ըսաւ Ան յորդորելով հոգ տանիլ նաեւ քահանաներուն, հուսկ մաղթեց որ եպիսկոպոսներուն առաքելութեան մէջ անոնց աջակից ըլլայ յոյսը որ հիմնուած է Քրիստոսի խօսքերու ճշմարտութեան վրայ ու Անոր խոստումներուն վստահութեան վրայ, «որովհետեւ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ամէն վայրի մէջ ու ամէն ժամանակներուն, այդ ճշմարտութիւնը մեզ պիտի ազատագրէ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ  յորդորեց ապա միշտ վառ պահել  հաւատքի լոյսը որ ցոյց պիտի տայ քրիստոնէական կեանքի վերանորոգումի ուղին Իրլանտայի մէջ։ Ան ապա կոչ ըրաւ միութեան եւ եղբայրութեան ու խրախուսեց զանոնք համագործակցելու քրիստոնեայ միւս եկեղեցիներու ղեկավարներուն հետ, ապա աղօթելու ու գործելու ի սպաս հաշտութեան եւ խաղաղութեան։

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց բոլորին ապահովեցնելով իր աղօթքները ու խնդրեց որ իրենց կարգին զինք յիշեն իրենց աղօթքներուն մէջ, ապա բոլոր ներկաներուն ու անոնց հովուական հոգատարութեան յանձնուած հաւատացեալներուն շնորհեց իր Առաքելական Օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2018, 19:00