Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ հաւատացեալ մամիկ մը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ հաւատացեալ մամիկ մը 

Ֆրանչիսկոս Պապի անակնկալ այցելութիւնը Հռոմէացի մամիկի մը

Սրբազան Հայրը անակնկալ այցելութիւն կատարեց Հռոմի «Ալլեսանտրիա» թաղամասը բնակող հիւանդ մամիկի մը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 28 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ անակնկալ այցելութիւն կատարեց Հռոմի «Ալեսսատնրիա» թաղամասին մէջ բնակող իրեն ծանօթ ծերուկ մամիկի մը, որ ծանր հիւանդութեան պատճառաւ անկարող էր իր բնակարանէն դուրս ելլել ու բազմաթիւ նամակներ գրած էր Վատիկան՝ խնդրելով հանդիպիլ ֆրանչիսկոս Պապին հետ:

Քահանայապետին անսպասուած այցելութիւնը անակնկալի մատնեց թաղամասին բնակիչները, որոնք տեսնելով Սրբազան Հօր «Ֆորտ» տիպի ինքնաշարժը որ կանգնած էր ծերուկ կնոջ բնակած շէնքին դիմաց՛, ապշահար եւ մեծ հաճոյքով հետեւացան նորին Սրբութեան այցելութեան որուն ընկերացած է էին ծպտուած մի քանի ոստիկաններ՝ հսկելու համար շէնքին մուտքը:

Նորին Սրբութեան այցելութիւնը տեւեց շուրջ 30 վայրկեան: Ան ողջունեց շէնքի մէջ բնակող կարգ մը բնակիչները շնորհելով անոնց իր անուշ ժպիտն ու գուրգուրանքը: Ան ապա պահ մը կանգ առնելով խաղաց փոքրիկ մանուկի մը հետ, մինչ՝ այլ ծերուկ հիւանդ մը իմանանալով Նորին Սրբութեան ժամանումի լուրը փութաց անոր մօտ ստանալու համար Սրբազան Հօր առաքելական օրհնութիւնը:

Յայտնենք թէ ֆրանիսկոս Պապին անակնկալ այեցլութիւնը մեծ ուրախութիւն պատճառեց Հռոմի «Ալեսսանտրիա» թաղամասին բնակչութեան: Ան լաւ կը ճանչնայ այդ շրջանը, որովհետեւ հոն կը գտնուի Արժանթինական «Սանթա Մարիա Ատոլորաթա» եկեղեցին, ուր ինք՝ երբ կարդինալ էր հանրակարգով յաճախ կ՝այցելէր այդ եկեղեցին:

Անակնկալ այցելութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնաշարժով վերադարձաւ Վատիկան, ողջունելով ճամբուն եկրկարութեան կանգ առնող հաւատացեալները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2018, 10:17