Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 29 յուլիսի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Մարդավաճառութեան դէմ համաշխարհային օր. Բոլորիս պատասխանատուութիւնն է դատապարտել ու հակազդել այդ ամօթալի ոճիրին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 29 յուլիս 2018-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին, աւանդութեան համաձայն ներկայացուց օրուան Աւետարանի մեկնաբանութիւնը։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, այսօրուայ Աւետարանը (Յովհ 6, 1-15) կը ներկայացնէ հացերու եւ ձուկերու բազմացումի հրաշքի դրուագը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ներկայացնելով Աւետարանական հատուածը ուր կը պատմուի այն ամբոխի մասին որ Տիբերական լիճի մօտ համախմբուած էր Յիսուսին շուրջ, ունկնդրելու համար Անոր Խօսքերը ու Յիսուս, անոնց պարգեւելէ ետք իր Խօսքերը մտահոգութիւն կը յայտնէ ինչպէս կերակրել զանոնք ու այս առընչութեամբ կը դիմէ աշակերտներուն որոնք Անոր կը բերեն միայն հինգ հաց եւ երկու ձուկ, եւ Յիսուս կը հրամայէ բազմեցնել մարդիկը ապա գոհութիւն կը մատուցէ Հօր ու կը հրամայէ կերակուրը բաժնել ներկաներուն, որոնք աւելի քան 5 հազար հոգի էին, եւ բոլորը կ՛ուտեն եւ կը կշտանան։

Աւետարանական այս հատուածը անգամ մը եւս մեզի ցոյց կու տայ Յիսուս մը որ կը գթայ մարդոց վրայ եւ ուշադիր է անոնց կարիքներուն։ Յիսուս չի բաւարարուեցաւ մարդոց պարգեւելու իր Խօսքը այլ հոգաց նաեւ անոնց մարմնական կարիքներուն։ Եւ մենք որ Անոր աշակերտներն ենք չենք կրնար մենք մեզ անտարբեր ձեւացնել մարդոց կարիքներուն դիմաց -ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը որ ապա հաստատեց «Յիսուս այսօր եւս կը շարունակէ յագեցնել անօթիները»  եւ աւելցուց «Աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ մեր բազմաթիւ եղբայրներու ճիչին դիմաց չենք կրնար ըլլալ անհոգ հանդիսատեսներ»։ Քրիստոսի հրաւէրը որ է յաւիտենական կեանքի հաց, կը պահանջէ աղքատներու, տկարներու ու հետիններու եւ անպաշտպաններու նկատմամբ զօրակցութեան վեհանձն յանձնառում, ըլլայ անհատական ըլլայ հասարակական գետնի վրայ»։

Սրբազան Քահանայապետը  խորհրդածութիւնը եզրափակեց համայն մարդկութիւնը հրաւիրելով հետեւելու Յիսուսին ու այնպէս ընելու որ աւելցած ուտելիքը չի մսխուի ապա աշխարհի կենսամիջոցները ծառայեն մարդուն ու անոր իսկական բարիքին ու զարգացումին, ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի անոր օգնութեամբ. աշխարհին մէջ գերակշռեն զարգացումի, սնունդի ու զօրակցութեան նուիրուած եւ ոչ թէ ատելութեան, սպառազինութեան ու պատերազմի նուիրուած ծրագիրներ։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ արտասանեց Մարեմեան աղօթքը ապա ողջունելով հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները յիշեց թէ վաղը կը նշուի մարդավաճառութեան դէմ համաշխարհային օրը, հաստատելով թէ բոլորին պատասխանատուութիւնն է դատապարտել անարդարութիւնները ու վճռակամութեամբ ընդդիմանալ այդ ամօթալի ոճիրին։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ ողջոյնի խօսք ուղղեց տարբեր վայրերէ ժամանած ուխտաւորներուն ու բոլորին մաղթելով բարի կիրակի հրաժեշտ առաւ անոնցմէ խնդրելով որ բարեհաճին չի մոռնալ աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2018, 12:13