Որոնել

Կարդինալ Միկել Օպանտօ Պրավօ Կարդինալ Միկել Օպանտօ Պրավօ 

Ոչ եւս է Կարդինալ Միկել Օպանտօ Պրավոն. Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնը։

Կարդինալ Պրավոյի մահուան ի լուր Ֆրանչիսկոս Պապ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց թեմին հաւատացեալներուն, Սալեզեան միաբանութեան ու ննջեցեալի հարազատներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 4 յունիս 2018-ի հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեամբ տեղացուեցաւ թէ  իր հոգին աւանդեց առ Հայր 92 ամեայ Սալեզեան միաբանութեան անդամ, Նիքարակուայի Մանակայի թեմին վաստակաւոր Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Միկել Օպանտօ Պրավոն։ Ան ծնած էր 2 փետրուար 1926-ին։ Քահանայ ձեռնադրուած 10 օգոստոս 1958-ին եւ 31 մարտ 1968-ին, Պօղոս Զ օրով, ընդունած է եպիսկոպոսական օծումը։ 16 փետրուար 1970-ին կը նշանակուի Մանակայի Արքեպիսկոպոս մինչեւ  հրաժարականը՝ 1 ապրիլ 2005-ին։ Կարդինալական տիտղոսը ստացած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի օրով՝ 25 մայիս 1985-ին։

Կարդինալ Պրավոյի մահուան ի լուր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հեռագիր մը յղեց Մանակա թեմին  տեղակալ արքեպիսկոպոսին որուն մէջ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց թեմին հաւատացեալներուն, Սալեզեան միաբանութեան ու ննջեցեալի հարազատներուն։

Ցաւակցագիրին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց Կարդինալ Պրավոյի վսեմ ու վեհանձն առաքելութեան ի նպաստ Եկեղեցւոյ եւ Աստուծոյ Ժողովուրդին, ապա Ամենակալ Աստուծմէ հայցեց որ Անոր հոգին ընդունի իր արքայութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2018, 14:37