Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Քրիստոնէական կեանքի հասարակութիւններուն:

«Հոգ տանիլ այն պարգեւին, որ ստացած ենք, եւ նուիրել զայն ուրախութեամբ։»

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յունիս 9 թուակիր գրաւոր պատգամ մը ուղղած է Քրիստոնէական Կեանքի Հասարակութեան միջազգային գործադիր խորհուրդի նախագահ Մաուրիսիօ Լոփեզի, հասարակութեան հիմնադրութեան 50-ամեակին նուիրուած, Պուէնոս Այրէսի մէջ կազմակերպած մաջազգային համագումարին առիթով։ Համագումարը, որ պիտի աւարտի յուլիսի 31ին, կը շեշտէ հասարակութեան շնորհապարգեւի խորքը եւ պատասխանատուութիւնը՝ Քրիստոսի եւ եղբօր հանդէպ. անոր տիտղոսն է՝ «Հոգ տանիլ այն պարգեւին, որ ստացած ենք, եւ նուիրել զայն ուրախութեամբ։» Համագումարին կը մասնակցին 250 անձեր՝ 70 երկիրներէ։
Քրիստոնէական կեանքի Հասարակութիւնը աշխարհականներու շարժում մըն է, հետեւողութեամբ Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացիի հոգեկանութեան սկզբունքներուն։
Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը խրատէ՝ «աղօթել եւ խոկալ՝ մինչեւ որ Տէրը շնորհէ գերագոյն խորք մը՝ ապրելու համար ձեր շնորհապարգեւը, որպէսզի շարունակէք ըլլալ նուէր՝ պարգեւուած Եկեղեցւոյ եւ աշխարհին։»
Սրբազան Հայրը կը յորդորէ բոլորը՝ խոնարհ եւ շնորհակալու կեցուածք մը որդեգրել, հեռանալով անձնական «որակներէ եւ առաքինութիւններէ»։ Այս կեցուածքը կ'ենթադրէ կոչում եւ պատասխանատուութիւն, դուրս գալ իր անձէն եւ ընթանալ դէպի ուրիշները, զանոնք սնուցանելու համար միակ հացով որ կարող է յագեցնել մարդկային սիրտը՝ «Քրիստոսի սէրը։» «Ճանաչողականութեան կամ գնոստիկեան պատրանքը թող ձեր մէջ ապակողմնորոշում չյառաջացնէ», կը յորդորէ Սրբազան Պապը։ Ան կը յիշեցնէ, թէ Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացիի հոգեկանութիւնը, որ ներշնչման աղբիւր է Քրիստոնէական Կեանքի հասարակութեան համար, նկատի ունի անհատի մը կամքը՝ «ըլլալ ներանձնացեալ՝ գործունեայ վիճակի մէջ։ Ներանձնութիւն եւ գործ միացած տարածքներ են, որովհետեւ Աստուծոյ սրտէն ներս մուտք կը գործենք՝ միայն Քրիստոսի վէրքերու միջոցաւ եւ այդ ճամբով կʼիմանանք թէ Քրիստոս ներկայ է քաղցեալներու, անուսներու, լքուածներու, ծերերու, հիւանդներու, բանտարկեալներու եւ մարդկային բոլոր խոցելի մարմիններուն մէջ։»
Քրիստոնէական կեանքի այս ոճը, կը շարունակէ Ֆրանչիսկոս Պապ, կը կազմուի աշխուժ հոգեւոր կեանքով եւ աշխատանքով. այսինքն՝ թոյլ տալով, որ Յիսուսի սէրը կերպաւորէ մեզ, որպէսզի ունենանք նոյն զգացումները, մեր անձին շարունակաբար հարց տալով՝ թէ ի՞նչ կʼընեմ Քրիստոսի համար, ի՞նչ ըրած եմ Քրիստոսի համար, ի՞նչ պէտք է ընեմ Քրիստոսի համար։
Պատգամի աւարտին, Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն կը յայտնէ համագումարի ներկաներուն, անոնց նուիրումին եւ սիրոյն համար, որ կը տածեն Եկեղեցւոյ եւ եղբայրներուն հանդէպ, եւ կը քաջալերէ «որ շարունակեն ներկայ դարձնել Քրիստոսը տուեալ միջավայրին մէջ՝ իրենց բոլոր գործունէութիւններուն տալով առաքելական իմաստ մը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2018, 12:19