Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Պարիի Սուրբ Նիկողայոս Պազիլիքայի մուտքին Ֆրանչիսկոս Պապ Պարիի Սուրբ Նիկողայոս Պազիլիքայի մուտքին 

Պարիի մէջ Խաղաղութեան համամիութենական աղօթք Միջին Արեւելքի համար։

Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Միջին Արեւելքի կաթողիկէ եւ ուղղափառ Եկեղեցիներու Պատրիարքներ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 7 յուլիս 2018-ին  Պարի քաղաքը դարձաւ վայր խաղաղութեան ի նպաստ համամիութենական կարեւոր մէկ ձեռնարկի մը,  որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Միջին Արեւելքի կաթողիկէ եւ ուղղափառ Եկեղեցիներու Պատրիարքներ ու եպիսկոպոսները, ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապի հրաւէրին՝ միասին աղօթելու եւ խորհրդածելու համար Միջին Արեւելքի իրավիճակի մասին ու յատկապէս Ամենակալ Աստուծմէ հայցելու խաղաղութեան պարգեւը։

Հաւաքին, ի մէջ այլոց, իրենց մասնակցութիւնը բերին Արամ Ա վեհափառ հայրապետը եւ Գրիգոր Պետրոս Ի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը ինչպէս նաեւ՝ յանուն Գարեգին Բ ամենայն հայոց կաթողիկոսի՝ Հովակիմ Սրբազանը։

Ֆրանչիսկոս Պապ Պարի քաղաք ժամանեց առաւօտեան 8.15 անց ու  դիմաւորուեցաւ Պարիի Արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Ֆրանչեսքօ Քաքուչիի կողմէ, Փուլիա մարզի նահանգապետ Միքելէ Էմիլիանոյի, Պարիի ոստիկանապետ՝ Մարիլիզա Մանիոյի ու Քաղաքապետ Անթոնիօ Տեքարոյիի կողմէ ու անմիջապէս փոխադրուեցաւ Սան Նիքոլա Պազիլիքա ուր արդեն ժամանած էին  Պատրիարքներն ու անոնց ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Պազիլիքայի մուտքին Սրբազան Քահանայապետը մէկիկ մէկիկ ողջունեց հովուապետերը ապա բոլորը  միասին այցելեցին Պազիլիքայի գետնադամբանը  ուր մեծարեցին Սան Նիքոլայի մասունքները եւ ուր Ֆրանչիսկոս Պապ վարեց խաղաղութեան լապտերը։

Աղօթքի ու մեծարանքի խորհրդաւոր արարողութիւնէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ու Պատրիարքները  փոխադրուեցան Պարիի ծովեզերքը ուր տեղի ունեցաւ համամիութենական աղօթքի հանդիպումը։

Ֆրանչիսկոս Պապ Պարիի Ս Նիկողայոս Եկեղեցւոյ մէջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2018, 08:45