Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Քլեմենթինա դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Քլեմենթինա դահլիճին մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ ըլլաս»ի հայող միջազգային գիտաժողովի մասնակիցներուն ուղղած ճառը։

Բոլոր կառավարութիւնները պատասխանատուութիւն ունին բնապահպանութեան ծիրէն ներս

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 6 յուլիս 2018-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց Վատիկանի մէջ տեղի ունեցող «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի մասին կազմակերպուած միջազգային գիտաժողովին մասնակիցները, շրջաբերականի հրապարակումի երրորդ տարեդարձին առիթով։

Ողջունելով ներկաները Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ որ «սրտով մտիկ կ՛ընեն» հողի եւ աղքատներու ճիչին եւ կը վկայեն «բնապահպանողական փոփոխութեան ու դարձի» անհրաժեշտութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա վերջին տասնեակներուն  գիտնական հասարակութեան կողմէ մշակուած  գնահատականներուն, որոնք ի յայտ կը դնեն  իսկական վտանգը ՝ «ապագայ սերունդներուն թողելու աւերներ, անապատ ու ապականութիւն», ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ  այսօր մարդկութիւնը ունի բոլոր միջոցները՝ պատասխանատուութեամբ աշխատելու Երկրի մշակումին ու անոր պահպանումի ծիրէն ներս, այս ուղղութեամբ ակնարկելով յառաջիկայ դեկտեմբեր ամսոյն Լեհաստանի Քաթովիցէ քաղաքի մէջ կլիմայի մասին կայանալիք «COP24» վեհաժողովին, զայն նկատելով անկիւնաքար՝ 2015-ին կլիմայի մասին Փարիզի մէջ ստորագրուած համաձայնութեան։

«Բոլոր կառավարութիւնները պէտք է յանձնառու ըլլան ի գործ դնելու համար այդ համաձայնագիրը, խուսափելու համար կլիմայական ճգնաժամի հետեւանքներէն» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ կարելի չէ ժամանակ կորսնցնել այս ուղղութեամբ ու այս կարեւոր քայլի պատասխանատուութեան մէջ ներառեց նաեւ տեղական իշխանութիւնները, քաղաքացիական կազմակերպութիւններ, տնտեսական եւ կրօնական հաստատութիւնները, որոնք պէտք է յառաջացնեն համապարփակ բնապահպանութեան մշակոյթ մը ու անոր գործադրութիւնը։

Սրբազան Հայրը ապա մէջբերեց 2017-ի սեպտեմբեր մէկին արարչութեան միջազգայինն օրուան առթիւ Բարթողոմէոս պատրիարքին հետ միասին հրապարակած պատգամէն հետեւեալ խօսքը «չի կարելի  իսկական ու տեւական լուծում մը՝ բնապահպանութեան ճգնաժամի ու կլիմայական փոփոխութիւններու մարտահրաւէրին,  առանց համադրուած ու հաւաքական պատասխանի մը, առանց բաժնեկցուած պատասխանատուութեան մը, որ ի վիճակի ըլլայ հաշիւ տալու կատարուած գործին համար,  եւ առանց որ առաջնութիւն չտրուի զօրակցութեան ու ծառայութեան»։

Քահանայապետը ընդգծեց ապա թէ ֆինանսական հաստատութիւնները եւս կարեւոր դեր մը ունին խաղալիք այս ծիրէն ներս, խթանելու համար նաեւ մարդկային համապարփակ զարգացումը ու յառաջացնելու աւելի ներառող ու կայուն զարգացում մը։

«Այս բոլորը կը պահանջեն սրտի ու խիղճերու դարձ մը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, այս ծիրէն ներս մատնանշելով որոշ ձեռնարկներու որոնք կարող են խթանել «կենսոլորտի պահպանումին» ի նպաստ մշակոյթ մը, ու այդ ձեռնարկներուն մէջ ներառեց Եկեղեցւոյ յառաջիկայ երկու սիւնհոդոսները  յատկացուած մէկը երիտասարդներուն եւ միւսը բնիկ ժողովուրդներուն ու յատկապէս Ամազոնեան տարածքին։

«Երիտասարդները կը պահանջեն փոփոխութիւն մը, որովհետեւ իրենց պիտի իյնայ դիմագրաւել  բնապահպանութեան ու կլիմայական փոփոխութիւններուն հայող ապագայի մարտահրաւէրները ու այս ծիրէն ներս հարկաւոր է միջսերնդային զօրակցութիւնը» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց ուշադրութիւն դարձնել նաեւ բնիկ ժողովուրդներուն, որոնք յաճախ թիրախ են չարաշահումներու ու ականատես իրենց մշակոյթներու ոտնակոխումին։

«Անոնց համար հողը տնտեսական հարստութիւն մը չէ, այլ Աստուծոյ պարգեւ մը, սրբազան տարածք մը՝ որուն հետ կարիքն ունին շփուելու, սնուցելու համար իրենց ինքնութիւնը ու իրենց արժէքները» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ  «Մենք շատ բան ունինք սորվելու անոնցմէ» որոնք «կենդանի յիշողութիւնն են Աստուծոյ մեզի բոլորիս յանձնած արգելութեան, այն է պաշտպանել մեր հասարակաց տունը», յարեց Սրբազան Քահանայապետը որ  իր  երկարաշունչ ճառի աւարտին  շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն իրենց կատարած աշխատանքին համար, ի ծառայութիւն ստեղծագործութեան խնամքին ու ապագայի սերունդներու լաւագոյն ապագային։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը  խօսքը աւարտեց հաստատելով թէ ի վերջոյ մեր յոյսին հիմքը կը գտնուի մեր Երկնային Հօր զօրութեան հանդէպ մեր  հաւատքին մէջ։ Ան երբեք մեզ չի լքեր ու միայնակ չի թողուր, որովհետեւ միացած է նաեւ մեր Երկրին, ու անոր սէրը մեզ կը մղէ որոնելու սիրոյ նոր ճանապարհներ։ Գոհութիւն ու գովաբանութիւն Անոր»։

Ձեզ կ՛օրհնեմ ու բարեհաճեցէք չի մռռնալ աղօթել ինծի համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2018, 10:56